Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածին, երէկ` ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Մարինա Համամճեան, որ լուսարձակի տակ առնելով Սպարտակ Ղարաբաղցեանի արժէքը` թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, ըսաւ. «Կարելի է իսկապէս ըսել, որ ան սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ հարազատ ու անաղարտ կամրջումի լաւագոյն օրինակներէն է` հեռու ձեւականութենէ, այլ լեցուն բնական մղումով, վեհ հայու զգացումներով եւ ազգային տագնապներով եռացող ներաշխարհով»: Ան հաստատեց, որ թէ՛ իր պաշտօնին բերումով, եւ թէ՛ իբրեւ ազգային կեանքին մէջ աշխուժ գործիչ, հայրենիքի եւ սփիւռքի հարցերով հաւասարապէս տագնապող անձնաւորութիւն է Ս. Ղարաբաղցեան:
Ապա Մարինա Համամճեան յայտնեց, որ «Մեր թաղը» մատենաշարի երկրորդ հրատարակութիւնը հանդիսացող «Արեւի բնակավայր» գիրքը կու գայ առաւել եւս հարստացնելու Սպարտակ Ղարաբաղցեանի գրական-հրապարակագրական-թատերական աւանդը` դիտել տալով, որ գիրքին մէջ հեղինակին յիշատակներուն եւ ապրումներուն ընդմէջէն ընթերցողը կը հաղորդուի դրուագներու, Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան շրջաններու, հոն ապրող անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու, որոնց ճամբով յուշի կողքին պատգամ ու պատկեր կը փոխանցուի ընթերցողին:
Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայր» գիրքը ներկայացուց Ֆելիքս Բախչինեան: Ան ըսաւ, որ Սպարտակ Ղարաբաղցեանի յիշողութիւնը կը վերադասաւորէ հին թաղի բնակիչներu` իրենց արեւային բնակավայրին մէջ` աշխատելով բաց չձգել հասուն մանրամասնութիւնները, իր սրտի ջերմութեան մէջ թաթխելով սիրելի դէմքերուն վրայ վարպետօրէն գծագրուած պատկերները:
Ֆ. Բախչինեան յայտնեց, որ «Արեւի բնակավայրը» Երեւանն է` տուն դարձած իր հարազատներով, հայութեան ու հայկականութեան տիպական կերպարներով, որոնց տրուած «ներգաղթողներ», «հայրենադարձներ», «ախպարներ» անունները լոյսի շողեր են` իջած անոնց վրայ, շրջանակներ, որոնց մէջ ամփոփուած կը տրոփեն օրհասական օրերու ժառանգներու ազնուագոյն սիրտերու բեկորները: Ան ըսաւ, թէ Սպարտակ Ղարաբաղցեան կը վերցնէ իւրաքանչիւրը, կը գրկէ հին հարազատի պէս, լուսարձակը կը պտտցնէ անոր իւրաքանչիւր կողմը, որովհետեւ իւրաքանչիւր ամէնէն նուրբ կողմն անգամ բարոյական արժէք է:
Ֆ. Բախչինեան դիտել տուաւ, որ «Արեւի բնակավայր»-ը գրականութեան ու գրականագիտութեան մէջ կ՛որակուի իբրեւ իրականութեան ճշմարտացի նկարագրութիւն, ակնարկագրութիւն, լրագրողական արհեստավարժութիւն եւ այլն: «Ան աւելի քան իրականութիւն է, ըսաւ ան, որովհետեւ արմատներու յիշողութեան մասին է, իսկ արմատներու յիշողութիւնը իրականութեան արմատն է: Այդ արմատներուն վրայ բացուած է աշխարհի խոշոր խաղացողներու խաղասեղանը: Այս պարագային խաղասեղանը դրուած է «Արեւի բնակավայր»-ին մէջ, ուր խաղաթուղթերը աջ ու ձախ պտտող խաղացողներուն շուրջը հաւաքուածները Քեսապի, Հալէպի, Դամասկոսի, Արեւմտեան Հայաստանի, մէկ խօսքով, հայու` օրհասէն փրկուած բեկորներու զաւակներն են, որոնք բոլորը մէկ իւրայատկութիւն ունին. կը հանդիպին, կը կարօտնան, կը փաթթուին, ու կը սկսի վէճը, որ դարձեալ կարօտի մասին է, իրարմով աւելի լաւ ու շէն ապրելու, խաղի մէջ մտնելու, լաւագոյն խաղաքարտն ունենալու մասին»:
Ֆ. Բախչինեան ըսաւ, որ ««Արեւի բնակավայրը» Երեւանն է` տուն դարձած իր հարազատներով, որոնցմէ ոչ միայն բառ ու բանի հոտ կ՛առնես. անգամ օծանելիքի, սուրճի, ուրցի բոյրը կը բարձրանայ տողերուն մէջէն:« Արեւի բնակավայրը» Սպարտակ անունով տղեկի մանկութեան տունն է, ուր ան վերադարձած է երկար ճամբորդելէն, որպէսզի իր կարօտած սրտին սեղմէ իր մանկութեան մէջ անխաղաքարտ խաղացող «երեւելիներին»:
Ձեռնարկին ընթացքին «Արեւի Բնակավայր» գիրքէն հատուածներ ընթերցեցին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճէն Նանոր Այնթապլեան եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն Նարօտ Սէրուժեան:
Սրտի խօսք արտասանեց գիրքի հեղինակ Սպարտակ Ղարաբաղցեան: Ան ակնարկելով գիրքի հերոսներուն ըսաւ, որ անոնք կենդանի ու ապրող մարդիկ են, իսկ պատմութիւնները ապրուած են: Ամէն մէկը մէկ խճանկար է, որ յետոյ դարձած է պատմութիւն, դարձած է սփիւռք, որովհետեւ սփիւռքը ճակատագիր է: «Եթէ հայ մարդ ես եւ կ՛ապրիս Երեւան կամ ուրիշ տեղ, սփիւռքը քու ճակատագիրիդ մէկ մասն է, արեան գիծ է, որ անոր մէջն ես», ըսաւ հեղինակը:
Սպարտակ Ղարաբաղցեան յայտնեց իր ուրախութիւնը Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած իր գիրքի շնորհահանդէսին առիթով, ապա ըսաւ. «Իմ երազանքս է շնորհահանդէս ունենալ Հալէպի մէջ, ապա` Շուշիի, որ իմ պապերուս ծննդավայրն է: Այս է մեր արեան շրջանառութիւնը, առանց որուն կարելի չէ մեծ երազանք ունենալ, իմ գիրքս մեծ երազանքի մասին է, արեւի բնակավայր է: Արեւը ինծի համար խորհրդանիշ է. վերջ չունի: Հայաստանը այդ արեւի բնակավայրն է. մենք արեւի հետ ծագած ենք, արեւի հետ մայր կը մտնենք եւ արեւի հետ ամէն օր վեր կը բարձրանանք»:
Աւարտին Սպարտակ Ղարաբաղցեան մակագրեց իր գիրքէն օրինակներ: