Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Ռուս -Թուրք Մերձեցման Խաղեր

Ակնարկ. Ռուս -Թուրք Մերձեցման Խաղեր

Ռուս-թուրք մերձեցման ներկայ գործընթացի շրջանակներուն մէջ բոլորովին անակնկալ պէտք չէ ընկալել պաշտօնական Մոսկուայի անունով խօսող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին  այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն Թուրքիան կրնայ դրական դեր խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ապաարգելափակման հարցին մէջ: Բառացի, «այն, որ Թուրքիան կրնայ խաղալ դրական դեր, ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի ապաարգելափակումը, ապահովելով բնական տնտեսական փոխյարաբերութիւններ տարածաշրջանին մէջ, ատիկա նոյնպիսի կարեւոր գործօն է, որ մենք...

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Որդեգրեց Հայոց  Ցեղասպանութեան Ժխտումը  Քրէականացնող Օրինագիծը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Ֆրանսայի ծերակոյտը երէկ տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին 156 թեր եւ 146 դէմ քուէներով վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ին յայտնեց, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումը լուրջ յաջողութիւն է: «Ասիկա բաւական լուրջ յաջողութիւն մըն է, զգալի աշխատանք կատարուած է մեր կողմէ: Չմոռնանք,...

ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան  Խորհուրդի Սեղմ Կազմով Նիստ

ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Սեղմ Կազմով Նիստ

Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ 14 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի սեղմ կազմով նիստը` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի, Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւի, Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի, Ղազախստանի  վարչապետ Պաքիճան Սակինթայեւի եւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժայի մասնակցութեամբ: Նիստը վարած է Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին մէջ 2015-2016-ին  նախագահութիւնը ստանձնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:...

«Նոյեան Տապան»-ն Ու «Ազդակ»-ը Համացանցի Վրայ  Պիտի Հեռարձակեն Լրագրողներու Համահայկական  Համաժողովին Քառօրեայ Նիստերը

«Նոյեան Տապան»-ն Ու «Ազդակ»-ը Համացանցի Վրայ Պիտի Հեռարձակեն Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովին Քառօրեայ Նիստերը

20-24 հոկտեմբեր Երեւանի եւ ապա Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը, զոր կազմակերպած են Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւնը, Հայաստանի լրագրողներու միութիւնը եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ: Համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարներ ու լրագրողներ, օտարալեզու հայկական եւ ոչ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներ: Ելոյթներ ունենալու եւ...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու  Եւ Բարեկամներու Ծանօթացման  Հանդիպումները Կը Շարունակուին

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու Եւ Բարեկամներու Ծանօթացման Հանդիպումները Կը Շարունակուին

«Կարիքն Ունինք Մեր Ժողովուրդի Ամբողջական Մասնակցութեան, Որ Միայն Նիւթականով Չ՛արտայայտուիր, Այլեւ` Բարի Խօսքերով, Գործերով Ու Բարի Վկայութիւններով» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան Երէկ` ուրբաթ, 14 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան նոր կառոյցի ծանօթացման հանդիպումները, ներկայութեամբ` բարեկամներու եւ բարերարներու: Վարժարանի կառուցման աշխատանքներուն մասին տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ նորահաս...

Վարչապետը Կը Յանձնարարէ Ուսումնասիրել  Փտածութեան Վտանգ Պարունակող Ոլորտները

Վարչապետը Կը Յանձնարարէ Ուսումնասիրել Փտածութեան Վտանգ Պարունակող Ոլորտները

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 13 հոկտեմբերին եւս կառավարութեան նիստը սկսած է յանձնարարութիւններով` հիմնականին մէջ ակնարկելով փտածութեան վտանգներուն: Օրինակ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, ըստ վարչապետին, չէ բացառուած, որ իր ֆինանսաւորած ծրագիրներուն արդիւնաւէտութեան հետեւած չըլլայ. «Կը յանձնարարեմ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու  նախարարին` տասնօրեայ ժամկէտի մէջ ուսումնասիրել մարզական հասարակական կազմակերպութիւններուն մարզական բնոյթի ձեռնարկներ կազմակերպելու, պարգեւատրումներ կատարելու համար պետական պիւտճէէն յատկացուող գումարներու ծախսման...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն

Դաշնակցութիւնը Կը Կազմէ Կամաւորականներու Պահեստային Գումարտակ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Ազատամարտիկներու հարցերու յանձնախումբը 13 հոկտեմբերին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ կամաւորականներու պահեստային գումարտակ կազմելու Գերագոյն մարմինի որոշումին: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 2 ապրիլ 2016-ին սկսած լայնածիր մարտական գործողութիւններուն յանպատրաստից կամաւորներու մասնակցութիւնը ծնունդ տուաւ կազմակերպչական եւ պատրաստուածութեան շարք մը հարցերու, որոնք անհրաժեշտ է լուծել այս սպառնալից ժամանակաշրջանին: Այդ իսկ պատճառով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համադրաբար,...

Արցախի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն»  Խմբակցութեան Անդամները  Հանդիպած Են Վարչապետին Հետ

Արցախի Ազգային Ժողովի «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Անդամները Հանդիպած Են Վարչապետին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 11 հոկտեմբերին ընդունած է Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն»  խմբակցութեան անդամները` խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են գիւղատնտեսութեան զարգացման հայեցակարգի մշակման հետ կապուած հարցեր: Վարչապետ Ա. Յարութիւնեան ներկայացուցած է հայեցակարգի ընդհանուր սկզբունքները` մանրամասնելով առանձին ճիւղերու  վերաբերեալ կառավարութեան մօտեցումները եւ շեշտադրելով, որ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններն ու քննարկումները տակաւին  ընթացքի մէջ են: Ան իր խօսքին մէջ ըսած...

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ.  Գուժ Թադեւոսեանի «Կանչ» Ժապաւէնը  Ցուցադրուեցաւ «Սինեմասիթի»  Շարժապատկերի Սրահին Մէջ

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէ. Գուժ Թադեւոսեանի «Կանչ» Ժապաւէնը Ցուցադրուեցաւ «Սինեմասիթի» Շարժապատկերի Սրահին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Սիթի Մոլ»-ի «Սինեմասիթի» շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Գուժ Թադեւոսեանի «Կանչ» ժապաւէնը: Այս առիթով ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով խօսք առաւ Վազգէն Յակոբեան: Ան յայտնեց, որ ինչպէս բոլոր կոմիտէները, «Շուշի» կոմիտէն եւս այս ժապաւէնին ցուցադրութեամբ իր համեստ մասնակցութիւնը կը բերէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին` միշտ ի մտի ունենալով զոյգ...

Նոր Գեղանկար Մը` «Ազդակ»-ին

Նոր Գեղանկար Մը` «Ազդակ»-ին

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ քանատահայ քանդակագործ, գեղանկարիչ Եւգինէ Եփրեմեան-Տը Կրեֆին, որ հանրածանօթ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի միջոցով «Ազդակ»-ին ուղարկեց  ըմբոստութեան թեման խորհրդանշող գեղանկար մը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի Մէջ  Մասնակցած Է «Հայաստան.  Ներդրումային Համաժողով 2016»-ին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի Մէջ Մասնակցած Է «Հայաստան. Ներդրումային Համաժողով 2016»-ին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ 10 հոկտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ սկսած է Հայաստանի ներդրումային համաժողովը, որուն հիմնական նպատակը օտար ներդրողներուն Հայաստանի ներդրումային կարելիութիւնները ներկայացնելն է, եւ որ կազմակերպած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը ներդրումներու խթանման նպատակով: Երկօրեայ համաժողովին մասնակցեցան տարբեր մարզերու յառաջատար ընկերութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային ֆինանսական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ եւ շուրջ 100 միջազգային ներդրողներ: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առիթով...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական  Կոմիտէն Ընդունեց  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Ղեկավար Ժըպրան Պասիլը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Ղեկավար Ժըպրան Պասիլը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Րաֆֆի Աշգարեան եւ Յակոբ Հաւաթեան, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, ընկերակցութեամբ` կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի եւ երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլայի ու Զիատ Ասուատի: Հանդիպումէն ետք տրուած...

«Հալէպահայերը Դեղորայքի  Եւ Նիւթական Միջոցներու Կարիք Ունին»  «Արմէնփրես»-ին Կ՛ըսէ Աւետիս Կիտանեան

«Հալէպահայերը Դեղորայքի Եւ Նիւթական Միջոցներու Կարիք Ունին» «Արմէնփրես»-ին Կ՛ըսէ Աւետիս Կիտանեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական կացութեան լոյսին տակ Լիբանան եկած սուրիահայերուն կարգավիճակին: «Ընդհանուր առմամբ, վերջին մէկ տարուան ընթացքին սուրիահայերու հոսքը դէպի Լիբանան քիչ մը նուազած էր, որովհետեւ, Լիբանանի օրէնսդրական փոփոխութեան լոյսին տակ, Սուրիոյ քաղաքացիներուն մուտքը դժուարացած էր: Հակառակ ասոր, սուրիահայերը կը շարունակեն գալ Լիբանան: Երբեմն կարելիութիւն չունին ամբողջ...

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան  Այցելեց «Ճինիշեան» Կեդրոն

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց «Ճինիշեան» Կեդրոն

Երէկ` երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Ճինիշեան» կեդրոն այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան` նպատակ ունենալով ծանօթանալ կառոյցի բազմաշերտ գործունէութեան: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի տնօրէն Փոլին Սաղըրեան, որ նախ շնորհաւորեց 25-ամեակը Հայաստանի վերանկախացումին եւ Արցախի անկախութեան` Հայաստանին, Արցախին եւ Լիբանանին մաղթելով խաղաղ ու կայուն տարիներ եւ մնայուն բարգաւաճում` անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ:...

Ակնարկ.   Այժմու Աշխարհամարտի  Տեղայնացուած Տարբերակը

Ակնարկ. Այժմու Աշխարհամարտի Տեղայնացուած Տարբերակը

Եմէնի, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պատահածները եւ անոնց զուգահեռ կատարուող յայտարարութիւններու առաստաղին աննախադէպօրէն բարձրացումը եւ տակաւին այդ ուղղութեամբ առօրեայ կշռոյթով արձանագրուող մագլցողականութիւնը հետեւողներուն միտքին մէջ կը մրճահարեն համաշխարհային պատերազմի առաջնորդուելու մտավախութիւնը: Որքան ալ քաղաքականօրէն տրամաբանենք, որ յայտարարութիւնները միշտ չէ, որ առնչութիւն ունին առնուող քայլերուն հետ, այսուհանդերձ իրադարձութիւնները նման մտավախութեան ժողովրդային մակարդակի վրայ ենթահող գտնելու հիմնաւորումներ կ՛ապահովեն: Միաժամանակ մտածողութիւնները կը կրկնեն...

ՀՀԿ-ն Եւ ՀՅԴ-ն Վանաձորի Մէջ  Դաշինք Կը Կազմեն

ՀՀԿ-ն Եւ ՀՅԴ-ն Վանաձորի Մէջ Դաշինք Կը Կազմեն

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Վանաձորի աւագանիին մէջ համագործակցութեան մասին որոշում տուած են: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀԿ-ի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը: Վերջինս նշեց, որ Հանրապետականն ու Դաշնակցութիւնը իրարու հետ աշխատելու մեծ փորձառութիւն ունին, իսկ այս տարի ստորագրուած քաղաքական համագործակցութեան մասին յուշագիրը կարելիութիւն կու տայ համագործակցելու նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակին վրայ: Մանրամասնելով` Արմէն...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Շիրակի  Մարզպետին Նկատմամբ Քննութիւն Բացած Է

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Շիրակի Մարզպետին Նկատմամբ Քննութիւն Բացած Է

Անդրադառնալով մարզպետներու փոփոխութեան եւ այն դիտարկումին, որ մարզպետի պաշտօնէն ազատ կացուցուած են մարդիկ, որոնք մեծ նշանակութիւն ունեցած են իշխանութեան համար, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցին նշեց. «Աստուած կը տեսնէ անոնց կատարածը, եւ ըստ այդմ ալ բոլորը իրենց վարձքը կը ստանան»: Անդրադառնալով Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի պաշտօնանկութեան` Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ ինք եւս...

Սուրիա.  Վարչապետ Իմատ Խամիս Հանդիպում Ունեցաւ  Դամասկոսի Երեսփոխաններու Հետ Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մաս Կը  Կազմէր Նաեւ Դոկտ. Նորա Արիսեան

Սուրիա. Վարչապետ Իմատ Խամիս Հանդիպում Ունեցաւ Դամասկոսի Երեսփոխաններու Հետ Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մաս Կը Կազմէր Նաեւ Դոկտ. Նորա Արիսեան

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2016-ին, Սուրիոյ վարչապետարանին մէջ վարչապետ Իմատ Խամիս հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ խորհրդարանի Դամասկոսի երեսփոխաններու հետ: Շուրջ չորս ժամ տեւած հանդիպումին երեսփոխանները ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւններն ու կարեւոր հարցերը: Քննարկուեցան Դամասկոս քաղաքի դիմագրաւած ամէն տեսակի մարտահրաւէրները, յատկապէս պատերազմի այս դժուարին պայմաններուն մէջ, ծառայողական, կենցաղային, տնտեսական եւ այլ մակարդակներու վրայ: Նշենք, որ հանդիպումին կը մասնակցէր...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու  Եւ Բարեկամներու Ծանօթութեան Անդրանիկ Հաւաք

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Բարերարներու Եւ Բարեկամներու Ծանօթութեան Անդրանիկ Հաւաք

Երէկ` երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի յարկին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանի բարերարներու եւ բարեկամներու անդրանիկ հանդիպումը, որուն ներկայ էին Ազգային առաջնորդարանի բարեկամներ, բարերարներ, առաջնորդարանի ծրագիրներուն զօրավիգ կանգնող հայորդիներ: Հաւաքը սկսաւ վարժարանի կառուցման աշխատանքներու ամբողջ ընթացքը ներկայացնող տեսերիզի մը ցուցադրութեամբ: Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան: Ան Ազգային վարչութեան...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Փարիզի Քաղաքապետ  Անն Իտալկոյի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Փարիզի Քաղաքապետ Անն Իտալկոյի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը

Շաբաթ, 8 հոկտեմբերին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան հասած էր քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հրաւէրով: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրերը` նշելով, որ ուրախ է համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ հիւրընկալելու Հայաստանի բարեկամները, որոնք ներկայ գտնուած են նաեւ Երեւանի հիմնադրման 2798-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն: «Անշուշտ, հաճելի է բարեկամներու հետ նշել Երեւանի տարեդարձը: Մենք...

Page 671 of 796 1 … 670 671 672 … 796

Արխիւներ