Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Թեհրան

Դեկտեմբեր 14, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram-i_tehran2_121316

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր շքախումբի անդամներով հասաւ Թեհրան: Վեհափառ հայրապետը Թեհրանի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ «Կրօններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոն»-ի նախագահին, Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Վարդան Վարդանեանի, թեմական եւ ազգային ներկայացուցիչներու եւ զանազան միութիւններու պատասխանատուներուն կողմէ:

Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերակցին տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յանձնախումբի ատենապետ Նորա Պայրաքտարեան եւ սուրիահայութեան պետական ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:

Օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ներկայ բազմութեան ուղղելով ըսաւ. «Փառք եւ գոհութիւն կը յայտնենք առ բարձրեալն Աստուած, որ անգամ մը եւս առիթը ունեցանք այցելելու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն եւ ըլլալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Մենք կազմակերպուած համայնք եղած ենք Իրանի մէջ, եւ պատմութեան ընթացքին մեր գործօն մասնակցութիւնը բերած այս օրհնեալ երկրի զարգացման մէջ: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ մեր աթոռին յարաբերութիւնը միշտ եղած է անմիջական եւ հիմնուած` փոխադարձ յարգանքի վրայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կրօնական-մշակութային յարաբերութեանց բաժանմունքին միջեւ երկխօսութիւնը աւելի քան 15 տարիներու պատմութիւն ունի, որ կերտուած է Թեհրանի եւ Անթիլիասի մէջ»:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը Թեհրանի մէջ իր գահակալութեան 20-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները նախագահելուն կողքին, պիտի մասնակցի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական ժողովներու եւ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարներու հետ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?