Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Նոյեմբեր 3, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

bel-311

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ Քրիսթին Տըֆրէյնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ կարեւոր նկատած խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: «Դուք երկրի մը մէջ էք, ուր Պելճիքան կ՛ընկալուի իբրեւ բարեկամ երկիր եւ վստահելի գործընկեր, որուն հետ յարաբերութիւնները հիմնուած են պատմական ջերմ առնչութիւններու, փոխադարձ վստահութեան, նոյնանման արժեհամակարգի եւ զարգացման համադրելի տեսլականի վրայ:

Տիկի՛ն Տըֆրէյն, մեզի համար կրկնակի հաճոյք է ձեզ ողջունել Հայաստանի մէջ, որովհետեւ դուք գործիչ մըն էք, որ մշտապէս ականջալուր է մեր ժողովուրդի խնդիրներուն: Դուք հոգատար վերաբերմունք ունիք Հայաստանը եւ հայերը յուզող հարցերուն  նկատմամբ, երկար տարիներ ջանք ու եռանդ չէք խնայած, որպէսզի հայ-պելճիքական յարաբերութիւնները ամրապնդուին: Դուք միշտ ցանկալի եւ սպասուած հիւր էք Հայաստանի համար», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի նախագահին ջերմ խօսքերուն եւ ընդունելութեան համար` նշելով, որ համակարծիք է հայ-պելճիքական յարաբերութիւններուն նախագահ Սարգսեանի տուած գնահատականին հետ: «Խօսելով մեր նոյնանման արժեհամակարգի ապացոյցներէն մէկուն  մասին` պէտք է ըսեմ, որ ժամանակին` 1998-ին, Պելճիքայի Ծերակոյտը եւրոպական առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ` ուժեղ բանաձեւ մը, որուն 2015-ին հետեւեցաւ նաեւ Ներկայացուցիչներու տան բանաձեւը եւ երկրի վարչապետ Շարլ Միշելի ելոյթը, ուր որեւէ այլակարծութեան տեղ ձգուած չէր: Եւ ատիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ մենք պարտք ունինք փոխանցելու յաջորդ սերունդին», ըսած է Քրիսթին Տըֆրէյն:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ հայ-պելճիքական յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները, անդրադարձ կատարուած է նաեւ շրջանի մարտահրաւէրներուն եւ խնդիրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին:

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան Մտահոգ Է Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգով

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Է Ծիծեռնակաբերդ Այցելած Թուրք Լրագրողը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?