Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Պատասխանատուներուն Հետ

Դեկտեմբեր 13, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nalbandian_121216

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանէն կը հաղորդեն, որ 11 դեկտեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, եւրոպական միջազգային կառոյցներու մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչներու հանդիպումը Հայ դատի գրասենեակներու պատասխանատուներուն հետ` Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի ղեկավար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ:

Էդուարդ Նալբանդեան Հայ դատի յանձնախումբերու ղեկավարներուն ներկայացուց Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին արդիւնքները, Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին քաղաքական նախարարութիւններու ղեկավարներուն միացեալ յայտարարութիւնը, ապրիլին Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումին հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ի գործ դրուող ջանքերը:

Նախարար Նալբանդեան Հայ դատի գրասենեակներու պատասխանատուներուն տեղեկութիւններ տուաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովին արդիւնքներուն, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:

Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու իրաւական նոր շրջանակային փաստաթուղթի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին, մուտքի արտօնագրային դրութեան ազատականացման առնչուող երկխօսութեան սկզբնաւորման վերաբերեալ:

Հանդիպումին մասնակիցները քննարկեցին համահայկական կարեւորութիւն ունեցող շարք մը հարցեր:

Հայ դատի յանձնախումբերուն կողմէ հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Արմէն Ռուստամեան, Վիգէն Բաղումեան, Մուրատ Փափազեան, Կիրօ Մանոյեան, Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան:

Ասիկա այս տարուան երկրորդ հանդիպումն էր: Առաջինը տեղի ունեցած էր Երեւանի մէջ, 7 մայիսին, ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ շրջանային յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն ու արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարութեան մասնակցութեամբ:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Նշանակուած Ընդհանուր Հիւպատոսը Այցելած Է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ 3.860.000 Ամերիկեան Տոլար Հանգանակուեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքներուն Համար

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?