Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Լոքեան. «Պարտադրել, Որ Մարզպետը Ընտրութիւն Կազմակերպէ, Ատիկա Ինծի Համար Գոնէ Անհասկնալի Է»

Նոյեմբեր 2, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lokian_110116

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան երէկ խորհրդարանին մէջ  լրագրողներուն ըսաւ, որ կառավարութեան համակարգի արդիւնաւէտութեան ծիրին մէջ պէտք է քննարկել նաեւ փոխմարզպետերու թիւի սեղմումի հարցը:

«Մենք ունինք մարզեր, ուր երկու, երեք փոխմարզպետներու հարց ունինք: Այդ հարցը մշտապէս քննարկուած է, պարզապէս քաղաքական փոփոխութիւններու պատճառով ձեւաւորուած համաձայնութիւններու մէջ տարբեր կուսակցութիւններէն համալրում եղած է մարզպետարաններ` փոխմարզպետի պաշտօնով, համաձայնական դաշինքներէն դուրս գալէ ետք մարդիկ շարունակած են աշխատիլ, եւ թիւը մեծցած է: Այս խնդիրը միշտ քննարկուած է», ըսաւ նախարարը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ լուրեր կային, որ Շիրակի մարզպետը պիտի փոխուի, արդեօ՞ք ինքը տեղեկութիւններ ունի այդ մասին, Լոքեան ըսաւ. «Շիրակի մարզպետի փոփոխութեան հարց չկայ, անոնք  պարզապէս ընտրութիւններէն ետք յայտարարութիւններ են, ու ես կը կարծեմ, որ մարզպետը պէտք է փոխուի մարզին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններու լոյսին տակ: Եթէ ան ընտրութիւններուն աշխուժ մասնակցութիւն չէ ունեցած, մենք բոլորս կ՛ուզենք, որ մարզպետները չմասնակցին ընտրական հոլովոյթին, Շիրակի մարզպետը այդ գործառոյթը պահպանած է, Շիրակի մարզպետի փոփոխութեան խնդիր չկայ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ, իբրեւ կուսակցական գո՞հ է դաշնակցական մարզպետներէն, նախարարը յայտնեց. «Մենք մարզպետ չենք նշանակած, որ ձայն բերէ: Քաղաքական պաշտօններ ստանձնողները կոչուած չեն կուսակցութեան համար ձայներ ապահովելու»:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ փորձը ցոյց կու տայ, որ հանրապետականները ատիկա կը կատարեն, Լոքեան պատասխանեց. «Փորձը ինչ ցոյց կու տայ, հարցուցէք հանրապետականներուն: Դուք կը հարցնէք դաշնակցականի: Եթէ  դաշնակցական մարզպետները թոյլ կու տան ոչ բնական աշխատանք, պարտականութիւններու կատարման մէջ կը թերանան, զարգացման ծրագիրները չեն խրախուսեր, այն ժամանակ մենք կը բարձրացնենք անոնց աշխատանքէն ազատման խնդիրը: Բայց պարտադրել, որ մարզպետը երթայ, ընտրութիւն կազմակերպէ, ատիկա ինծի համար գոնէ անհասկնալի է: Տարիներ շարունակ դուք ալ կ՛ըսէիք, կը պայքարէիք, որ մարզպետները չխառնուին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն»:

 

 

Նախորդը

Քննարկուած Են Սիւնիքի Տարածքներու Զարգացման Եւ Հարուստ Կենսաբազմազանութեան Պահպանութեան Հարցերը

Յաջորդը

«Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Պէտք Է Գնահատուի Իբրեւ Յանցագործութիւն» Կ՛ըսէ Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?