
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան` նախագահական ընտրապայքարին առումով:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք համախմբումի սիւներէն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ առաջին օրէն մեզի նեցուկ կանգնեցաւ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Ազգային ազատ հոսանքին զօրակցեցաւ զօր. Աունի վերադարձած օրէն մինչեւ անոր նախագահ ընտրուիլը: Մենք մի՛շտ իրարու զօրակցեցանք` հանդիսանալով հաստատ եւ ամուր դաշնակիցներ ըլլալու օրինակելի տիպար մը», ընդգծեց Պասիլ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հըզպալլային, որ ծանր ճնշումներու ենթարկուեցաւ իրականացնելու համար ազգային գործակցութեան լիիրաւ իմաստը:
Պասիլ աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները անդրադարձած են եւ համոզուած, որ ազգային միասնականութիւնը երկրին զարթօնքը ապահովելու երաշխիքն է` աւելցնելով, որ իրենց միասնականութիւնը պիտի ամբողջացնեն Մուսթաքպալ հոսանքին հետ` պահպանելու համար սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը:
Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն բոլոր լիբանանցիներուն նախագահն է` աւելցնելով, որ թէեւ անոր նախագահ ընտրուիլը համախմբումին համար կորուստ է, սակայն լիբանանցիներուն շահերուն կը ծառայէ:
Պասիլ նշեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն իրենց աշխատանքով նեցուկ կանգնելու հանրապետութեան նախագահին եւ յաջողցնելու անոր իշխանութիւնը:
Ան մաղթեց, որ լիբանանցիներուն նկատմամբ իրենց խոստումները ի վերջոյ կատարուին:
Պասիլ շեշտեց, որ համախմբումը քննարկած է վարչապետի հաւանական թեկնածուի հարցը եւ Մուսթաքպալ պլոքին կողմէ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի թեկնածութեան առաջադրումէն ետք յանձնառութիւն յայտնած է որդեգրելու անոր թեկնածութիւնը:
«Այս որոշումը բնական է. ով որ մեզի կ՛ընդունի, մենք փոխադարձաբար կ՛ընդունինք զայն եւ մեր բոլոր քուէները կը տրամադրենք ի նպաստ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ կը զօրակցինք անոր` դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:
Պասիլ շեշտեց, որ իրենց ծրագիրը հանրապետութիւնն է` կոչ ուղղելով բոլորին կիրակի օր ուղղուելու «Ժողովուրդի պալատ», իրենց հետ ունենալով լիբանանեան դրօշակներ:


