Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Վերագտնել Կորսուած Ժամանակը

Նոյեմբեր 1, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

president-michel-aoun_103116

31  հոկտեմբերը իբրեւ յիշարժան թուական կ՛արձանագրուի Լիբանանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ: Նախագահական աթոռի շուրջ եռամեայ թափուր վիճակէն ետք, հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ բանակի նախկին հրամանատար, նախկին վարչապետ, խորհրդարանի մեծագոյն խմբակցութիւններէն մէկուն ղեկավար զօրավար Միշել Աունը:

Արդէն օրինաչափ դարձած էր, որ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին յաւակնէին բանակի նախկին հրամանատարներ, որոնք զինուորական բարձրագոյն պաշտօնէն ուղղակի անցած էին պետութեան ղեկին: Ժողովրդավարական կարգերով ղեկավարուող երկիրներուն համար նման կազմաւորում ունեցող եւ աշխատակարգի յատուկ եղանակի տիրացած անհատականութիւններու պետական-քաղաքական բարձրագոյն պաշտօն ստանձնելու փաստը կրնար օրինաչափ չընկալուիլ: Այսուհանդերձ, Լիբանանի ներքին-արտաքին քաղաքական պայմանները, արտաքին ուժերու միջամտութիւններու տարողութիւնը, ազդեցութեան բարդ կացութիւնները անուղղակիօրէն կը հիմնաւորէին նման կազմաւորումով պետական մարդոց նախագահութիւնը վստահելու որոշումները:

Այս պարագային հիմնական տարբերութիւն գոյութիւն ունի. նորընտիր նախագահը, թէեւ կրթութեամբ ու մասնագիտութեամբ զինուորական է, թէեւ բանակի հրամանատարութենէ անցած է կարճատեւ վարչապետութեան, այնուամենայնիւ իր աքսորէն Լիբանան վերադարձին, աւելի քան տասը տարի զբաղած է քաղաքական աշխատանքով, բանակցութիւններով, քաղաքական դաշինքներով. դերակատար եղած է համալիբանանեան քաղաքական խնդիրներու լուծման, աշխուժօրէն յարաբերութիւններ ունեցած է դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ, աշխատանքային այցելութիւններով մեկնած տարբեր երկիրներ` հանդիսանալով անոնց բարձրագոյն ղեկավարութիւններու պաշտօնական հիւրը:

Բանակի հրամանատարի պաշտօնը վարած օրերուն թէ աքսորէն վերադարձին իր ստանձնած քաղաքական աշխատանքներուն ընթացքին, նորընտիր նախագահը միշտ եւ հետեւողականօրէն սերտ յարաբերութիւններ մշակած է ու պահած լիբանանահայ համայնքին եւ յատկապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ: Տարբեր երկիրներ տուած իր աշխատանքային գործուղումներուն, ան անպայման հանդիպումներ ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքի պատասխանատուներուն եւ Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններուն հետ: Առանձնապէս պէտք է նշել նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նախագահ Աունի ելոյթը` պատմական իրադարձութիւններուն եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն մէջ Օսմանեան կայսրութեան եւ ներկայի Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութիւնը ընդգծելով ուղղակի ցեղասպանութեան թէ միջնորդաւորուած ցեղային զտումներու իրականացման մէջ:

Եւ պատահական չէ անշուշտ, որ նախագահին հետ Դաշնակցութեան կապը առաջին օրէն շատ արագ անցում կատարեց ընտրականէն քաղաքականի: Փաստօրէն առաջադրանքները` համալիբանանեան մտածողութեան, տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, գերիշխանութեան պահպանման, համակարգի բարեկարգման եւ փոփոխութեան, միացեալ էին. մանաւանդ, նախագահ Աուն ամրօրէն համոզուած էր համայնքներու խաղաղ համակեցութեան եւ անոր համար նախապայմանային նկատած իւրաքանչիւր համայնքի իրողական ներկայացուցչութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը պետական հաստատութիւններուն մէջ:

Դիւրին պայմաններու մէջ չէ, որ նախագահ Աուն կը ստանձնէ երկիրը ղեկավարելու բարձրագոյն պաշտօնը: Տարածաշրջանի բարդ իրավիճակը, դրացի երկիրներու քաոսային կացութիւնը, արտաքին ուժերու ներգրաւուած ըլլալու բարձր տարողութիւնը եւ տակաւին ներքին քաղաքական շուկայի վրայ այդ բոլորի հաւանական ազդեցութիւններու շարունակութիւնը պատնէշներ են, որոնք պէտք է յաղթահարուին:

Նախագահի ընտրութեան պատմական օրը նոր էջ կը բանայ Լիբանանի պատմութեան մէջ, եթէ բոլոր համայնքները դրսեւորեն քաղաքական կամք` բոլորուելու նորընտիր նախագահին շուրջ, եւ արուեստական արգելքներ չդնեն նախագահի ընտրութեամբ սկսող նոր ընթացակարգի հեզասահ ընթացքին` նոր վարչապետի նշանակման, նոր կառավարութեան ձեւաւորման, անլոյծ մնացած խնդիրներու շուտափոյթ հանգուցալուծման:

Նախագահի ընտրութիւնը կը բարձրացնէ լիբանանցի ժողովուրդին բարոյահոգեբանական վիճակը: Նոր սկիզբի անհրաժեշտութիւնը վաղուց կը զգացուէր, եւ այս առիթը բաց պէտք չէ թողուլ` բարեկարգելու, փոխելու, սրբագրելու եւ կառուցելու սկզբունքները համալիբանանեան դրոյթի վերածելու, սահմանադրական որեւէ թափուր վիճակներ բացառելու եւ կորսուած ժամանակը շատ արագօրէն վերագտնելու. ի վերջոյ, յանուն Լիբանանի բարօրութեան ու  զարգացման աշխատելու:

Նախորդը

Աւելի Քան 2,5 Տարուան Թափուր Դրութենէ Ետք. Լիբանանեան Խորհրդարանը 83 Քուէներով Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրեց Զօր. Միշել Աունը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?