
14 յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպումներ ունեցած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Այս մասին յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի դիտարկումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Այս պարունակին մէջ անդրադարձ կատարուած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ընդլայնման հարցին:
Երկուստեք կարեւոր նկատած են շփման գիծին մէջ իրավիճակի կայունութեան պահպանումը:


