Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եգիպտոսի Սիւննի Համայնքի Հոգեւոր Կեդրոնին Եւ «Ազհար» Համալսարանին Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին
Կազմակերպութեամբ Եգիպտոսի սիւննի համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ «Ազհար» համալսարանին, 28 փետրուարէն 2 մարտ 2017-ին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը` «Ազատութիւն, քաղաքացիութիւն, բազմազանութիւն եւ ամբողջականութիւն» խորագիրով: Սոյն համագումարին իր պատգամը փոխանցելու հրաւիրուած էր նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Յանուն վեհափառ հայրապետին համագումարին մասնակցեցան Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Համագումարի բացման հանդիսութեան,...




















