Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Պիտի Յայտարարուի Հայաստանի  Վարչապետի Փոփոխութեան Մասին Լուրը

Այսօր Պիտի Յայտարարուի Հայաստանի Վարչապետի Փոփոխութեան Մասին Լուրը

Այսօր, 8 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստը, իսկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին` Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի նիստը: Այդ մասին «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կազմակերպչական յանձնախումբի նախագահ Ռուբէն Թադեւոսեան: Անոր խօսքով` թէ՛ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի, թէ՛ խորհուրդի նիստերուն օրակարգերը պիտի ձեւաւորուին տեղւոյն վրայ` կուսակցութեան նախագահին առաջարկով: Ըստ...

Ապրիլեան Պատերազմին  Մասնակցած Ուսանողներուն`  Կրթաթոշակի 50 Եւ Աւելի Տոկոս Զեղչ

Ապրիլեան Պատերազմին Մասնակցած Ուսանողներուն` Կրթաթոշակի 50 Եւ Աւելի Տոկոս Զեղչ

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան «Փանորամա»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից բոլոր ուսանողները կրնան օգտուիլ կրթաթոշակի զեղչերէն` աւելցնելով, որ անոնց համար պիտի ճշդուի առաւելագոյն չափով զեղչ: «Զեղչը պիտի կիրարկուի այնպէս, որ ապրիլեան պատերազմին մասնակցած եւ զօրացրուած ուսանողները գոհ ըլլան», նշած է նախարարը: Լեւոն Մկրտչեան նաեւ յայտնած է, որ իր յանձնարարութեամբ բարձրագոյն ուսումնական...

Դաւիթ Լոքեան Ընդունած Է Իրանի  Դեսպան Սէյիտ Քազեմ Սաճատին

Դաւիթ Լոքեան Ընդունած Է Իրանի Դեսպան Սէյիտ Քազեմ Սաճատին

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան երէկ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան սէյիտ Քազեմ Սաճատին: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան: Ողջունելով հիւրը` նախարարը նշած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ տակաւին չօգտագործուած ներուժ, համագործակցութեան հեռանկարներ կան եւ այս առումով կարեւոր նկատած է երկկողմանի տնտեսական կապերու աշխուժացման ուղղուած...

Մաղթելով Հանրապետութեան Նախագահի  Շուտափոյթ Ընտրութիւն`  Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան «Խռովութիւններով  Փոթորկոտ Շրջանի Մը Մէջ Կայունութեան  Ովասիս Մը» Որակեց Լիբանանը

Մաղթելով Հանրապետութեան Նախագահի Շուտափոյթ Ընտրութիւն` Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան «Խռովութիւններով Փոթորկոտ Շրջանի Մը Մէջ Կայունութեան Ովասիս Մը» Որակեց Լիբանանը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ ծանօթացման այցելութիւն մը տուաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Առաջին այս հանդիպումին խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ Հայաստանի ընդհանուր իրադրութեան, երկկողմանի յարաբերութեանց եւ շրջանային իրավիճակի վերջին զարգացումներուն վրայ: Այս առիթով դեսպան Մկրտչեան խիստ բարձր գնահատեց լիբանանեան ապահովական ուժերու ճիգերը: Ան յայտնեց, որ աշխատանք պիտի տարուի ընդլայնելու  երկկողմանի յարաբերութիւններուն ծիրը եւ բարձրագոյն...

«Առանց Քրիստոնէութեան Միջին Արեւելքը  Կը Կորսնցնէ Իր Ինքնութիւնը Եւ Իւրայատկութիւնը»  Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Առանց Քրիստոնէութեան Միջին Արեւելքը Կը Կորսնցնէ Իր Ինքնութիւնը Եւ Իւրայատկութիւնը» Յայտարարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրը եղած է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ անիկա շրջանին մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ պատմութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է` միաժամանակ ան ազդեցութիւնը կրած է շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերիվայրումներուն եւ զարգացումներուն», ըսաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի 11-րդ համաժողովին ուղղած իր պատգամին մէջ, չորեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն: Վեհափառ...

Աղբի Տագնապի Քննարկում` Ներքին  Գործոց Նախարարութեան Մէջ.  Բագրատունի. «Մինչեւ Թաղման Վայրերու Հաստատում  Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբի Մթերումը Պիտի Կասեցուի,  Իսկ Փողոցները Կուտակուած Աղբին  Փոխադրութեան Պատասխանատու Չենք»

Աղբի Տագնապի Քննարկում` Ներքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ. Բագրատունի. «Մինչեւ Թաղման Վայրերու Հաստատում Պուրճ Համուտի Մէջ Աղբի Մթերումը Պիտի Կասեցուի, Իսկ Փողոցները Կուտակուած Աղբին Փոխադրութեան Պատասխանատու Չենք»

Աղբի տագնապին գծով երէկ երեկոյ աշխատանքային նիստ մը գումարուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան մէջ` մասնակցութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, Մեթնի եւ Քեսրուանի քաղաքապետներուն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ այլ ներկայացուցիչներու: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին աղբերու տագնապի լուծման կարելիութիւնները` կողմերուն ցուցաբերած վերջին կեցուածքներուն եւ տեղի ունեցած...

Ի Տարբերութիւն Խանական Ազրպէյճանի` Լեռնային  Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մէջ  Կը Կառուցեն Ժողովրդավարական Երկիր

Ի Տարբերութիւն Խանական Ազրպէյճանի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մէջ Կը Կառուցեն Ժողովրդավարական Երկիր

Ի տարբերութիւն խանական Ազրպէյճանի` Արցախի մէջ կը կառուցեն ժողովրդավարական երկիր: Այս մասին, 5 սեպտեմբերին, Արժանթինի մարդու իրաւունքներու  հարցերով քարտուղար Քլաուտիօ Աւրուխի հետ հանդիպումին ընթացքին նշած է աշխատանքային այցելութեամբ Արժանթին գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Արժանթին խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանովը: Ազգային ժողովէն «Նիուզ»-ին յայտնած են, որ հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ են Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Սուքիաս Աւետիսեան եւ Միքայէլ...

Հայաստանի Մէջ Քննութիւններու Մասնակցելով`  Աշակերտները Կրնան Ընդունուիլ Քեմպրիճ, Օքսֆորտ

Հայաստանի Մէջ Քննութիւններու Մասնակցելով` Աշակերտները Կրնան Ընդունուիլ Քեմպրիճ, Օքսֆորտ

«Արարատեան բակալաւրիատ» հայալեզու կրթական ծրագիրը, որ կեանքի կոչուած է Կրթութեան գերազանցութեան ազգային ծրագիրի (ԿԳԱԾ) ծիրին մէջ, աշակերտներուն կարելիութիւն կու տայ Հայաստանի մէջ յանձնել քննութիւն եւ անոնց արդիւնքներով այնուհետեւ ուսանիլ արտասահմանեան լաւագոյն բարձրագոյն ուսումնական կառոյցներուն մէջ: Արեգ Կարապետեան մէկն է այն 35 աշակերտներէն, որոնք «Արարատեան բակալաւրիատ»  ծրագիրով յանձնած են միջազգայնօրէն ճանաչելի քննութիւնները, զորս կազմակերպած էր «Այբ» դպրոցը, որ յառաջիկային ծրագիրին ծիրը...

«Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանէն.  Աւետիս Կիտանեան Ներկայացուց Աղբի  Տագնապին Գծով ՀՅԴ-ի Կեցուածքները

Աղբերու Տագնապին Գծով Պատկերասփռուած Ելոյթով Կիտանեան Պարզեց ՀՅ Դաշնակցութեան Տեսակէտը

Լիբանանեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Ժորժ Սալիպի իր կիրակի, 4 սեպտեմբեր 2016-ի «Ուսպուհ ֆի սաա» շաբաթական յայտագիրով արծարծեց աղբահաւաքման գծով լուծման քայլերու առկախման երեւոյթը` իր զանազան երեսներով: Այս առիթով Սալիպիի զրուցակից հիւրերն էին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամ Սերժ Տաղեր եւ լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթի լրագրող Հապիպ Մաալուֆ: Յայտագիրին հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ...

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Թուրքիոյ Դէմ  Ստորագրահաւաք Սկսած Է

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Թուրքիոյ Դէմ Ստորագրահաւաք Սկսած Է

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ ստորագրահաւաք սկսած է Թուրքիան հսկողութեան տակ գտնուող երկրի կարգավիճակին վերադարձնելու հարցով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ԵԽԽՎ-ի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Սամուէլ Ֆարմանեան: «ԵԽԽՎ-ի Մարդու իրաւունքներու եւ իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նիստին ընթացքին` Փարիզի մէջ, ստորագրահաւաք տեղի կ՛ունենայ... Թուրքիան պէտք է վերադարձնել իր նախկին կարգավիճակին` իբրեւ հսկողութեան...

«Վայրկեան Առաջ Պէտք Է Ստորագրել Հայաստանի  Հանրապետութիւն – Լեռնային Ղարաբաղի  Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Պայմանագիրը»  Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

«Վայրկեան Առաջ Պէտք Է Ստորագրել Հայաստանի Հանրապետութիւն – Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն Ռազմաքաղաքական Պայմանագիրը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Փաստարկ» մամուլի ակումբին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին  անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ձեւաւորուած զարգացումներուն: Անոր խօսքով` ներկայիս միջնորդ պետութիւններուն կողմէ ճիգերը շատ են` ուղղուած բանակցութիւններու վերսկսման, որովհետեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք տեղի ունեցած` Վիեննայի եւ միւս հանդիպումներուն անդրադարձ չէ կատարուած հարցի բուն էութեան,...

ԱՌԻ-ի Հիմնադրամը Տարբեր Ծրագիրներ  Կ՛իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

ԱՌԻ-ի Հիմնադրամը Տարբեր Ծրագիրներ Կ՛իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

Երէկ` երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերին «Արմէնփրես» սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին  լիբանանահայ գործարարներ համախմբող «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) հիմնադրամի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան եւ ԱՌԻ-ի անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան ներկայացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Նոր Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ կատարուած ներդրումները` յատուկ կերպով անդրադառնալով Քաշաթաղ շրջանի Աղաւնոյ գիւղի նորակառոյց Արիաւան թաղամասին բացման, որ տեղի ունեցաւ 3 սեպտեմբերին: Բենիամին...

Վրաստանի Վարչապետը Պաշտօնական  Այցելութիւն Տուաւ Հայաստան

Վրաստանի Վարչապետը Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Հայաստան

Երէկ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած է Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլին: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Վրաստանի իր գործընկերը դիմաւորած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղեւորուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Հանդիպում` Նախագահ Սարգսեանի Հետ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ...

Ազգային Երկխօսութեան  Նիստը Առկախուեցաւ

Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Առկախուեցաւ

Այն Թինէի մէջ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի 23-րդ նիստը երէկ առկախուեցաւ աւելի քան երեք ժամ տեւած «ամուլ» խորհրդակցութիւններէ ետք: Արդարեւ, նիստի ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի եւ Մարատա հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ տեղի ունեցաւ կարճատեւ բանավէճ մը, որուն հետեւանքով Պասիլ առկախեց Ազգային ազատ հոսանքի մասնակցութիւնը Ազգային երկխօսութեան նիստին: «Սկիզբէն ըսի, որ եթէ որեւէ...

Ճարտարարուեստի Նախարար Հիւսէյն  Հաժ Հասան Այցելեց Թեհրանի Հայոց Թեմ

Ճարտարարուեստի Նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան Այցելեց Թեհրանի Հայոց Թեմ

Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան անցնող օգոստոսի վերջաւորութեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իրան: Այս առիթով նախարար Հաժ Հասան եւ անոր ընկերակցող եօթանասուն հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը այցելեցին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդարան, ուր հանդիպումներ ունեցան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Թեհրանի Պատգամաւորական ժողովի, թեմական խորհուրդի, «Ալիք» հաստատութեան, եկեղեցական խորհուրդներու, քահանայ հայրերու եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Այս առիթով առաջնորդ...

Արցախի Մէջ.  Նախագահ Սահակեան Ընդունած Է  Պելճիքայի Եւ Պրիւքսէլի Շրջանային  Խորհրդարաններու Խումբ Մը Երեսփոխաններ

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ընդունած Է Պելճիքայի Եւ Պրիւքսէլի Շրջանային Խորհրդարաններու Խումբ Մը Երեսփոխաններ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 սեպտեմբերին ընդունած է Պելճիքայի եւ Պրիւքսելի շրջանային խորհրդարաններու խումբ մը երեսփոխաններ: Քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական կապերու  զարգացման առնչուող հարցեր: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Պելճիքայի խորհրդարանականներուն այցելութիւնը Արցախ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձի տօնական ձեռնարկներու ծիրին մէջ` նշելով, որ Արցախի մէջ բարձր կը գնահատեն  անկեղծ եւ անշահախնդիր բարեկամութիւնը` անիկա դիտելով մեր...

«Կարելի Չէ Ունքը Շինելու  Փոխարէն Աչքը Հանել»  Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Կարելի Չէ Ունքը Շինելու Փոխարէն Աչքը Հանել» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Կարելի չէ ունքը շինելու փոխարէն աչքը հանել. լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ ՀՅԴ-ի անուան հիմքին մէջ «յեղափոխութիւն» բառն է, մինչդեռ` անիկա այն քաղաքական ուժերու շարքին կը  դասուի, որոնք կը դատապարտեն «Սասնայ ծռեր» խմբաւորման գործողութիւնները: «Մեր յեղափոխութիւնը ազգային-ազատագրական նպատակով յեղափոխութիւն է: Ի՞նչ կը նշանակէ...

«Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանէն.  Աւետիս Կիտանեան Ներկայացուց Աղբի  Տագնապին Գծով ՀՅԴ-ի Կեցուածքները

«Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանէն. Աւետիս Կիտանեան Ներկայացուց Աղբի Տագնապին Գծով ՀՅԴ-ի Կեցուածքները

Երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի «Ուսպուհ ֆի սաա» բանավէճային յայտագիրին մասնակցեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան, որ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ աղբի տագնապի հարցին ընդհանրապէս եւ այս հարցին առնչութեամբ ՀՅԴ-ի տեսակէտներուն` յատկապէս: Յայտագիրին լրատուութիւնը կու տանք մեր վաղուան թիւով:

Արիաւան Բնակելի Թաղամասի  Պաշտօնական Բացում.  Քաշաթաղի Շրջանի Աղաւնոյ Գիւղը  Նոր Բնակելի Թաղամաս Ունի

Արիաւան Բնակելի Թաղամասի Պաշտօնական Բացում. Քաշաթաղի Շրջանի Աղաւնոյ Գիւղը Նոր Բնակելի Թաղամաս Ունի

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարուեցաւ Քաշաթաղ շրջանի Աղաւնոյ գիւղի նորակառոյց Արիաւան թաղամասին: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 3 սեպտեմբերին մասնակցած է Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին մէջ  Արիաւան նոր բնակելի թաղամասի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, վարչապետ Արա  Յարութիւնեանը, պաշտօնատար այլ անձիք: Երկրին ղեկավարը երախտագիտութիւն...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ փոխադարձ գործակցութեան շրջագիծին մէջ, անցնող երկու ամիսներուն Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարժարաններէն ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, Հայաստանի մէջ մասնակից դարձան վերապատրաստման ծրագիրի մը եւ փառատօնի մը, իսկ տեղեկատուական գրասենեակը` գիտաժողովի մը: Ա. 3-29 յուլիս 2016-ին Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարժարաններու ուսուցչուհիներէն Իրմա Ճէրէճեան, Թամար Խաչերեան, Վարդուկ Քէշիշեան եւ Բալիկ Խտրլարեան, Հայաստանի Ա. Մարգարեանի անուան թիւ 29 աւագ...

Page 678 of 796 1 … 677 678 679 … 796

Արխիւներ