Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Չ՛ընդունիր Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Առնչութեամբ Էրտողանի Պահանջը

July 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

giro_71216

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը չ՛ընդունիր Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին առնչութեամբ առանձին յայտարարութիւն կատարելու վերաբերող Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի պահանջը:

«Գերմանիոյ խորհրդարանը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, երկրին նախագահն ալ նախորդ տարի արդէն խօսած էր այդ մասին: Կը կարծեմ, թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը չ՛ընդառաջեր Թուրքիոյ առաջարկին: Կառավարութեան անդամ բոլոր խորհրդարանականները թեր քուէարկեցին, իսկ արտաքին գործոց նախարարն ու վարչապետը բացակայ էին նիստէն: Եթէ նոյնիսկ երկուքը դէմ են, չեմ կարծեր, թէ ամբողջ կառավարութիւնը համաձայն կ՛ըլլայ արդէն տրուած որոշումին հակառակ քայլ առնելու երեւոյթին», ըսած է Կիրօ Մանոյեան` նշելով, որ նախ վստահ չէ, թէ Թուրքիոյ պահանջին մասին գերմանական մամուլին մէջ գրուածը իրականութիւն է:

Անդրադառնալով այն հարցին, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումէն ետք անհրաժեշտութիւն կայ հարցին ժխտումը քրէականացնելու վերաբերող քայլերու գործադրութեան` Կիրօ Մանոյեան դիտել տուած է, որ ատիկա պէտք է դիտարկել այս փուլի նպատակայարմարութեան տեսանկիւնէ:

«Տեղւոյն վրայ պէտք է որոշուի, թէ որքանով  նպատակայարմար է, սակայն անկէ բացի տեսակէտներ հնչեցին այն մասին, որ Գերմանիան ընդունած է իր պատասխանատուութեան բաժինը, հետեւաբար կարելի է նաեւ մտածել այդ պատասխանատուութեան կիրարկման ձեւերուն մասին: Եթէ պատասխանատու է կամ մեղսակից է, ապա ատոր համար ինչպէ՛ս պէտք է հատուցէ: Այդ մասին եւս պէտք է մտածել», ըսած է Կ. Մանոյեան:

Նշենք, որ 8 յուլիսին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հանդիպումէն ետք գերմանական եւ թրքական լրատուամիջոցները գրած էին, որ Էրտողանը բացասական պատասխան տուած է Ինճիրլիքի ռազմական խարիսխ այցելելու վերաբերեալ գերմանացի պատգամաւորներուն թոյլատրութիւն տալու խնդրանքին: Իբրեւ նախապայման Էրտողան պահանջած է, որ Մերքել յայտարարարէ, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը չ՛արտայայտեր կառավարութեան տեսակէտը: Բայց եւ այնպէս, ըստ գերմանական եւ թրքական լրատուամիջոցներու, Մերքել անկարելի նկատած է նման յայտարարութիւն կատարել:

 

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Ալիեւի Եւ Մամետեարովի Հետ Իր Հանդիպումներէն Ետք. Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտող Կողմերը Յաջողութեան Աւելի Մօտ Են, Քան Երբեւիցէ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական Նոր Կեդրոնի Բացում Գիւմրիի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.