Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 9-րդ Խորհրդաժողովին Փակումը

Հոկտեմբեր 31, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem_103016

Շաբաթ, 29-ի hոկտեմբերի կէսօրին, Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը, որ սկսած էր հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ մասնակցութեամբ միութեան 7 Շրջանային եւ 12 Մեկուսի շրջաններու 40 ներկայացուցիչներու:

Խորհրդաժողովը երեք օրուան ընթացքին կատարեց ընդհանուր արժեւորումը միութեան վերջին մէկ տարուան գործունէութեան եւ գնահատանքով անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ մասնաճիւղերուն` Թիֆլիսի, Մոսկուայի, Միւնիխի եւ Հոլանտայի մէջ ծաւալած աշխատանքներուն: Խորհրդաժողովը յատուկ կարեւորութեամբ քննեց Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի տարածման եւ ամրապնդման ծրագիրները` նորանոր միաւորներու եւ կեդրոններու ստեղծման անհրաժեշտութեամբ: Հիմնական քննարկման նիւթ դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ մասնաճիւղերուն իրավիճակը եւ այս առիթով խորհրդաժողովը հրապարակեց յատուկ զօրակցագիր մը (տեսնել` առանձին):

ՀՄԸՄ-ի 9-րդ խորհրդաժողովը իր օրակարգին վրայ ունեցաւ միութեան սկաուտական, մարզական եւ վարչական աշխատանքները հունաւորող ծրագիրներ: Քննարկումի նիւթ դարձան համա-ՀՄԸՄ-ական յառաջիկայ մարզախաղերը (2017) եւ բանակումը (2018) լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու ձեւերը: Որոշուեցաւ, որ համա-ՀՄԸՄ-կան մարզախաղերով ազդանշանը տրուի միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն, իսկ բանակումով եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած մեծաշուք հանդիսութեամբ փակումը կատարուի միութեան մէկ դարեայ յոբելենական տարուան:

Խորհրդաժողովը իրազեկ դարձաւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի նախապատրաստութիւններուն: Ներկայացուեցան 100-ամեակի խորհրդանշանը, բնաբանը, երգը, գլխաւոր հանդիսութիւններուն ծրագիրն ու հրատարակչական աշխատանքները: Նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը արժանավայել շուքով կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդաժողովը քննեց նաեւ միութեան քարոզչական համակարգին վերաբերող հարցեր եւ գոհունակութեամբ տեղեկացաւ, որ արդէն իսկ ընթացք առած են միութեան արդիական կայքի պատրաստութեան, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի թուայնացման եւ «Մարզիկ» երկլեզու լրատուին աշխատանքները:

Ներքին վարչական իմաստով, խորհրդաժողովը շեշտեց արդի արհեստագիտութեան միջոցներէն առաւելագոյնս օգտուելու հրամայականը: Այս իմաստով, ներկայացուեցաւ «Կուկըլ»-ի հետ ՀՄԸՄ-ի կնքած համաձայնութիւնը եւ միութեան ռազմավարական ծրագիրի արդի արհեստագիտութեան բաժինին նորագոյն ծրագիրները:

Խորհրդաժողովի աւարտին, մասնակիցները արծարծեցին ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 107 մասնաճիւղերը յուզող ազգային ընդհանրական մտահոգութիւններ (Միջին Արեւելքի հայութեան տեղաշարժ, Եւրոպայի մէջ նոր գաղութներու կազմակերպման պահանջ, հայախօսութեան նահանջ, նիւթական դժուարութիւններ, երիտասարդութեան ներգրաւման միջոցներ, դաստիարակչական արդիական ծրագիրներ եւ այլն):

Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի Սկաուտական Հանդիսութեան
Ներկայութիւն

Շաբաթ, 29 հոկտեմբերի երեկոյեան, ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի մասնաճիւղի սկաուտական հանդիսութեան, ուր տեղի ունեցաւ սկաուտներու գնահատագիրներու յանձնում եւ աստիճաններու տուչութիւն:

dsc-224-1

Հանդիսութեան խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Խօսքին աւարտին, ան ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանով պարգեւատրեց ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վաստակաշատ անդամ, ատենապետ Յակոբ Գազանճեանը: Նոյն առիթով, ան յուշանուէրներով պատուեց կիպրահայ համայնքի երախտաշատ անդամներէն Արթօ Դաւիթեանը, Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւը, ՀՅԴ կոմիտէն եւ ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութիւնը:

Զօրակցագիր

ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը (Նիկոսիա, 27-էն 29 հոկտեմբեր 2016) իր եռօրեայ նիստերուն ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի պատմական շրջաններէն Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին:

Խորհրդաժողովը դրուատիքով արձանագրեց, որ հակառակ Սուրիան հարուածող արիւնալի պատերազմին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ 5 մասնաճիւղերը` Հալէպը, Դամասկոսը, Լաթաքիան, Գամիշլին եւ Քեսապը, ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ միութենական օրինակելի յանձնառութեամբ` իրենց գործունէութիւնը կը շարունակեն անխախտ հաւատքով եւ կամքով:

ՀՄԸՄ-ի գաղափարական դրօշին տակ ծառայող քոյրեր եւ եղբայրներ իրենց բոլորանուէր մասնակցութիւնը կը բերեն գաղութի պահպանման ու պաշտպանութեան վեհ գործին` ի հարկին զոհաբերելով իրենց գարուն կեանքերը:

ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը, միութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքին անունով խոնարհեցաւ Սուրիոյ պատերազմին զոհուած 24 ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին դիմաց եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց տագնապալի պայմաններու մէջ ՀՄԸՄ-ի ազգանուէր գործը շարունակող հաւատաւոր միութենականներուն:

Այս առիթով խորհրդաժողովը շեշտեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ ընտանիքին ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի շրջանը անխափան շարունակէ նորահաս սերունդներու հայապահպանման նուիրական իր առաքելութիւնը:

ՀՄԸՄ-Ի ՄԻՋԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 9-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան Հանդիպում Ունեցաւ Լեհաստանի Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

«Վանայ Ձայն» Կը Պարգեւատրէ Մեծերը

RelatedPosts

Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 16, 2025
«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Մեկնեցաւ Քանատա Եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?