Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաք. Երկրորդ Կարգի Մրցանակի Յանձնում Իրաքահայ Թեմին

December 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

iraq1_120816

Պաղտատի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան շէնքին մէջ դեկտեմբեր 8-ին մեծ շուքով տեղի ունեցաւ  սփիւռքի նախարարութեան եւ համաշխարհային հայկական քոնկրեսին կողմէ Իրաքահայ թեմին շնորհուած պարգեւներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի կողքին ներկայ եղան Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կցորդ Սմբատ Խաչատրեանը, Պաղտատի հոգեւոր հովիւներէն Նարեկ Ա. քհնյ. Իշխանեանը, ինչպէս նաեւ Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները:

iraq_120816

Արարողութեան ընթացքին Իրաքի մէջ Հայաստանի   դեսպան Կարէն Գրիգորեան Աւագ արք. Ասատուրեանին յանձնեց «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» համահայկական տարեկան մրցանակաբաշխութեան 2015-ի «Լաւագոյն հայ համայնք» երկրորդ կարգի մրցանակը:

Ջերմօրէն ողջունելով ներկաները` Կ. Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի հայ համայնքին` բարձր գնահատելով երկրի դժուար պայմաններու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բազմատեսակ միջոցառումներու կազմակերպման առաջնորդարանի, եկեղեցւոյ, համայնքային կառոյցներու եւ հայոց դպրոցի դերն ու գործունէութիւնը` հայապահպանութեան եւ ազգային արժէքներու տարածման գործին մէջ:

Աւագ արք. Ասատուրեանը իր խօսքին մէջ փափաք յայտնեց, որ դեսպանը իրաքահայ թեմի բարեմաղթութիւններն ու շնորհակալութիւնները փոխանցէ սփիւռքի նախարարութեան եւ համաշխարհային հայկական քոնկրեսին` նման բարձր պարգեւի արժանանալու համար, միեւնոյն ժամանակ ներկաներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարէն Գրիգորեանին` արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Աւարտին, Աւագ արք. Ասատուրեան, նկատի ունենալով երկրիս մէջ ազգապահպանման հետզհետէ դժուարացող պայմանները, խոստացաւ նոր եռանդով շարունակել մեր ժողովուրդին կարիքները հոգացող առաջնորդարանի ազգանուէր առաքելութիւնը:

 

Նախորդը

Դաշնակցական Պատանիի Խոստման Արարողութեան Հանդիսութիւն` Նուիրուած Պանք Օթոմանի Գրաւման 120-Ամեակին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը 5000 Հազար Տոլար Կը Յատկացնէ Լիբանանահայ Օրաթերթերուն Եւ Ձայնասփիւռի Կայաններուն

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.