
Հայաստան մուտք կը գործէ միջազգային «Քարլսըն Ռեզիտըր» ընկերութեան պատկանող «Ռետիսսըն Պլու» պանդոկներու ցանցը: Հայաստանի նախագահին ներկայութեամբ տեղի ունեցած է բացումը Երեւանի առաջին 5 աստղանի պանդոկին, որ վեր կը խոյանայ «Յաղթանակ» զբօսայգիին կողքին, եւ որ այցելուներուն կը խոստանայ անգերազանցելի ծառայութիւններ մատուցել:

«Իսկապէս հաճելի է Հայաստանի մէջ ներկայացնել մեր պանդոկը, որ կը յատկանշուի իր յատուկ ոճով եւ «Այո՛, կրնամ» գաղափարախօսութեամբ, որով կ՛առաջնորդուին ցանցին բոլոր պանդոկները: Շնորհակալ ենք մեր գործընկեր «Գոլդեն Փելիս» ընկերութեան, որուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ այս 5 աստղանի պանդոկը արդէն մուտք կը գործէ նաեւ Երեւան», ըսած է «Ռետիսսըն Պլու Երեւան»-ի գլխաւոր տնօրէն Ճորճ Միուն: Ըստ անոր, միջազգային մակնիշ ներկայացնելէ զատ իրենք նաեւ բարձրակարգ ծառայութիւններ կը մատուցեն, ինչ որ անտարբեր չի ձգեր ոեւէ յաճախորդ: Ստեղծուած է 134 աշխատատեղ, ուր միակ օտարը, Միուի համաձայն, ինքն է:
Բացման ընթացքին Հայաստանի նախագահը շրջագայած է Երեւանի բարձրակարգ պանդոկներու շարքը համալրած «Ռետիսսըն Պլու» պանդոկին մէջ, ծանօթացած կատարուած աշխատանքներուն, իրականացուած ներդրումներուն, ստեղծուած աշխատատեղերուն եւ առաջարկուող ծառայութիւններու որակին:
Լրագրողներուն ներկայացնելով «Ատասթրա» (թարգմանաբար` դէպի աստղերը) բացօթեայ ճաշարանը, որ պիտի սպասարկէ ո՛չ միայն պանդոկի յաճախորդներուն, այլ նաեւ ոեւէ անձի, Միու ըսած է, որ անիկա շատ լաւ վայր մըն է, մանաւանդ որ տեսարանը կը նայի դէպի Արարատ, կրնայ ընդունիլ 250 անձ: Լրագրողները առիթ ունեցած են շրջագայելու պանդոկին մէջ, նաեւ ծանօթանալու նախագահական սենեակին, որ 200 քառակուսի մեթր տարածութիւն ունի եւ նախատեսուած է թագաւորական հիւրերու, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն թագաւոր զգալ: Անիկա բաղկացած է հիւրասենեակէ, աշխատասենեակէ, ննջարանէ եւ գրադարանէ, մէկ գիշերուան համար կ՛արժէ 2 հազար տոլար: Միւս սենեակներուն միջին գինը կը տատանի 80 հազար դրամի սահմաններուն մէջ:

«Ռետիսսըն Պլու Հոթել Երեւան»-ի վաճառքներու բաժինի տնօրէն Մարիամ Ստամբոլցեանի համաձայն, պանդոկին մէջ կայ 142 սենեակ, որոնցմէ 19-ը բարձրակարգ, լիւքս են, իսկ երկուքը` արքայական եւ նախագահական սենեակներ են: 2 սենեակ ալ նախատեսուած է տեղաշարժման դժուարութիւններ ունեցող անձերուն համար: «Ունինք 6 հանդիպման սրահներ, մեծագոյնը թատրոնաձեւ շարուածքով, ուր կրնան տեղաւորուիլ 200 անձեր: Ունինք սպայ, 7 բուժման, մարձումի սրահներ, 25 մեթր երկայնքով լողաւազան: Ունինք հիանալի այգի, կարելի է ըսել, որ ասիկա Երեւանի մէջ միակ գործառնութիւն կատարող պանդոկներէն է, որ ունի շլացուցիչ այգի», աւելցուցած է Մարիամ Ստամբոլցեան:


