Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Պետականութիւնը Միասնութեան Առանցք» Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 31, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

varchapet-lragroghner-2_103016

20-24 Հոկտեմբեր 2016-ին
Երեւան – Ստեփանակերտ

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25-ամեակին նուիրուած «Հայոց պետականութիւնը միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը տեղի ունեցաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի աջակցութեամբ:

Համաժողովը Հանգամանօրէն Քննարկեց
Հետեւեալ Խնդիրները.

– Համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման կառուցակարգերը եւ լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիները` ճգնաժամային պայմաններուն մէջ:

– Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ սփիւռքեան կառոյցներու համագործակցութեան ուղիները:

– Սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինութեան գործին մէջ:

– Պատկերասփիւռի, ձայնասփիւռի եւ ելեկտրոնային մամուլի համագործակցութեան հեռանկարները:

– Հայկական սփիւռքի գործակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին մէջ:

– Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու պաշտպանութեան համակարգին հետ առնչուող խնդիրներու լուսաբանումը լրատուամիջոցներուն մէջ:

Լրագրողներու համաժողովը հաստատեց, որ համաժողովներու հետեւողական քննարկումները, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան խնդիրներուն շուրջ համահայկական լրատուամիջոցներու համախմբումը յանգեցուցին  գործնական արդիւնքներու. Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին  դրսեւորելով միասնական հզօր ուժ եւ պատասխանատու վարքագիծ` հայկական լրատուամիջոցները, մօտ  10 ժամ կաթուածահար ընելով հակառակորդի լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը, աշխարհին մատուցեցին արցախեան իրադարձութիւններուն վերաբերեալ ճշմարիտ տեղեկատուութիւն:

Համաժողովը Առաջնային Նկատեց`

1.- Աշխատանքները նպատակաուղղել Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու միջազգային վարկի բարձրացման, Հայաստանի եւ հայութեան մասին համաշխարհային տեղեկատուական տարածքին մէջ դրական կարծիքի ու կերպարի ձեւաւորման ուղղութեամբ: Այդ նպատակով համագործակցիլ բազմազգ ընթերցողներ ունեցող երկիրներու օտարալեզու լրատուամիջոցներու լրագրողներու հետ եւ կարելիին չափ յաճախակի դարձնել անոնց այցելութիւնները Հայաստան:

2.- Հայ լրագրական մարդուժի ցանցային կարելիութիւններու լիարժէք օգտագործման եւ  լրագրական մասնագիտական ներուժի համախմբուած աշխատաոճի որդեգրման եւ զարգացման, պետական եւ համազգային տեղեկատուական մարդուժի լիարժէք օգտագործման միջոցով արդի տեղեկատուական ահռելի հոսքը նպատակաուղղել  ի նպաստ հայուն եւ Հայաստանին:

3.- Հայկական լրատուամիջոցները իրենց առաքելութեան մէջ այսուհետեւ եւս էական տեղ պէտք է յատկացնեն տարբեր ձեւերով հայոց հարուստ եւ հնամենի պատմութեան ու մշակոյթի պահպանման եւ հանրահռչակման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան, յատկապէս հայոց լեզուի անաղարտ պահպանման համար նոր միջոցներ որդեգրելուն:

4.- Շարունակել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման նպաստող տեղեկատուութեան, Հայ դատի, ղարաբաղեան տագնապի հետ կապուած զարգացումներու լուսաբանումը, վերլուծել եւ համակարգել լրատուամիջոցներուն մէջ առկայ փաստական նիւթերը:

Համաժողովի Մասնակիցները Որոշեցին`

– Համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» խորագիրով շարժում` ամբողջ աշխարհի հայութիւնը յանձնառու դարձնելու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օգնելու, ներդրումները խթանելու,  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական, գիտակրթական եւ մշակութային կեանքը աւելի զարգացնելու առումով:

– Քարոզել, ներկայացնել եւ հետեւողականօրէն բարձրաձայնել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:

– Միջոցներ գտնել օտարալեզու մամուլի ներկայացուցիչները գործուղելու Ղարաբաղ`  ճշմարտութիւնը աշխարհին ներկայացնելու համար:

– Նպատակաուղղուած աշխատանքներ տանիլ հայաստանակեդրոն սփիւռքի մասնագիտական կազմակերպման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ Հայրենիքի հզօրացման համար, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի ջանքերը մէկտեղելու համար:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 8-ՐԴ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ

Նախորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Հայ Գիրքի Համահայկական 37-րդ Ցուցահանդէսը Կը Ձօնէ Աստուածաշունչի Տպագրութեան 350-Ամեակին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?