Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտնի Չէ, Թէ Ե՛րբ Ֆրանսա Պիտի Ընդունի Ցեղասպանութեան Հերքումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Դեկտեմբեր 14, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

papazian_121316

Յայտնի չէ, թէ ե՛րբ Ֆրանսայի մէջ օրէնքի ուժ պիտի ստանայ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող «Հաւասարութիւն եւ  քաղաքացիութիւն» անուանումը կրող օրինագիծը, թէեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի պաշտօնավարումը կը մօտենայ  իր աւարտին:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը իր ընտրարշաւին օրերուն խոստացած էր նման օրէնք ընդունիլ, երբ փետրուար 2012-ին Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական նկատած էր Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներու համաձայնութեան արժանացած նմանատիպ օրէնքը` խօսքի ազատութիւն խոչընդոտելու հիմնաւորումով:

Նման օրինագիծ ընդունելու երկրորդ փորձը եւս սկսած էր յաջողութեամբ. Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ընդունեց 14 հոկտեմբերին: Օրինագծին կողմ քուէարկած էին` 156, դէմ` 146 ծերակուտական: Իսկ 2 յուլիսին օրինագիծը միաձայնութեամբ ընդունուած էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ստորին պալատին կողմէ: Տեղեկացնենք նաեւ, որ օրինագիծին համաձայն, ցեղասպանութիւնները հերքելու համար կը սահմանուի մէկ տարուան ազատազրկում եւ 45 հազար եւրօ տուգանք: Ֆրանսայի կողմէ ճանչուած բոլոր ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու հերքումը կը գտնուի այս օրէնքին տակ:

Այնուամենայնիւ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքին մէջ մտահոգութիւններ կան օրինագիծի հաստատման առնչութեամբ, որովհետեւ ինչպէս նախորդ անգամ, այս անգամ եւս Ֆրանսայի թրքական լոպին կը պահպանէ օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդին մէջ վիճարկելու կարելիութիւնը:

«168.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան տեղեկացուց, որ տակաւին յստակութիւն չկայ օրինագիծի վերջնական հաստատման հարցով: Անոր տեղեկութիւններով` ամբողջական օրինագիծը կրկին պէտք է հաստատուի Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ, որմէ ետք միայն, հաւանաբար յունուարին, անցնի Սահմանադրական դատարան: Լսումներուն կազմակերպման մասին Մուրատ Փափազեան տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է` օրինագիծի ընդունումը այնքան ձգձգուի, որ նախագահական ընտրութիւններէն ետք խափանուի այս օրինագիծի ընդունման հոլովոյթը, Փափազեան պատասխանեց. «Չեմ կրնար ճշգրիտ պատասխան տալ, պէտք է տեսնել, թէ ի՛նչ ընթացք կ՛ունենայ այս օրինագիծը: Յունուարին աւելի լաւ նորութիւններ կ՛ունենանք»:

Նշենք նաեւ, որ Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւնները  տեղի պիտի ունենան ապրիլ 2017-ին:

Նախորդը

Մահացած Է Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարար Արմէն Երիցեան

Յաջորդը

Զինուորներու Հատուցման Նախագիծը Երկրորդ Ընթերցումով Ներկայացուած Է Ազգային Ժողովի Քննարկման` Պարտադիր Բաղադրիչով

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?