Այնճարի Մէջ. Հոգեհանգիստ Զաւէն Թաշճեանի Յիշատակին
31 տարի առաջ հակադաշնակցական անարգ եւ դաւադիր ոճիրի մը պատճառով նահատակուեցաւ Զաւէն Թաշճեան` Այնճարի իր սեփական վաճառատան մէջ: Սակայն Զաւէն Թաշճեանի գաղափարակիցները շարունակեցին եւ տակաւին կը շարունակեն իր երազը իրականացնել` քալելով անոր գծած ուղիէն: Արդարեւ, կիրակի, 5 մարտ 2017-ին, «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` նահատակ Զաւէն Թաշճեանի յիշատակին: Հոգեհանգիստին ներկայ եղան ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ընկերներ, Այնճարի...




















