Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

Դեկտեմբեր 10, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

zom-3_120916

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Սեպուհ Տօնիկեան, որ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ այս հանդիսութեան կարեւորութեան, ինչ որ աւանդութիւն մը դարձած է տարիներէ ի վեր: Տօնիկեան իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ գերազանց արդիւնքի հասնիլը միայն անձնական աշխատանքի արդիւնք չէ, այլեւ այդ յաջողութեան մէջ կը տեսնենք ծնողքին բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ դպրոցին, ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան աջակցութիւնը: Սեպուհ Տօնիկեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը միշտ պիտի ըլլայ հայ ուսանողին կողքին:

zom-2_120916

Բացման խօսքէն ետք գեղարուեստական յայտագիր մը գործադրուեցաւ` մասնակցութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի եւ Մարինէ Հալլաճեանի: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, Լիբանանեան- ամերիկեան համալսարանի դասախօս Սիլվա Փափազեան:

Փափազեան իր խօսքին սկիզբը գնահատեց այս հանդիսութեան նախաձեռնած ԶՈՄ-ը, որ իր կարգին իբրեւ ուսանողութիւն կը գնահատէ լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններու` պետական քննութիւններուն եւ հայագիտական նիւթերու մէջ գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները: Ան ըսաւ, որ այս շահեկան հանդիսութեան ընդմէջէն միութիւնը նեցուկ կը կանգնի կրտսեր սերունդին, որպէսզի ապագայի իմաստով անոնք ալ ըլլան կարեւոր բաժին մը` հայութեան փայլուն ապագայի կերտման համար աշխատող հաւաքականութենէն: Ապա ան խօսքը ուղղելով աշակերտներուն ըսաւ, որ «այսօր դուք կը պարգեւատրուիք ձեր ժրաջան աշխատանքներուն շնորհիւ, սակայն պէտք է անպայման գիտակցիք, որ ձեր ծնողները անսահման բարոյական եւ նիւթական զոհողութիւն ըրած են ձեզ ուղարկելով հայկական վարժարաններ, որպէսզի դուք ըլլաք ուսեալ եւ ապագայ խոստացող հայորդիներ»:

Ան ըսաւ նաեւ, որ պէտք չէ մոռնալ տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմին աշխատանքները, որոնց «նպատակը եղած է ձեզ պատրաստել, որպէսզի դառնաք պարծանքը ձեր ծնողներուն եւ հայութեան»: Փափազեան նաեւ անդրադարձաւ հայ դպրոցին կարեւորութեան, որ կը նկատուի մարդակերտումի վայր մը, ուր կը կերտուի հայ աշակերտին նկարագիրը: Ան ըսաւ. «Պէտք է պահենք մեր աւանդութիւնները, սակայն միեւնոյն ատեն պէտք է մրցինք նորարարութեան հետ», իսկ այս մէկը կը յաջողի, եթէ ըլլանք ուժեղ եւ ունենանք քննական մտածողութիւն եւ կամք: Փափազեան շեշտեց, որ յաջողութիւնները կը ծաւալին յարատեւ աշխատանքներու շնորհիւ»: Բանախօսը ըսաւ, որ վկայական առնելով չէ, որ պէտք է բաւարարուինք, այլ պէտք է ունենանք տեղեկացուած միտք, եւ ինչ մարզի մէջ ալ, որ մասնագիտանանք, պէտք է տիրապետենք այդ նիւթին:

Ան ըսաւ, թէ միշտ պէտք է ապրինք հայու ոգիով եւ հայու հոգիով: Փափազեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ հայ երիտասարդը լաւ կը ստեղծագործէ, եթէ կապ պահէ ժամանակակից արհեստագիտութեան հետ եւ երբ միշտ իր անձէն անբաժան մասնիկ մը կ՛ըլլայ իր հայկական պատկանելիութիւնը: Ան ըսաւ որ մենք մեր ինքնութիւնը պէտք է պահենք որեւէ միջավայրի մէջ:

Ապա 44 աշակերտներ բեմ բարձրացան եւ պարգեւատրուեցան:

Նախորդը

Կրէյս Լոճիկեանի «Տը Փարատոքսիքըլ» Գիրքի Մակագրում

Յաջորդը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի Բնակավայրը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?