Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

December 14, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon-shant1_121316

Երէկ` երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելութիւն տուաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն եւ ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ձեռնարկին` «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէններ եւ հիւրեր:

levon-shant3_121316Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Հանտեան: Ան ըսաւ, թէ հայրենիքէն հեռու հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց հոգիներուն մէջ ստեղծած են ոգեղէն հայրենիքը, զոր ոչ մէկ ուժ կրնայ քանդել: Այդ հայրենիքը ամրացուած է իւրաքանչիւր հայու մէջ եկեղեցիով, դպրոցներով, միութիւններով, կուսակցութիւններով, մայրենի լեզուով եւ մշակոյթով:

Ան ակնարկելով Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին ըսաւ, թէ անիկա արդիւնքն է հայկական «խենթութեան», որ կամքով եւ յարատեւութեամբ շաղախուած կառուցուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն եւ 30 տարիներու ընթացքին տուած է հայ մշակոյթի իսկական ներկայացուցիչներ: Յ. Հանտեան հաստատեց, որ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը դարձած է կրթութեան եւ մշակոյթի սփիւռքեան նախարարութեան համազօր կազմակերպութիւն մը, որ տէր եղած է բոլոր սերունդներուն` դաստիարակելով զանոնք հայկական շունչով եւ զինելով հայ մշակոյթի այլազան մարզերու արուեստով:

Յ. Հանտեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Այսօր ուրախութիւնն ու պատիւը ունինք հիւրընկալելու սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: Այսօրուան պարզած մեր իրականութեան ի տես գիտակից ենք, որ սփիւռքը պէտք ունի զօրաւոր Հայաստանի, եւ Հայաստան պէտք ունի զօրաւոր սփիւռքի, եւ որպէսզի այս երկուքը արդիւնաւոր ճամբայ ունենան, անհրաժեշտ են կամուրջներ: Մենք հայրենիքն ու սփիւռքը կամրջող առաջիններէն ենք արդէն շատոնց: Մենք միասին զօրաւոր ենք, գործակցելով առաւել եւս կը զօրանանք եւ աշխարհով մէկ կը պարզենք զօրաւոր հայու պատկերը»:

levon-shant4_121316

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտները: Ելոյթ ունեցաւ Կարօ Գրիգորեան, որ դաշնակի վրայ մեկնաբանեց Պեթհովենի Մունլայթ սոնաթայի  3-րդ շարժումը: Հանդէս եկաւ կիթառահարներու «Տաւիղ» խումբը` ղեկավարութեամբ Մկօ Միքայէլեանի: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ տհոլահարներու խումբը` ղեկավարութեամբ Գէորգ Քէօշկերեանի: Ապա «Արեգ» թատերախումբը ներկայացուց «Կիկոսի մահը»: «Գայիանէ» պարախումբէն խումբ մը աղջիկներ ներկայացուցին «Վարդագոյն աղջիկներու պարը»: Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով հանդէս եկաւ Շողիկ Թորոսեան` մեկնաբանելով «Հայաստան» երգը, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Յասմիկ Գասպարեանի:

levon-shant2_121316

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան յուշանուէրով պատուեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որմէ ետք նախարարը ելոյթ ունեցաւ: Ան իր խօսքին սկիզբը  ըսաւ, թէ սփիւռքի տարածքին հայ ժողովուրդը չորս գլխաւոր սիւներու վրայ կառուցած է  հայապահպանութիւնը` հայ լեզուի եւ հայ կրթութեան, հայ ընտանիքի, հայ մշակոյթի եւ հայ գաղութի, որոնք դարձած են տարբեր երկիրներու մէջ ինքնութեան եւ գոյութեան կռուան:

Ան յայտնեց, որ ինքնութեան պահպանման գլխաւոր կեդրոնը հայ դպրոցն է, որ իր շուրջ կը համախմբէ ամբողջ գաղութը , որ կը պայքարի լեզուն պահելու համար:

Սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, որ դարձած է ազգային արժէք եւ իր ուղեկից ու քոյր կառոյցներուն միջոցով յաջողած է ցանցային լուրջ աշխատանք տանիլ  եւ նպաստել, որ հայկական գաղութները հայ մնան, հայ ապրին, շնչեն եւ կապուին հայրենիքին:

Նախարար Հ. Յակոբեան կարեւորութեամբ խօսեցաւ լեզուի պահպանման մասին եւ ըսաւ. «Մեր լեզուն ազգային արժէք է, որուն պէտք է տէր կանգնինք: Հայոց լեզուի անաղարտութիւնը, մաքրութիւնը, զարգացումը եւ սերունդներուն փոխանցումը մեզմէ կախուած է: Փառք ու պատիւ Համազգայինին, բոլոր ուսուցիչներուն, տնօրէններուն, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն, որ անհայրենիք հայուն հայրենիքը նկատուող հայոց լեզուն պահպանուի Միջին Արեւելքի մէջ: Համազգայինը հայ մշակոյթով կը փորձէ սերունդները հայ պահել, որովհետեւ հայ մշակոյթը ազգի անձնագիրն է»:

Սփիւռքի նախարարը եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց. «Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք միացեալ ուժերով, միասնաբար հզօրացնենք Հայաստանի տնտեսութիւնը, ապահովենք Արցախի անվտանգութիւնը, միասին պայքարինք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտպան եւ հետեւանքներու վերացման համար: Միասին համախմբուինք հայ եկեղեցւոյ շուրջ, որ հաւատքով պահենք եւ պահպանենք հայութիւնը: Հաւատանք, որ ո՛ւր ալ ապրինք, պէտք է հպարտ ըլլանք Հայաստանով եւ հայութեամբ»:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Բազմավաստակ Լիբանանահայ Դերասաններ Մարի Ռոզ Մանուկեանին Եւ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ)

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.