Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Յակոբեան Պարգեւատրեց Կրթական Եւ Հասարակական Ոլորտի Լիբանանահայ Գործիչներ

Դեկտեմբեր 13, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

spur-3_121216

Երէկ` երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2016-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած լուսանկարներու ցուցահանդէս`  նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-րդ տարեդարձին: Այս առիթով ալ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ յանձնուեցան սփիւռքի նախարարութեան պարգեւներ, մետալներ եւ 2015-ի Համահայկական մրցանակաբաշխութեան մրցանակներ: Ձեռնարկին ներկայ էր  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, լիբանանահայ ազգային, կրթական հաստատութիւններու եւ լրատուական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

spur-5_121216

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց զիրենք ազատ ու անկախ Հայաստանի 25-ամեակին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակի պանծալի տարեդարձին առիթով:

Ան ըսաւ, թէ անցնող 100-ամեակի մեծագոյն ու շօշափելի արդիւնքը Հայաստանի եւ Ղարաբաղի հանրապետութիւններու գոյութիւնն է, ապա մատնանշելով ցուցադրուած լուսանկարները յայտնեց, որ անոնք բաժնուած են չորս մասերու. առաջին մասը կը պատկերէ Հայաստանի զարգացումը, երկրորդը` մեր հերոսները, երրորդը` մեր տնտեսական նուաճումները, եւ վերջին` ապագային միտուած խնդիրները: Նախարար Յակոբեան դիտել տուաւ, որ անկախութեան օրերուն սփիւռքահայ եւ հայաստանցի 14 հերոս ունեցած է պետութիւնը, իսկ հերոսի կոչում ստացած են երեք սփիւռքահայ` Ալեք Մանուկեան, Շարլ Ազնաւուր եւ Քըրք Գրիգորեան:

Նախարար Յակոբեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ լիբանանահայ գաղութը  ամէնէն աշխուժ, կայտառ, հայասէր, հայաբոյր գաղութներէն մէկն է, ապա խորապէս շնորհակալ եղաւ յանուն հայութեան, յանուն Հայաստանի եւ հայապահպանութեան հայ ժողովուրդի զաւակներուն բերած նպաստին ու աջակցութեան:

Հրանուշ Յակոբեան Թորոս Սիրանոսեանը պարգեւատրեց «Ուիլիըմ Սարոյեան» մետալով: Սրտի խօսք արտասանեց Թորոս Սիրանոսեան, որ ըսաւ. «Պատիւ ունիմ պարգեւատրուելու Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութենէն: Կեանքիս մէջ շատ պարգեւներ ու շքանշաններ ստացած եմ երկիրներու նախագահներէ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններէ, բայց այս պարգեւը ինծի համար մեծագոյն ու կարեւոր պարգեւն է,  որ կը ստանամ կեանքիս մէջ: Որքան որ հպարտ եմ իմ լիբանանեան քաղաքացիութեամբս, նոյնքան եւ աւելի հպարտ եմ, որ ազգութեամբ հայ եմ:

«Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրուեցան Արեգնազ Աղասարգիսեան, Վաչէ Հարմանտայեան, Մարալ Խտրլարեան, Զապէլ Քէօշկերեան-Ֆերմանեան, Լիւսի Տէօքմէճեան, Սօսի Ապուհանեան, Սիլվա Լիպարիտեան, Ռոզեթ Ալէմեան եւ Պարոյր Աղպաշեան:

«Երախտագիտութեան» մետալով պարգեւատրուեցան Մարիա Ապունայեան-Պէօճեքեան, Յասմիկ Թորոսեան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, Նորայր Պաղտասարեան, իսկ «Պօղոս Նուպար» մետալով պարգեւատրուեցաւ Յակոբ Լատոյեան: Գալպագեան ընտանիքը պարգեւատրուեցաւ իբրեւ լաւագոյն ընտանիք, որ 2015 թուականի մրցումին արդիւնքներով յաղթող ճանչցուած է:

Սփիւռքի նախարարը շնորհաւորեց բոլոր պարգեւատրուողները` մաղթելով ամենայն բարիք:

Լրագրողներու 8-րդ Համահայկական Համաժողովի Մասնակիցներու
Հանդիպում` Նախարար Հրանուշ Յակոբեանին Հետ

lrakroghner-1-121216

Այնուհետեւ Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին մասնակիցները հանդիպում մը ունեցան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին հետ` Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի արդիւնքներու արժեւորման նպատակով: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, «Ազդակ», «Արարատ», «Զարթօնք» օրաթերթերու խմբագիրները, ինչպէս նաեւ համաժողովին մասնակցած լրագրողները:

Լրագրողներու 8-րդ համաժողովի մասնակիցները իրենց տպաւորութիւնները, տեսակէտները եւ առաջարկները յայտնեցին նախարար Հրանուշ Յակոբեանին: Անոնք նախ անդրադարձան այն փաստերուն եւ տուեալներուն, որոնց հիման վրայ կարելի է հաստատել, որ լրագրական համաժողովները ամէն գետնի վրայ իրենց արդիւնքը լաւապէս դրսեւորած են: Մասնակիցները ուշագրաւ նկատեցին հետեւողականութիւնը եւ մանաւանդ ներգրաւուածներու թիւի աճը, որ  խրախուսիչ երեւոյթ է:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ տեղեկատուութեան դաշտի պատրաստակամ ըլլալուն, որուն լաւագոյն ապացոյցը ապրիլեան քառօրեայ պատերազմն էր: Ըստ փորձագէտներուն, տեղեկատուական դաշտը փայլուն կատարողականութիւն ցոյց տուած էր քառօրեայ պատերազմին: Այս կատարողականութեան դերակատար եղած են լրագրողներու համահայկական համաժողովները, ժողովներու ընթացքին հետազօտութիւնները, քննարկումները եւ այլն:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան օգտաշատ նկատեց շրջաններուն մէջ մամլոյ ակումբներու ձեւաւորումը, որ կրնայ նպաստել լրագրութեան խնդիրներու, շրջանային հարցերու քննարկման եւ Հայաստան-սփիւռք կապի ամրապնդման ու խորացման: Այս առումով ալ նշուեցաւ կարեւորութիւնը ներգրաւելու օտար լրատուամիջոցներուն մէջ աշխատող հայ անհատները, որոնց միջոցով հայ ձայնը կարելի է օտարներուն հասցնել:

Ան նշեց, որ պէտք է նաեւ խորացնել «Ի՞նչ կ՛ընես Ղարաբաղի համար»  շարժումը եւ զայն աշխուժացնել առաւելաբար դպրոցներու եւ համալսարաններու, մշակութային եւ քաղաքական կեդրոններու մէջ: Նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ տնտեսական ներդրումներ կատարելու քարոզչական աշխատանքի կարեւորութեան եւ վերջապէս շեշտը դրաւ  մայրենի լեզուի պահպանութեան եւ աղաւաղման խնդիրներուն վրայ: Ան ըսաւ. «Հայերէնը ամէն բանէ աւելի պէտք է տաք պահենք: Մեր պատասխանատուութիւնն է զգալ ու զգացնել տալ սրբութիւնը մայրենի լեզուին:  Եթէ լեզուն կորսնցնենք, ամէն բան կորսնցուցած կ՛ըլլանք: Աշխատինք ամէն գնով պահել ու տէր կանգնիլ լեզուին»:

Ներկաները առաջարկեցին, որ համաժողովներու ընթացքին ստեղծուի ասուլիսի դրութիւնը, որպէսզի մասնակիցները կարենան քննարկումներով մասնակցիլ, առաջարկուեցաւ նաեւ օտար լրագրողները ներգրաւել եւ տեղեկացման նպատակով տանիլ Հայաստան:

Մտահոգութիւն հնչեց զգուշ ըլլալու ապատեղեկատուութենէն եւ աշխատիլ ամէն գնով բացառելու սփիւռքի մէջ ապատեղեկատուութեան, յերիւրանքի եւ   վիրաւորանքի տարածումը լրատուութեան մէջ:

Ողջունելի նկատուեցաւ լրագրողները առաջին գիծ տանելու հրաշալի գաղափարը, որ բնականաբար դրական հետեւանքներ պիտի ունենայ լրատուութեան վրայ, ապա` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ղարաբաղի նախագահներուն, վարչապետին հետ լրագրողներու հանդիպումները, որոնք կը նպաստեն շատ աւելի իրազեկ ըլլալու հայաստանեան խնդիրները լուսաբանելու ժամանակ:

Հանդիպումը վերջ գտաւ 9-րդ համաժողովին մասնակցելու նախապատրաստական աշխատանքներու հեզասահ ընթացքի մաղթանքներով:

 

Նախորդը

Ներկայութեամբ Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի. «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ Հանդիպում-Զրոյց` Հայաստանի 25-Ամեայ Անկախութեան Իրագործումներուն Եւ Մարտահրաւէրներուն Մասին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Ղպտի Եկեղեցւոյ Դէմ Ուղղուած Ահաբեկչական Արարքը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?