13 հոկտեմբեր 1990-ին իբրեւ փոխանցման շրջանի կառավարութեան վարչապետ Պաապտայէն հեռացած զօր. Միշել Աուն երէկ` երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2016-ին վերադարձաւ Պաապտա` իբրեւ հանրապետութեան նախագահ:
26 տարի ետք իրականացած այս երազին լոյսին տակ Լիբանան երէկ ապրեցաւ պատմական օր մը:
Երկուքուկէս տարուան նախագահական թափուր դրութիւնը երէկ վերջ գտաւ, երբ խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան իր 46-րդ նիստին ընթացքին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրեց հանրապետութեան նախագահ:
Առաւօտեան ժամը 10:00-էն երեսփոխանները արդէն իսկ սկսան ուղղուիլ խորհրդարան, ուր նախագահական ընտրութեան նիստ պիտի գումարուէր կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
Երեսփոխաններուն կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ մեծ թիւով հիւրեր, որոնց շարքին` Լիբանանի մէջ օտար պետութիւններու դիւանագիտական անձնակազմը, զինուորականներ եւ մեծ թիւով լրագրողներ, ինչպէս նաեւ զօր. Աունի ընտանիքը:
Դիւանագիտական անձնակազմի շարքին էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:
Խորհրդարանի նիստին ներկայ գտնուեցան կառավարութիւնը իր ամբողջ կազմով, ինչպէս նաեւ 127 երեսփոխաններ, որոնք հետեւելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ցուցմունքներուն` կատարեցին առաջին քուէարկութիւնը:
Նախագահական նիստի առաջին փուլին պարագային նախագահական թեկնածուն պէտք էր յաջողէր խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդին քուէներով, այսինքն` թեկնածուն պէտք էր ստանար 86 քուէ:
Սակայն առաջին փուլին պատկերը եղաւ հետեւեալը. զօր. Աուն` 84 քուէ, 36` սպիտակ, 6` անվաւեր եւ 1` ի նպաստ երեսփոխան Ժիլպերթ Զուէյնի: Հետեւաբար խորհրդարանը առաջին փուլին չկրցաւ ընտրել հանրապետութեան նախագահը` թեկնածուին յաջողութեան համար անհրաժեշտ քուէներուն երկու երրորդ չգոյացնելու պատճառով:
Այս պատճառով կատարուեցաւ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը, երբ թեկնածուն իրաւունք կ՛ունենայ ընտրուելու պարզ մեծամասնութեամբ` 65 քուէ:
Երկրորդ փուլի քուէարկութենէն ետք, խորհրդարանին մէջ արձանագրուեցաւ անակնկալ մը, երբ քուէատուփին մէջ յայտնուեցան 128 պահարաններ, մինչդեռ խորհրդարանին մէջ ներկայ էին 127 երեսփոխաններ:
Հակառակ այն իրականութեան, որ մէկ յաւելեալ քուէն ընտրութեան արդիւնքին վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնար ունենալ, խորհրդարանը որոշեց դարձեալ քուէարկել:
Երկրորդ փուլի երկրորդ քուէարկութեան արդիւնքը դարձեալ քուէատուփին մէջ հաւաքեց 128 պահարաններ, որուն պատճառով կատարուեցաւ երրորդ ընտրութիւն:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ պէտք է աւելի լուրջ մօտենալ ընտրութեան հոլովոյթին եւ վերջ տալ տղայական վարուելակերպին: Պըրրիի որոշումով քուէատուփը զետեղուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի դիմաց, եւ անոր աջ ու ձախ կողմերը կանգնեցան երեսփոխան Մարուան Համատէ եւ Անթուան Զահրա, որոնք հսկեցին, որ իւրաքանչիւր երեսփոխան միայն մէկ պահարան նետէ քուէատուփին մէջ:
Նախագահական ընտրութեան նիստի երկրորդ փուլի երրորդ քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, խորհրդարանը զօր. Միշել Աունը ընտրեց հանրապետութեան նախագահ:
Զօր. Աուն ստացաւ 83 քուէ, սպիտակ քուէներուն թիւը հասաւ 36-ի, չեղեալ նկատուեցան 7 քուէներ, իսկ երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ ստացաւ մէկ քուէ:
Նշենք, որ չեղեալ նկատուող քուէներէն մէկուն վրայ արձանագրուած էր բնորդ Միրիամ Քլինքի անունը, ուրիշ մը կը կրէր «Զորպա տը կրիք» գրութիւնը, ինչպէս նաեւ «Մայրիներու յեղափոխութիւնը կը ծառայէ Լիբանանի» գրութիւնը:
Քուէահամարէն ետք Պըրրի յայտարարեց, որ զօր. Միշել Աուն ընտրուած է հանրապետութեան նախագահ:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանին` ազգային այս պահը ստեղծելուն համար, յատկապէս վարչապետ Սալամի կառավարութեան, որ մեծ համբերութեամբ կրցաւ հանդուրժել Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմանները:
Պըրրի ողջունեց նախագահ Աունը` զայն որակելով խորհրդարանի օրինականութեան սիւներէն մէկը եւ շեշտելով, որ Լիբանանի դէմ ծառացող իսկական սպառնալիքը Իսրայէլն է եւ անոր բռնարարքները, որոնք թիրախ կը դարձնեն Լիբանանը` ռազմավարական եւ ջրային հարստութեան պատճառով:
Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան բանակը լաւապէս զինուի` աւելցնելով, որ երկրին համար առաջնահերթութիւն է նաեւ ընտրական արդի օրէնքի մշակումը, որ կարելի է իրականացնել համամասնական ընտրական օրէնքով մը` նկատի ունենալով նաեւ կին ներկայացուցիչներուն համար ճշդուած չափաբաժինը:
Պըրրի շեշտեց, որ խորհրդարանը ամէն իմաստով պիտի գործակցի Լիբանանի բարգաւաճման ի խնդիր:
Խորհրդարանի ծափողջոյններուն ներքեւ զօր. Աուն բարձրացաւ խորհրդարանի նախագահին ամպիոնը եւ կատարեց երդման արարողութիւնը:
Ապա նորընտիր նախագահը արտասանեց իր երդման ճառը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ երկրին կայունութիւնը ամրապնդելու առումով առնուելիք առաջին քայլը քաղաքական կայունութեան հաստատումն է, որ կարելի է ապահովել երկրին սահմանադրութիւնը, Ազգային ուխտը եւ օրէնքները յարգելով, ինչպէս նաեւ ազգային համագործակցութիւն ապահովելով:
Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց, որ Ազգային ուխտը ամբողջութեամբ գործադրուի եւ բարելաւուի` ազգային կարիքներուն համաձայն:
«Ձեզի հետ խօսողը այսօր հանրապետութեան նախագահն է, որուն իբրեւ խորհրդարան եւ ժողովուրդ ընծայեցիք ձեր վստահութիւնը` ստանձնելու համար իշխանութեան Ա. պետի պատասխանատուութիւնը: Այդ նախագահը պայքարի երկար ճամբայ կտրած անձնաւորութիւն մըն է, որ ստանձնած է ազգային մեծ պատասխանատուութիւններ` ըլլայ իբրեւ զինուորական եւ բանակի հրամանատար, ըլլայ իբրեւ սահմանադրութեան հիմամբ աշխատանք ստանձնած պատասխանատու: Ան նախագահ մըն է, որ դժուարութեամբ լեցուն անցեալ մը ունեցած է եւ կը հաւատայ դժուարութիւնները դիմագրաւելու ու լիբանանցիներուն կայունութիւն ապահովելու գաղափարին եւ ոչ թէ այդ դժուարութիւններուն հետ ընտելանալու ընտրանքին», ըսաւ նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնք մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատեց, որ Լիբանանը հեռու պահուի շրջանին մէջ բռնկած հրդեհներուն բոցերէն` ընդգծելով Արաբական լիկայի ուխտը եւ յատկապէս արտաքին անկախ քաղաքականութիւն ունենալու անոր 8-րդ յօդուածը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադառնալով Իսրայէլի հետ տագնապին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ ոչ մէկ առիթ կամ ճիգ պիտի խնայուի բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու իմաստով, ինչպէս նաեւ հայրենիքը պիտի պաշտպանուի այն թշնամիէն, որ իր ախորժակները սրած է Լիբանանի ջրային հարստութեան նկատմամբ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը` ահաբեկչութիւնը կանխարգիլելու մարտավարութեամբ, աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի եւ միջազգային հեղինակութիւններուն հետ գործակցաբար սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը ապահովել` լուծելու համար Լիբանանը լեցուցած սուրիացի գաղթականներուն տագնապը:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ պաղեստինցի գաղթականներուն պարագային եւս կառչած կը մնայ անոնց տունդարձի արդար իրաւունքին:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը հզօրացնելու ծրագիրը իրեն համար առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ ներքին լիբանանեան առումով պէտք է սկսիլ տնտեսական բարեկարգումի, որ կարելի է իրագործել տարբեր նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեամբ եւ համադրական աշխատանքով:
«Տնտեսական եւ ընկերային բարեկարգումը կը յաջողի, երբ թափանցիկութեան վարչակարգ մը կը հաստատուի եւ փտածութիւնը հալածող համակարգ կը ստեղծուի: Մենք բաւական ուշացանք մեր երազը իրականացնելու առումով, եւ լիբանանցիները գիտեն, որ երկար ճամբայ ունինք կտրելիք` իրականացնելու համար մեր ձգտումները, որոնք են Լիբանանը պահել ազատութեան, արժանապատուութեան, գերիշխանութեան, անկախութեան, Ազգային ուխտի եւ պատգամի երկիրը», եզրափակեց նախագահ Աուն:
Նախագահական ընտրութենէն ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի ըսաւ. «Նախագահ Աունի երդման ճառը հանգստութիւն շնորհեց, եւ կը մաղթեմ, որ սխալած ըլլամ զօր. Աունի ի նպաստ չքուէարկելուս համար»:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք պիտի շնորհաւորէ նախագահ Աունը, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահն է եւ որուն նկատմամբ իրենք իրենց բոլոր պարտականութիւնները պիտի կատարեն:
«Մենք կը նկատենք, որ քաղաքական մեր ուղեգիծը յաջողած է, եւ կը մաղթէի, որ իմ անունս ալ յաղթական նկատուէր, այնպէս ինչպէս Աունի յաղթանակը մեր ուղեգիծին յաղթանակն է», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իրենց ձգտումն է ընդդիմութիւն դառնալ:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մաղթեց, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմուի` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցութեամբ:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ զօր. Աունի ընտրութեամբ կարելի է նկատել, որ նախագահական թափուր դրութեան էջը փակուած է:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը շուտով կազմուի` աւելցնելով, որ վարչապետի պաշտօնին համար իրենք պիտի առաջադրեն Սաատ Հարիրիի թեկնածութիւնը:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ նոր էջ մը բացուած է` աւելցնելով, որ կարեւորը քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութիւնն է: «Մեր բոլոր տարակարծութիւններէն պէտք է հրաժարինք», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Նշենք նաեւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ իր եւ զօր. Աունի միասնականութիւնը փոխած է պատկերը:
Ժահժահ բարձր գնահատեց նախագահ Աունի երդման ճառը:
Հանրապետութեան նախագահը երդման արարողութենէն ետք խորհրդարանին մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունեց: Ապա ան դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի հանրապետութեան նորընտիր նախագահը ճամբեց` անոր ընկերակցելով մինչեւ նախագահական ինքնաշարժներու շքախումբը:
Նախագահ զօր. Միշել Աուն կէսօրէ ետք ժամը 3:20-ին հասաւ Պաապտա, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի քայլերգով եւ լիբանանեան դրօշակը բարձրացնելու արարողութեամբ: Այս արարողութիւնը յուզեց նախագահ Աունը, որուն նախագահական պալատ հասած պահուն սկսաւ գործել Պաապտայի ցայտաղբիւրը:
Նախագահական պալատին մուտքին նախագահ Աուն դիմաւորուեցաւ իր ընտանիքին եւ պալատի պաշտօնէութեան ու անձնակազմին կողմէ: Ան հետեւեցաւ պաշտօնական արարողակարգին եւ նկարներ ստացաւ նախագահական աթոռին վրայ նստած, ինչպէս նաեւ նախագահական շքանշանով եւ ժապաւէնով:
Նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն կը յայտնէ վարչապետին եւ նախարարաց խորհուրդին, անոնցմէ պահանջելով շարունակել ընթացաւարտ կառավարութեան աշխատանքները` մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը:
Երեկոյեան հանրապետութեան նախագահութիւնը յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 2 եւ հինգշաբթի, 3 նոյեմբերը ճշդուած են երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու օրեր` վարչապետի նշանակման նպատակով:
Շնորհաւորութիւններ
Նախագահ Աուն երէկ ստացաւ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու եւ շնորհաւորագիրերու շարք մը:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շնորհաւորեց նախագահ Աունը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Նախագահ Աուն իր կարգին սէյիտ Նասրալլային շնորհակալութիւն յայտնեց:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց լիբանանցիները հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութեամբ: Ան շնորհաւորեց նաեւ նախագահ Աունը` մաղթելով, որ ան յաջողի հայրենիքին նաւը ապահով կերպով վարել:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը շնորհաւորեց նախագահ Աունը` անոր ընտրութեան առիթով:
Հոլլանտ շեշտեց, որ Փարիզ մնայուն կերպով պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին եւ պահպանելու Լիբանանի հետ ունեցած պատմական յարաբերութիւնները:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր կարգին շնորհաւորեց նախագահ Աունը:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շնորհաւորեց նախագահ Աունը` մաղթելով, որ լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները ամրապնդուին:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շնորհաւորեց նախագահ Աունը` շեշտելով, որ Եգիպտոս մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին:
Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի շնորհաւորեց նախագահ Աունը եւ անոր հետ քննարկեց միացեալ հարցեր:
Պահրէյնի Համատ պըն Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորը շնորհաւորեց նախագահ Աունը` շեշտելով, որ Աունի նախագահ ընտրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ամրապնդել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ պահպանել սահմանադրական հաստատութիւնները:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց նախագահ Աունի ընտրութիւնը` հաստատելով, որ ռուսական իշխանութիւնները յանձնառու կը մնան Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ իրենց զօրակցութեան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը լիբանանցիները շնորհաւորեց` հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութեան առնչութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերէն պահանջեց յանձնառու մնալ միջազգային բանաձեւերուն, յատկապէս թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն գործադրութեան:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շնորհաւորեց նախագահ Աունը` յոյս յայտնելով, որ անոր հետ գործակցութիւնը ընթանայ «Պաապտայի յայտարարութեան» լոյսին տակ:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր իր կարգին շնորհաւորեց նախագահ Աունը` հաստատելով, որ իրենք յարգանք կը տածեն Լիբանանի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ մնայուն կերպով կը զօրակցին Լիբանանի:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց զօր. Աունի ընտրութիւնը` շեշտելով, որ իրենք կը փափաքին նախագահ Աունի հետ գործակցիլ: Ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը գործակցին եւ ամրապնդեն լիբանանեան միասնականութիւնը:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի շեշտեց, որ զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը հիմնական է Լիբանանի ապագային համար` նկատի ունենալով, որ Լիբանան լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի:
Ան ընդգծեց լիբանանեան միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` ըստ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ սահմանադրութեան, ընդգծելով նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը յարգելու կարեւորութիւնը:
Մոկերինի դիտել տուաւ նաեւ, որ 2017-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց կարգին կարեւոր փուլ մը կը նկատուին` լիբանանեան ժողովրդավարութիւնը յարգելու իմաստով:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Միշել Աունի ընտրութիւնը` շնորհաւորելով նորընտիր նախագահը:
Նախարարութիւնը այդ քայլը որակեց շատ կարեւոր քայլ մը` լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացած համախոհութեան առումով:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան շնորհաւորեց նախագահ Աունը` յոյս յայտնելով, որ ան երկիրը փոխադրէ դէպի լաւ ժամանակաշրջան մը:
Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ իր կարգին շնորհաւորեց նախագահ Աունը` հաստատելով, որ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը կրնայ մեծ դժուարութիւններու առաջքը առնել:
Պէտք է նշել, որ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարես երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ` շնորհաւորելու համար նախագահ Աունը:
Տօնակատարութիւններ
Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-էն ի վեր Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ տիրեց տօնական մթնոլորտ, որ կէսօրին աւելի լայնածաւալ բնոյթ ստացաւ` զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութեամբ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետեւորդներ եւ համակիրներ Տումայի, Շապթինի, Թաննուրինի, Պաթրունի, Ժիպէյլի, Մեթնի, Քեսրուանի, Ժունիէի, Ժալ էլ Տիպի, Պսալիմի, Զալքայի, Ժտէյտէի, Տորայի, Պուրճ Համուտի, Աքքարի, Մընիարայի, Թրիփոլիի, Մընիէի, Քուրայի, Հատասի, Հարեթ Հրէյքի, Էշրեֆիէի, Պաապտայի, Շուֆի, Տէյր Քամարի, Հերմելի, Պաալպեքի, Զահլէի եւ այլ շրջաններու մէջ կազմակերպեցին տօնակատարութիւններ, որոնց ընթացքին անուշեղէն բաժնեցին անցորդներուն, հնչեցուցին ազգային երգեր եւ կատարեցին հրավառութիւն:
Երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ տեղի ունեցաւ կեդրոնական տօնախմբութիւն մը` Կեդրոնական Պէյրութի մէջ:
Նահատակաց հրապարակին վրայ կազմակերպուած տօնակատարութեան ընթացքին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ հայրենիքը բոլորին է եւ հանրապետութիւնը վերադարձած է բոլոր լիբանանցիներուն:
Պասիլ յայտնեց, որ իրենց մեծագոյն պայքարը նոր սկսած է` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանքը կը յայտարարէ ժողովրդային շարժում մը, որ պիտի սկսի կիրակի օր, ոչ միայն նախագահ Աունին զօրակցութեան նպատակով, այլեւ` բոլորին երազները իրականացնելու նպատակով:
Պասիլ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Ազգային ուխտին պահապանն է եւ հանրապետութեան պաշտպանը:
Նշենք նաեւ, որ յաղթանակի ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան 12 երգիչներ: