Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է  Հիւլէական Հետազօտութիւններու  Միացեալ Հիմնարկի Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ընդունած Է Հիւլէական Հետազօտութիւններու Միացեալ Հիմնարկի Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 հոկտեմբերին ընդունած է «Հիւլէական հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի օրերը Հայաստանի մէջ» խորագիրով գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող գիտնականներու պատուիրակութիւնը` հիմնարկի տնօրէն, բնագիտական¬ուսողական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, ակադեմիկոս Վիքթոր Մաթվէեւի գլխաւորութեամբ: Գիտաժողովը տեղի կ՛ունենայ 19-22 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ եւ նուիրուած է Հիւլէական հետազօտութիւններու միացեալ հիմնարկի 60-ամեակին ու հիմնարկին Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ կարեւոր...

Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու  Նախագիծը Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցումով

Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծը Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցումով

19 հոկտեմբերին Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին քուէարկութեան դրուեցաւ ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծը առաջին ընթերցումով ընդունելու հարցը: Քուէարկութենէն առաջ վարման կարգով յայտարարութիւններ կատարեցին քանի մը պատգամաւորներ: Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) խմբակցութեան նախագահ Նայիրա Զոհրաբեան նշեց, որ կառավարութեան ներկայացուցիչին կողմէ միտում նկատելի է` չքննարկելու իրենց առաջարկները: Ան նշեց, որ եթէ խոստացուած քննարկումները չշարունակուին, ապա ԲՀԿ-ն երկրորդ ընթերցման քուէարկութեան պիտի չմասնակցի: Հայաստանի Հանրապետական...

Սամուէլ Մկրտչեան Ապու Սաապի Հետ  Քննարկեց Կրթական Մարզին Մէջ  Համագործակցութիւնը  Աշխուժացնելու Քայլերը

Սամուէլ Մկրտչեան Ապու Սաապի Հետ Քննարկեց Կրթական Մարզին Մէջ Համագործակցութիւնը Աշխուժացնելու Քայլերը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան 18 հոկտեմբերին այցելեց Լիբանանի կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութիւնը: Կողմերը քննարկեցին կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան աշխուժացման վերաբերող քայլերը` շեշտը դնելով ստորագրուած համաձայնագիրներու գործադրութեան առնչութեամբ գործնական քայլերու դիմելու անհրաժեշտութեան վրայ: Այդ պարունակին մէջ կողմերը համաձայնեցան պարբերական հանդիպումներ եւ  նպատակային քննարկումներ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Լիբանանի նորակազմ Շրջանային վարչութիւնը  անցնող շաբաթներուն ծանօթացման շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանին եւ հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին ներկայացուեցան վարչութեանս գործունէութեան դաշտն ու աշխատանքային ծրագիրը, գաղութներու եւ Հայաստանի հետ գործակցութիւնը,...

Այսօր Կը Սկսի Լրագրողներու  Համահայկական Համաժողովը Նիստերը Պիտի Հեռարձակուին  «Նոյեան Տապան»-ի Ու «Ազդակ»-ի Կայքերուն Վրայ

Այսօր Կը Սկսի Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովը Նիստերը Պիտի Հեռարձակուին «Նոյեան Տապան»-ի Ու «Ազդակ»-ի Կայքերուն Վրայ

Այսօր` 20 հոկտեմբերին, ժամը 10:40-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով, Լիբանանի ժամանակացոյցով` 9:40-ին) բացումը պիտի կատարուի  Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին, որ կը կրէ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը եւ նուիրուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին: Քառօրեայ համաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ մինչեւ 24 հոկտեմբեր` Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ: Համաժողովին պիտի մասնակցին 140 լրագրողներ` աշխարհի 31 երկիրներէ: Բացման խօսքով հանդէս պիտի...

«Մենք Ձեւակերպած Ենք Բաւական  Հետաքրքրական Ծանրաձող»  Կ՛ըսէ Վարչապետ Կարապետեան

«Մենք Ձեւակերպած Ենք Բաւական Հետաքրքրական Ծանրաձող» Կ՛ըսէ Վարչապետ Կարապետեան

18 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան արտակարգ նիստը, զոր վարած է Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան:  Քննարկուած են երկու հարցեր` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագիրը եւ «Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ գումարելու վերաբերեալ Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեան մասին» որոշումը: Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրը ներկայացուցած է Հայաստանի փոխվարչապետ, Միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, որ դիտել տուած է, թէ Հայաստանի մարտահրաւէրները կը...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Շիրակի  Մարզպետին Նկատմամբ Քննութիւն Բացած Է

«ՀՅԴ – ՀՀԿ Յուշագիրին Գրեթէ Բոլոր Դրոյթները Կ՛արտացոլան Կառավարութեան Ծրագիրին Մէջ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Ազգային ժողովի արտակարգ նիստերու ծիրին մէջ 18 հոկտեմբերին շարունակուած են պատգամաւորներուն ելոյթները Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծին վերաբերեալ: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ բազմաթիւ ելոյթներ կը պարունակեն զեղումներ, որոնք կապուած չեն ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն: «Տրամախոհութիւնը հետաքրքրական հասկացողութիւն ունի` կարելիութիւն եւ իրականութիւն: Օրէնքներով կը ստեղծենք կարելիութիւն, բայց անիկա իրականութիւն...

Երեւան Կը Հրապարակէ Ղարաբաղի Հարցով ՀԱՊԿ-ի Վեհաժողովին Յայտարարութիւնը

Երեւան Կը Հրապարակէ Ղարաբաղի Հարցով ՀԱՊԿ-ի Վեհաժողովին Յայտարարութիւնը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին եւ Դիմատետրի էջին վրայ, ինչպէս նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ (ՀԱՊԿ) Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը իր Դիմատետրի էջին վրայ 18 հոկտեմբերին հայերէնով եւ ռուսերէնով հրապարակած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերեալ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն 14 հոկտեմբերի յայտարարութիւնը: Անոր մէջ նշուած է. «Աջակցութիւն կը յայտնենք 16 մայիսին Վիեննայի եւ 20 յունիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ...

Մեհրապի Մէջ .  Ժահժահ Հայաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մեհրապի Մէջ . Ժահժահ Հայաստանի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապն ու զարգացումները եւ Լիբանանի վրայ անոնց հետեւանքները:

«Խաչատուրեան Թրիօ»-ի  Ելոյթը` Լիբանանի Մէջ

«Խաչատուրեան Թրիօ»-ի Ելոյթը` Լիբանանի Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Խաչատուրեան թրիօ»-ի ելոյթը` կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութեան եւ ներկայութեամբ արուեստասէր լիբանանահայութեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Շահէ Պապահիկեան: Ան ըսաւ, թէ տասնամեայ թրիոն ելոյթներով հանդէս եկած է աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ եւ համաշխարհային բեմերուն վրայ` արժանանալով հայ եւ օտար երաժիշտներու եւ արուեստասէրներու բարձր գնահատանքին: Ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ...

Կառավարութեան Մէջ  Նոր Նշանակումներ

Կառավարութեան Մէջ Նոր Նշանակումներ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի որոշումով կատարուած են նոր նշանակումներ: Արթուր Յովհաննիսեան նշանակուած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի առաջին տեղակալ, Ատոմ Ջանջուղազեան ազատ կացուցուած է Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի տեղակալ-գլխաւոր գանձապետի պաշտօնէն եւ նշանակուած Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի առաջին տեղակալ: Զարմինէ Զէյթունցեան նշանակուած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար:

Շուրջ 4 Միլիոն Տոլարի Ուղղակի Ներդրումներ  Պիտի Կատարուին Դիլիջանի Մեծցուած Համայնքին Մէջ

Շուրջ 4 Միլիոն Տոլարի Ուղղակի Ներդրումներ Պիտի Կատարուին Դիլիջանի Մեծցուած Համայնքին Մէջ

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան 15 հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Տաւուշի մարզ, ուր Դիլիջանի մէջ մասնակցած է  «Դիլիջանը երկու տարի անց» խորագիրով քննարկման` մասնակցութեամբ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւոր խորհրդական Գագիկ Մարտիրոսեանի, Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանի, Դիլիջանի քաղաքապետ Արմէն Սանթրոսեանի, Տարածքային զարգացման հիմնադրամի տնօրէն Աշոտ Կիրակոսեանի, մարզի շարք մը համայնքներու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ շահագրգիռ այլ կազմակերպութիւններու...

Սուրիահայերու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան  Հարցով Դիմուած Է Միջազգային Մարմիններուն

Սուրիահայերու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Հարցով Դիմուած Է Միջազգային Մարմիններուն

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան Սուրիոյ մէջ բնակող հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման եւ վերջիններուս աջակցութիւն տրամադրելու հարցով դիմած է ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, Եւրոպական խորհուրդի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչին, Եւրոպական մարդու իրաւունքի պաշտպաններու հիմնարկին, Միջազգային մարդու իրաւունքի պաշտպաններու հիմնարկին, Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ղեկավարներուն: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին համաձայն, միջազգային...

Կարօ Փայլան Յայտարարած Է,  Թէ Մտադիր Է Էրտողանը Դատի Տալ

Կարօ Փայլան Յայտարարած Է, Թէ Մտադիր Է Էրտողանը Դատի Տալ

Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Կարօ Փայլան կը պատրաստուի դատի տալ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Ան այս մասին յայտարարած է «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ: Հայազգի երեսփոխանը զայրացած է Էրտողանի` Տրապիզոնի մէջ կազմակերպած հանրահաւաքի մը ընթացքին կատարած շարք մը ցեղապաշտական յայտարարութիւններէն: Էրտողան նշեալ հանրահաւաքին ընթացքին հեգնած էր կիները: «Յիշեցէ՛ք, թէ ձեզի ինչ կ՛ըսէի: Օր մը պիտի չմեռնի՞ք: Բայց...

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանը  Հանդիսաւորապէս Նշեց Իր Հիմնադրութեան Տօնը

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանը Հանդիսաւորապէս Նշեց Իր Հիմնադրութեան Տօնը

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը տարբեր հրապոյր մը ունէր: Համալսարանի շրջափակին մէջ դասախօսներ, պաշտօնէութիւն, հին եւ նոր շրջանաւարտներ, ուսանողներ արտասովոր խանդավառութեան մէջ էին: Ամէնուրեք տեղադրուած համալսարանին նշանաբանը` «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն», առիթ կու տար բոլորին պահ մը խորհրդածելու ըսուածին կարեւորութեան մասին, ոչ միայն ուսանողներուն, այլեւ իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ: Կրթական հաստատութեան մը հիմնադրութեան տօնը հպարտալի առիթ է գնահատելու այդ հաստատութեան տասնամեակներու վաստակը: Փաստօրէն...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Եւրասիական  Գործընկերութեան Միջազգային Համաժողովի  Մասնակիցները Եւ Այցելած  «Արմհայթեք-2016» Ցուցահանդէս

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Եւրասիական Գործընկերութեան Միջազգային Համաժողովի Մասնակիցները Եւ Այցելած «Արմհայթեք-2016» Ցուցահանդէս

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 հոկտեմբերին ընդունած է Եւրասիական գործընկերութեան միջազգային առաջին համաժողովին մասնակիցները, ինչպէս նաեւ նոյն օրը այցելած է «ԱրմՀայԹեք-2016» առաջին միջազգային ցուցահանդէսը: Նախագահական նստավայրին մէջ ողջունելով համաժողովի մասնակիցները` նախագահը կարեւոր նկատած է այն, որ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան այս օգտակար նախաձեռնութեան սկիզբը կը տրուի ներկայացուցչական մակարդակով, քանի որ, անոր համաձայն, մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը կարելիութիւն ունի իր...

Բողոքի Քայլարշաւ` Ի Պաշտպանութիւն  Հալէպահայութեան

Բողոքի Քայլարշաւ` Ի Պաշտպանութիւն Հալէպահայութեան

Սթրազպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչները քայլարշաւ մը կազմակերպած են ի պաշտպանութիւն Հալէպի հայերուն: Հայ երիտասարդները անցած են Եւրոպական խորհուրդի, Եւրոպական դատարանի եւ Եւրոպական խորհրդարանի շէնքերուն դիմացէն, անոնք պարզած են «1915-2016. Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի», «Եւրոպան պէտք է գործէ», «Փրկէ՛ Հալէպը» գրութիւններով պաստառներ եւ վանկարկած «Ո՛չ նոր պատերազմներուն», «Խաղաղութի՛ւն Սուրիոյ, Իրաքին եւ Լիբանանին», «Խաղաղութի՛ւն Հալէպի հայութեան»: Քայլարշաւին մասնակիցները նաեւ պարզած են Հալէպի մէջ...

Պաապտայի Մէջ.   Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը  Ժողովրդային Բազմամարդ Հաւաքով  Նշեց 13 Հոկտեմբերի Յիշատակը

Պաապտայի Մէջ. Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Ժողովրդային Բազմամարդ Հաւաքով Նշեց 13 Հոկտեմբերի Յիշատակը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները Պաապտայի ճամբուն վրայ նշեցին 13 հոկտեմբեր 1990-ի յիշատակը` ներկայութեամբ նախարարներու եւ երեսփոխաններու: Նարնջագոյն դրօշակներով եւ «ժեներալ»-ին յատուկ ինքնաշարժի ճչակներու եղանակով Մեթնի, Քեսրուանի, Զահլէի, Ժեզզինի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ապրող հազարաւոր աունականներ ուղղուեցան Պաապտա` մասնակցելու համար 13 հոկտեմբերի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին: 13 հոկտեմբերի նահատակներուն յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` քրիստոնէական եւ իսլամական աղօթքներով: Ազգային...

ՀԵԸ-ի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի  Յոբելենական Հանդիսութիւն

ՀԵԸ-ի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան հիմնադրութեան 85-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Էմիլ Լահուտ»-ի անուան համագումարներու պալատին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Շրջանային յանձնաժողովին եւ կազմակերպութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան: Յոբելենական հանդիսութեան պաշտօնական բացումէն առաջ հանդիսասրահի մուտքին ցուցատախտակներու վրայ զետեղուած էին միութեան բոլոր մարզերու գործունէութիւններու արխիւային նկարներու հաւաքածոներ: Ձեռնարկին նախորդեց տողանցք` «Տեմիրճեան» կեդրոնէն հանդիսութեան սրահ: Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ...

ՀՅԴ «Նաւասարդեան» Պատանեկան Միութեան  Նախաձեռնութիւնը Վերամուտին Առիթով

ՀՅԴ «Նաւասարդեան» Պատանեկան Միութեան Նախաձեռնութիւնը Վերամուտին Առիթով

Նախաձեռնութեամբ  ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան, դպրոցական տարեշրջանի վերամուտի նախօրեակին, պատանեկան միութեան անդամները այցելեցին Ամանոսի հայ տուները` հայ աշակերտին մաղթելու բարի վերամուտ: Այցելելով աւելի քան 130 ընտանիքի,  «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան անդամ պատանիները հայ աշակերտներուն բաժնեցին  գրենական պիտոյքներ եւ տետրակներ, իսկ մանկապարտէզի աշակերտներուն` խաղալիք: Այս աշխատանքը տեւեց քանի մը օր: Այս աշխատանքով դաշնակցական ակումբը եւ պատանին...

Page 670 of 796 1 … 669 670 671 … 796

Արխիւներ