Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քեթի Փիրի. «Թուրքիոյ Ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան Պայման Մը Չէ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Համար. Սակայն Անդամակցութեան Տրամաբանական Հետեւանք Է»

December 10, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

holland_120916

Չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2016-ին, Հոլանտայի հայ համայնքին մաս կազմող հայրենակիցներ այցելեցին Եւրոպական խորհրդարան, Պրիւքսէլ: Այցելութեան մասնակցեցան Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ»  երիտասարդական միութեան, «Անի» Մշակութային միութեան, Հոլանտայի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու` Ալմելոյի, Առնհեմի, եւ Ալքմարի անդամները:

Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ  Եւրոպական խորհրդարանի աշխատանքներուն, անոր դերակատարութեան` իբրեւ Եւրոպական Միութեան բնակիչներուն ձայնը հասանելի դարձնող միջոց, եւ ազդեցութեան` Եւրոպայի ներքին եւ արտաքին խնդիրներուն վրայ: Մասնակիցները հանդիպեցան Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան, Հոլանտայի Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Քեթի Փիրիին:

Փիրի 2014-էն ի վեր Եւրոպական խորհրդարանի անդամ է, ան մաս կը կազմէ Եւրոպական Միութեան  արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին, Եւրանեսթի խորհրդարանական յանձնախումբին, Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբին, Մարդկային իրաւանց ենթայանձնախումբին, քաղաքացիական ազատութիւններու, արդարադատութեան եւ ներքին գործերու ենթայանձնախումբին: Ան նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ մասով զեկուցողն է:

Փիրին ծանօթացուց եւ բացատրեց իր աշխատանքները եւ գործառոյթները Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Ան պատասխանեց պատուիրակութեան ուղղած հարցումերուն, յատկապէս անոնց, որոնք առնչուած էին Թուրքիոյ վերաբերեալ իր տուած զեկուցումներուն:

Ըստ Փիրիին, Թուրքիոյ ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան պայման մը չէ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար: Ան իր կարծիքը յայտնելով ըսաւ, որ այն պարագային, երբ Թուրքիան իր առջեւ դրուած բոլոր պայմանները կատարէ, ինք չի կրնար պատկերացնել, որ Թուրքիան պիտի հերքէ Ցեղասպանութիւնը:

Ըստ Փիրիին, երբ Թուրքիան կատարէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու համար իր առջեւ դրուած բոլոր պայմանները, ապա տրամաբանական հետեւանք կ՛ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Փիրի իր զեկուցումներուն մէջ մատնանշած է Եւրոպական խորհրդարանի տեսակէտը, որ 1915-ին եղածը Ցեղասպանութիւն էր: Ան ըսաւ, որ այս տեսակէտը Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամակցելու պարագային կը դիտէ իբրեւ իր առջեւը դրուած պայման, սակայն նման պայման գոյութիւն չունի:

Փիրին յայտնեց իր ցանկութիւնը յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու հարիւր տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ ճնշումի եւ պարտադրանքի տակ իսլամացած հայերուն մասին: Իսլամացած հայերը այսօր եւս դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ կ՛ենթարկուին խտրականութեան, որուն հետեւանքով չեն կրնար իրենց ինքնութիւնը բացայայտել:

Փիրի Հոլանտական բազմակուսակցական ժողովրդականութեան հիմնարկի աշխատանքներուն բերումով յաճախ այցելած է Հայաստան: Ան Հայաստանը կը նկատէ գեղեցիկ երկիր մը եւ իր ցանկութիւնը յայտնեց վերստին այցելելու Երեւան մօտ ապագային: Հոլանտահայ պատուիրակութեան այցելութիւնը կազմակերպուած էր Հոլանտայի Քրիստոնեայ դեմոկրատական կուսակցութեան հայ անդամ Ռոպէն Կիլիցիի կողմէ:

Նախորդը

Հարցազրոյց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժինի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին Հետ

Յաջորդը

Կրէյս Լոճիկեանի «Տը Փարատոքսիքըլ» Գիրքի Մակագրում

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.