
Հայաստանի կառավարութիւնը «Ունիկում Ինժիներինգ» ընկերութեան տրամադրեց «Ալեանս» ազատ տնտեսական գօտիի «Ռաօ Մարս» ընկերութեան տարածքին մէջ շահագործողի թոյլտուութիւն` ելեկտրոնական եւ ճշգրիտ ճարտարագիտութեան մարզին մէջ գործունէութիւն ծաւալելու համար:
Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ ընկերութիւնը կը նախատեսէ ազատ տնտեսական գօտիին մէջ կազմակերպել զինուորական նշանակութեան գիշերային տեսանելիութեան եւ ջերմատեսիլ սարքերու արտադրութիւն:
«Կը նախատեսուի, որ ծրագիրի երկրորդ տարին` 2017-ին, արտածման քանակը կազմէ մօտ 5 միլիոն տոլար, իսկ 5-րդ տարին` շուրջ 12 միլիոն տոլար: Ծրագիրի առաջին տարուան ընթացքին նախատեսուած է արտադրել եւ արտածել մինչեւ 1000 սարքեր, հետագային քանակը աւելցնելով մինչեւ 5500-ի: Արտածման հիմնական ուղղութիւնը պիտի հանդիսանայ Ռուսիան», ըսած է նախարարը:
Ծրագիրի ծիրին մէջ (5 տարի) իրականացուելիք ներդրումները պիտի կազմեն շուրջ 31 միլիոն տոլար, առաջին տարին պիտի ստեղծուի 10 նոր աշխատատեղ` 150 հազար դրամ միջին աշխատավարձով, իսկ հինգերորդ տարուան ընթացքին` աւելի քան 35 աշխատատեղ` 350 հազար դրամ միջին աշխատավարձով: Ընկերութիւնը պիտի ունենայ մօտ 60 քմ. գրասենեակային եւ մօտ 400 քմ. արտադրական տարածք:
«Սիտրոնիկս Արմէնիա» ընկերութիւնը համաձայնած է տրամադրել վերոնշեալ տարածքը` 5 տարի ժամկէտով եւ ապահովել համապատասխան ենթակառոյցով:


