
27 հոկտեմբերին 77 տարեկանին կեանքէն հեռացած գրող, թարգմանիչ Ռուբէն Յովսէփեանի թաղման արարողութիւնը կազմակերպելու համար ստեղծուած է կառավարական յանձնախումբ` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ղեկավարութեամբ:
Ռուբէն Յովսէփեանի հոգեհանգիտը տեղի պիտի ունենայ այսօր` 29 հոկտեմբերին, ժամը 18:00-20:00 (Երեւանի ժամանակացոյցով), Համազգային թատրոնին մէջ (Ամիրեան 26), իսկ վերջին հրաժեշտը` 30 հոկտեմբերին, ժամը 12:00-14:00, Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ (Բաղրամեան 3): Յուղարկաւորութիւնը` Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:


