Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Հայ Գիրքի Համահայկական 37-րդ Ցուցահանդէսը Կը Ձօնէ Աստուածաշունչի Տպագրութեան 350-Ամեակին

Հոկտեմբեր 31, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

kirk_103016

Կիրակի, 30 հոկտեմբեր 2016-ին, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, «Որք զարդարեցին» շարականին երգեցողութեամբ հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ հաստատուած յատուկ տաղաւարը, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնապէս բացումը կատարեց Հայ գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսին:

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հայ մշակոյթի պաշտպանութեան եւ հայ գիրի ու գրականութեան տարածման սրբազան առաքելութիւնը` իր սրբազան յարկին տակ ի մի հաւաքելով հայ հրատարակչատուները, հեղինակներն ու մտաւորականները, դպրոցական ու համալսարանական աշակերտները եւ անհատ գրքասէրները:

Բացման հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ հրատարակչատուներու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, գրքասէր հանրութիւն մը եւ մանաւանդ դպրոցական ու դպրոցաւարտ երիտասարդներ:

kirk1_103016

Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան եւ ըսաւ. «Ներկայ տարին 350-ամեակն է Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան: Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած Հայ գիրքի համահայկական այս 37-րդ ցուցահանդէսը կը նուիրենք Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին»: Վեհափառ հայրապետը խօսելով Ոսկան վարդապետի կատարած գործին կարեւորութեան եւ անձնուրաց եկեղեցականի վաստակին մասին` յիշեցուց. «1666 թուականը մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը յատկանշուի Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեամբ: Սովորական երեւոյթ մը չէր Աստուածաշունչի տպագրութիւնը` նկատի ունենալով այդ ժամանակներու դժուար պայմանները` թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ գործնական իմաստով: Սակայն, շնորհիւ Ոսկան վարդապետի իմաստուն ու քաջ քայլին, հայ ժողովուրդը իր ձեռքերուն մէջ ու աչքերուն դիմաց ունեցաւ տպագրուած Աստուածաշունչը:

«Սպահանի մէջ ծնած, Ս. Էջմիածնի մէջ իր եկեղեցական կոչումը ստացած Ոսկան վարդապետ կ’առնէ Աստուածաշունչի տպագրութեան յանդուգն քայլը: Ինչպէս հայ գիրերու գիւտարարը եւ թարգմանչաց սերունդի առաջնորդը` Ս. Մեսրոպ իր սրբազան առաքելութիւնը սկսելէ առաջ երազեց, տագնապեցաւ, պրպտեց, ուսումնասիրեց` միշտ մեկնելով ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու ամուր յանձնառութենէն, այնպէս ալ Ոսկան վարդապետը, մէկդի թողելով իր միաբանի հանգստաւէտ պայմանները, հոգեւորականի տիտղոսին փառքն ու պատիւը, իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Աստուածաշունչի տպագրութեան: Հո՛ն գտաւ իր հոգեւորականի փառքն ու պատիւը. հո՛ն տեսաւ իր ճշմարիտ մեծութիւնը, իր գոյութեան պատճառը: Ոսկան վարդապետ սոսկ տպագրիչ չեղաւ, այլ պրպտող, հաւաքող, քննող, դասաւորող բանասէր ու խմբագիր: Ճի՛շդ է, իրմէ առաջ Աստուածաշունչի տպագրութեան փորձեր կատարուած էին, փորձեր եղած էին ո՛չ ամբողջական, այլ` թերի ու սահմանափակ, սակայն Ոսկան վարդապետ կը նկատուի Աստուածաշունչի առաջին ու ամբողջական տպագրութեան ռահվիրան», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ Աստուածաշունչի կարեւորութեան անդրադառնալով` Արամ Ա. կաթողիկոս պատգամեց. «Արդարեւ, եթէ Մեսրոպ Մաշտոց ու Սահակ Հայրապետ 5-րդ դարուն Աստուծոյ խօսքը հայացուցին` ստեղծելով մեր պատմութեան Ոսկեդարը, ապա, Ոսկան վարդապետ ձեռագիրներու փոշիներուն տակ մնացած Աստուածաշունչը մատչելի, տեսանելի ու շօշափելի դարձուց մեր ժողովուրդին: Աստուածաշունչը տպագրելով` Ոսկան վարդապետ սոսկ տպագրական մարզին մէջ կարեւոր իրագործում մը չէր կատարեր, անոր հիմնական նպատակը մեր ժողովուրդը հրաւիրել էր Աստուածաշունչը կարդալէն ու ճանչնալէն անդին` զայն ապրելու: Հոս կը կայանայ խորունկ իմաստը Աստուածաշունչի տպագրութեան: Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակը հոգեւոր արթնութեան կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն` դառնալու Աստուածաշունչին, հաւատարիմ մնալու անոր ուսուցումներուն ու մեր կեանքին փոխադրելու անոր արժէքներն ու սկզբունքները: Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակը մարտահրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ու բարոյական արժէքները մեր կեանքի լուսանցքին մղող ներկայ աշխարհի հոսանքներուն դիմաց Աստուածաշունչը ամրօրէն պահելու մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի մայր էջին վրայ»:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը ներկաները իրազեկ դարձուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուող Աստուածաշունչի արեւմտահայերէն թարգմանութեան աշխատանքներուն. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը երեք տասնամեակներէ ի վեր ձեռնարկած է Աստուածաշունչի արեւմտահայերէնի թարգմանութեան այնքան հրամայական աշխատանքին: Արեւմտահայերէնի թարգմանութեան Նոր կտակարանը արդէն իսկ հրատարակուած է շուրջ երկու տասնամեակներ առաջ ու Հին կտակարանի թարգմանութեան աշխատանքը դրական ընթացքի մէջ է: Հետեւաբար, Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան 350-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր ժողովուրդին կը ներկայանայ Ոսկան վարդապետին կողմէ կատարուած հսկայ աշխատանքին նման նուիրական գործ մը կատարած ըլլալու արդար հպարտութեամբ»:

Հայ գիրքի համահայկական 37-րդ ցուցահանդէսի բացումը վերջ գտաւ դպրեվանքի սաներուն կողմէ ազգային երգերու եւ հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ: Ապա, ներկաները առիթը ունեցան հաղորդակից դառնալու ներկայացուած գիրքերուն ու հայաբոյր հատորներուն:

Հայ գիրքի 37-րդ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 նոյեմբեր 2016` ընդունելու համար հայ երիտասարդութիւնը, դպրոցական աշակերտներն ու գիրի եւ գրականութեան սէր ունեցող հանրութիւնը` ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Նախորդը

«Հայոց Պետականութիւնը Միասնութեան Առանցք» Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?