Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Սկսի Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններուն

Նոյեմբեր 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_fares_110116

Մինչ տեղական, շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առիթով շնորհաւորութիւններու տարափը կը շարունակուի, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կը սկսի վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն (Ժամանակացոյցը տեսնել էջ 2):

Նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսը, որ յատուկ այցելութեամբ մը Բրիտանիայէն եկաւ Լիբանան` շնորհաւորելու համար նախագահ Աունը:

Հանդիպումէն ետք Ֆարես յայտնեց, որ ինք շնորհաւորած է նախագահ Աունը եւ լիբանանցիները` հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առիթով:

Ան շեշտեց, որ ինք ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուի կամ ի՛նչ պաշտօն, որ ստանձնէ` միշտ Լիբանանին ծառայելու տրամադրութեան տակ կը գտնուի:

Ֆարես ըսաւ, որ զօր. Աունի նկատմամբ յատուկ յարգանք եւ մտերմութիւն ունի` աւելցնելով, որ ինք վստահ է, թէ նախագահ Աունի իշխանութեան օրով Լիբանան վերածնունդ պիտի ապրի:

Ֆարես յայտնեց, որ ինք միշտ ալ մօտ եղած է լիբանանեան քաղաքականութեան եւ Լիբանանի նկատմամբ մեծ սէր կը տածէ:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կացութիւնը:

Նշենք, որ նախագահ Աունի հրամանագիրով հազարապետ-զօրավար Սելիմ Ֆղալի նշանակուեցաւ նախագահական պալատի պահակագունդի հրամանատար:

Այս որոշումը ստորագրուեցաւ նաեւ զօր. Քահուաժիի կողմէ:

Հազարապետ-զօրավար Սելիմ Ֆղալի իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ երկուշաբթի, 7 նոյեմբերին:

Նախագահ Աունի այցելեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, որ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` հաստատելով, որ հայրենիքը նոր սկիզբի կարիք ունի:

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ այցելեց նախագահական պալատ, ուր շնորհաւորեց նախագահ Աունը:

Նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանէն, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանէն, ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիէն, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքէն եւ Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսէն:

Շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ նախագահ Աուն ստացաւ նաեւ շարք մը հեռաձայնային շնորհաւորական հաղորդակցութիւններ:

Շնորհաւորողներուն շարքին էր Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը:

Ան յաջողութիւն մաղթեց նախագահ Աունին` անոր ստանձնած պատասխանատուութեան առումով:

Թագաւորը հաստատեց, որ Ռիատ յանձնառու է Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդման:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին` յոյս յայտնելով, որ Սէուտական Արաբիա ամէն իմաստով զօրակցի Լիբանանին:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը շնորհաւորեց նախագահ Աունը:

Նախագահ Աունը շնորհաւորեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանեան բանակին, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով:

Քերրի մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն կազմուի:

Իր կարգին, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քերրիին` շեշտելով, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական արագ լուծումը իր դրական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Լիբանանի վրայ, յատկապէս գաղթականներու տագնապին հարցը լուծելու առումով:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին շնորհաւորեց նախագահ Աունը: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:

Քի Մուն հաստատեց, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին:

Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր կարգին ողջունեց նախագահ Աունի ընտրութիւնը:

Նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորէն եւ Օմանի Քապուս պըն Սայիտ սուլթանէն:

Անոնք մաղթեցին Լիբանանի հետ իրենց երկիրներուն յարաբերութիւնները ամրապնդել եւ իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին նորընտիր նախագահին:

Սպանիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հեռագիր մը եւս շնորհաւորեց նախագահ Աունը` ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք հեռագիրով մը շնորհաւորեց նախագահ Աունը` հաստատելով, որ անոր ընտրութիւնը կը վերահաստատէ իրենց յոյսը` Լիբանանի ժողովրդավար ըլլալուն իրականութեան առումով:

Պրազիլի նախագահ Միշել Թամեր իր կարգին շնորհաւորեց նախագահ Աունը:

Նախորդը

«Շնորհակալութիւն Կը Յայտնենք Համախմբումի Սիւներէն` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Որ Առաջին Օրէն Մեզի Նեցուկ Կանգնեցաւ» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Երկու Հայեր Կրնան Հարիւր Տարիով Բանտարկուիլ` Զինուորական Մաքսանենգութեան Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?