ՀՅԴ Մարմիններու Խորհրդաժողով` Երեւանի Մէջ
24 հոկտեմբերին ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, որ 22-23 հոկտեմբեր 2016-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մամլոյ պատասխանատուները: Խորհրդաժողովի օրակարգին վրայ էին Հայաստանի մէջ համակարգային բարեփոխումներուն, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, կառավարութեան վերջին փոփոխութիւններուն վերաբերող հարցերը: Ժողովը կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ բարեփոխումներուն ընթացքը հանրութեան համար տեսանելի...




















