Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին, ներկայութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, երէկ` երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց` Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներուն մասին: Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի մասնակցութեամբ կայացած զրոյցը վարեց Համբիկ Մարտիրոսեան, եւ անոր ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան 25-ամեայ Հայաստանի դիմագրաւած դժուարութիւնները, անկախութեան կարեւորութիւնը` համայն հայութեան համար, բազմազան մարտահրաւէրները, ձեռքբերումները եւ ներկայի իրավիճակին լոյսին տակ եղած ակնկալութիւնները:
Բացման խօսքը արտասանեց տոքթ. Յովիկ Առաքելեան, որ անդրադարձաւ բարեգործական, մարդասիրական, որբախնամ, ազգանուէր, եկեղեցանուէր ու հայրենանուէր միութեան` ՀԲԸՄ-ի 100-ամեակին` ներկայացնելով անոր ծննդոցը եւ դիտել տալով, թէ միութեան գործունէութեան դաշտը եղած է բաւական ընդարձակ, իսկ աշխատանքը` բարեբեր: Ան հաստատեց, որ այսօր եւս` միութեան հիմնադրութենէն 110 տարի ետք, միութեան պատասխանատուները կը գիտակցին, որ տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Յայտագիրը վարեց Անժել Միսիսեան, որ յաջորդաբար հրաւիրեց Թուխիկ Աւետիսեանը, Նայիրա Մինասեանը եւ Յակոբ Զարմէնեանը` ասմունքելու:
Զրոյցէն առաջ արտասանած իր խօսքին մէջ Համբիկ Մարտիրոսեան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակը նկատեց յոյսի ու լոյսի տօն, նաեւ առիթ` հաշուետուութեան, ինքնասերտողութեան, ինքնարժեւորումի եւ ապագայի հեռանկարներու ուրուագծումի:
Ապա ան հարցումներ ուղղեց զրոյցի մասնակիցներուն, որոնց տուած պատասխաններուն ընդմէջէն կարելի եղաւ նիւթին թափանցել, տեղեկութիւններ ունենալ եւ արժեւորումներ կատարել:
Անկախութեան արժէքին ու կարեւորութեան մասին խօսելով` նախարար Հրանուշ Յակոբեան հաստատեց, որ անկախութիւնը գերագոյն արժէք է, Հայաստանի անկախութիւնը կերտուած է ժողովուրդին 99 տոկոսին «այո՛»-ի հաստատումով, որմէ ետք աշխարհի տարբեր պետութիւններ ճանչցան Հայաստանը իբրեւ պետութիւն, ան իր տեղն ու դերը ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ եւ տարբեր ամպիոններու վրայ:
Դեսպան Մկրտչեան լուսարձակի տակ առաւ ազգային պետականութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ինքնիշխան կերպով կառուցել հաւաքականութիւնը, համապատասխան մակարդակի եւ հզօրութեամբ յարաբերութիւն մշակել դրացի պետութիւններուն հետ: Ան եւս անդրադարձաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումին յաջորդող ժողովրդային հանրաքուէին, որ մեծ կարեւորութիւն եւ խորհուրդ ունի:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան նշեց, որ պետականութեան հետ պէտք է վերաբերիլ աւելի շօշափելի կերպով, պէտք է ընկալել զայն եւ համապատասխան քայլերով հաստատել անոր գոյութիւնը:
Շահան Գանտահարեան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին ու անկախութեան երթին սկսման մասին խօսելով` կարելի չէ չանդրադառնալ արցախեան ազատագրական պայքարին, որովհետեւ երկուքը գաղափարականօրէն շաղախուած են իրարու, երկուքին պարագային ալ համաժողովրդային շարժումը նկատելի էր, ժողովուրդը յանդուգն կերպով արտայայտեց իր տեսակէտն ու կեցուածքը: Ան դիտել տուաւ, որ դժուար է բացարձակ անկախութեան մասին խօսիլ, որովհետեւ միշտ նկատի պէտք է ունենալ Հայաստանի շրջանային կացութիւնը:
Հայաստանի անկախութեան առաջին տարիներուն վերաբերող հարցումին պատասխանելով` նախարար Յակոբեան լուսարձակի տակ առաւ բազում ու ծանր դժուարութիւնները` երկրաշարժ, Սումկայիթի ջարդեր, գաղթականութիւն, կենցաղային դժուարութիւններ, ճգնաժամային վիճակ, Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պատերազմ եւ այլն: Ան յատկապէս շեշտեց, որ այս բոլորին մէջ սփիւռքը հասաւ Հայաստանի օգնութեան, կանգնեցաւ անոր կողքին, որպէսզի հայրենիքը շարունակէր ապրիլ` աւելցնելով, որ Հայաստանի իսկական հարստութիւնն ու ուժը կը հանդիսանայ սփիւռքը, որ յաւերժ ներկայութիւն է հայրենիքին մէջ:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յիշեց Հայաստանի ապրած ցուրտ ու մութ տարիներուն սփիւռքահայութեան պարզած վիճակը` շեշտելով, որ կարեկցանքէն շատ աւելի անդին անցնելով, սփիւռքահայը լծուեցաւ գործի, այդպէս ալ մնաց ճգնաժամային տարիներէն ետք:
Հայաստանի դեսպանը աննախանձելի ժառանգութիւն նկատեց այն, որ Խորհրդային Միութեան նման կայսրութեան մը մաս կազմած Հայաստանի մէջ ապրողներուն մտայնութեան մէջ տիրած էր, եւ զոր փոխելու հրամայական գոյութիւն ունէր եւ տակաւին ունի որոշ չափով, նոյնիսկ այդ միութեան փլուզումէն տարիներ անց: Ան ըսաւ, որ Հայաստան նաեւ տնտեսական մեծ հարուած ստացած ողջունեց անկախութիւնը, որովհետեւ իր տնտեսութեան աւելի քան 40 տոկոսը կորսնցուց, ունեցաւ ամէնօրեայ հաց ապահովելու խնդիր` շեշտելով, որ 25 տարիներ ետք այդ բոլորը փոխուած են, կարելի եղած է շատ բան փոխել:
Շահան Գանտահարեան անկախութեան ձեռքբերման եւ պետականաշինութեան մէջ մեծապէս կարեւոր նկատել բանակի կազմութիւնը, որովհետեւ անիկա երաշխիքն է Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի գոյատեւման, որովհետեւ անով կարելի է յաղթահարել բազում դժուարութիւններ:
Ապա զրոյցին մասնակիցները խօսեցան 25-ամեայ անկախութեան ձեռքբերումներուն եւ նուաճումներուն մասին, որոնց մէջ նախարար Հրանուշ Յակոբեան առանձնացուց 2 հանրապետութիւններ ունենալը, մարտունակ ու անպարտ բանակը, պետականաշինութիւնը` սփիւռքահայերուն մասնակցութեամբ. ան շեշտեց, որ այսօր չկայ մարզ մը, ուր սփիւռքահայեր իրենց ներդրումն ու գործարարութիւնը չունին` անհրաժեշտ նկատելով հայրենիքին վերաբերող դրական տուեալներուն վրայ դնել շեշտը, եւ ոչ թէ արձանագրուած բացթողումներուն մասին խօսիլ միայն: Նախարարը նաեւ հաստատեց, որ ներկայիս ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որպէսզի հայրենիքը քաղաքականապէս, տնտեսապէս, զբօսաշրջութեան առումով աւելի բարեփոխուի, փտածութեան դէմ պայքարելով ըլլայ աւելի հզօր ու համայն հայութեան իսկական հայրենիքը:
Վերջին հարցումը կը վերաբերէր Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան, անկէ եղած ակնկալութիւններուն:
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան նախկինին եւ ներկային միջեւ բաղդատութիւն կատարելով դիտել տուաւ, որ այսօր առկայ է փոխվստահութիւն, շինիչ փոխյարաբերութիւններ` հաստատելով, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կապերը այսքան ամուր եւ հեզասահ պիտի չըլլային, եթէ գոյութիւն չունենար սփիւռքի նախարարութիւնը:
Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ նորացուած սահմանադրութեան, որուն մշակման շարժառիթը քաղաքական է, եւ որ իր լուրջ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ հաւասարակշռուած քաղաքական դաշտի ստեղծման վրայ: Գանտահարեան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն անդրադարձաւ լրատուական-տեղեկատուական դաշտին ընդմէջէն` դրական նկատելով այն, որ լրջութիւնն ու պատասխանատուութիւնը կը տիրեն այս մարզին մէջ, յատկապէս զգայուն վիճակներու մէջ միշտ ճիգ կայ հիմնական աղբիւրէն քաղելու լուրերը, որպէսզի սայթաքումներէ կարելի ըլլայ խուսափիլ: Գանտահարեանի համաձայն, կազմակերպուած համահայկական ժողովները ոչ միայն կը ծառայեն Հայաստան-սփիւռք ճանաչողութեան, այլ նաեւ` սփիւռք-սփիւռք: Հայրենիքի եւ սփիւռքի յարաբերութեան առումով Շահան Գանտահարեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի նախագահի ելոյթին մէջ նշուած այն կէտը, որ սփիւռք հասկացողութեան նկատմամբ հայեցակարգային մօտեցման փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ. Գանտահարեան շեշտեց, որ պէտք է սփիւռքին հետ վերաբերիլ համասեփականատիրոջ նման` իրաւունքներու եւ պարտաւորութեան տիրոջ:
Դեսպան Մկրտչեան անդրադարձաւ արտագաղթին, որուն պատճառները հիմնականին մէջ տնտեսական են, եւ որ լոկ ժխտական անդրադարձներ չունի, այլ կան նաեւ դրական կէտեր, որովհետեւ արտերկրի մէջ գտնուող հայորդիներ եւս մասնակից կը դառնան տնտեսութեան կայացման: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ սփիւռքահայերուն հայրենիք տեղափոխուելու, անոնց ներուժը, փորձառութիւնն ու կարողականութիւնը ի սպաս հայրենիքին ներդրելու կարեւորութիւնը, որպէսզի տարբերութիւնները մեղմանան, երկու հատուածները առաւել եւս ճանչնան զիրար, հասկնան եւ գործակցին:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ 5 հիմնական մարզեր, որոնց շուրջ հայութիւնը պէտք է միաւորուի, միասնաբար աշխատի, որպէսզի կարելի ըլլայ առկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւել եւ ընթանալ յառաջ: Ան մատնանշեց կառավարական նոր համակարգը, տնտեսական բարեփոխումներն ու ներդրումները, որոնց կարգին մեծապէս գնահատելի նկատեց ԱՌԻ ծրագիրը, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնիլը, Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ դատապարտում ապահովելը, արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայորդիներուն նեցուկ կանգնիլը, վերջին ժամանակաշրջանին` սուրիահայերուն եւ իրաքահայերուն: Ան կոչ ուղղեց ըլլալու մէկ ուժ ու բռունցք, պայքարելու ամէն տեսակ դժուարութեան դէմ, որպէսզի կարելի ըլլայ բարձր ու անձեռնմխելի պահել երկու հիմնական արժէքները` հայն ու հայրենիքը:
Ապա յուշանուէրներ յանձնուեցան զրոյցի մասնակիցներուն:
Աւարտին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան «Պօղոս Նուպար» շքանշանով պարգեւատրեց ՀԲԸՄ-ի մէջ կրթական մարզին մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցած Սիլվա Լիպարիտեանը: