Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 28 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նուիրուած Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նախկին տնօրէն Աշոտ Ճենտերէճեանի մահուան քառասունքին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Աշոտ Ճենտերէճեանի մշակութային, յատկապէս երաժշտական գործունէութեան` Համազգայինի յարկին տակ: Էմմիեան թուեց հանգուցեալ երաժիշտին իւրայատուկ իրագործումները հայրենիքի թէ Արցախի մէջ: «Ազնիւ ու մաքուր հայ, Աշոտ Ճենտերէճեան երդուած էր երաժշտութեան ճամբով ծառայել հայրենիքի, Արցախի թէ սփիւռքի մէջ իր այնքա՛ն սիրած հայ ազգին», ընդգծեց Էմմիեան` բարձր գնահատելով անոր նկարագրային գիծերը` իբրեւ երաժշտանոցի տնօրէն, ուսուցիչ, մարդ, թէ արուեստագէտ: «Աշոտ Ճենտերէճեանի վաղաժամ մահով, քոլեճս, Համազգայինի մեծ ընտանիքն ու անձնապէս ես, կորսնցուցինք նախկին տնօրէն մը, ուսուցիչ մը եւ լաւ բարեկամ մը: Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ բարեկամ», ըսաւ Էմմիեան:
Ապա ան ներկայացուց ձեռնարկի յայտագիրին գլխաւոր բաժինները:
Աշոտ Ճենտերէճեանի աշակերտներուն անունով խօսք առաւ անոր աշակերտներէն Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան` նշելով, որ իր խօսքը աշակերտութեան երախտագիտութեան, հրաժեշտի խօսքն է: «Կարելի չէ պրն. Աշոտին աշակերտը ըլլալ եւ բարեկամ չըլլալ անոր հետ», ընդգծեց Տեմիրճեան` վեր առնելով հանգուցեալ տնօրէնին նկարագրային յատկանշական գիծերը` իբրեւ բծախնդիր, գուրգուրոտ ու երբեմն խստապահանջ ուսուցիչ, տնօրէն, թէ արուեստագէտ: Հայր ու զաւակի յարաբերութեան մթնոլորտի մէջ պատասխանատուութեան կը մղէր աշակերտները պարոն Ճենտերէճեան, դիտել տուաւ Տեմիրճեան` հիմնական երեք կէտերու մէջ ամփոփելով հանգուցեալին մասին իր տպաւորութիւնները: «Ես իմ ուսուցիչներս չեմ վարձատրած, եւ այս` ձեզի կատարած աշխատանքովս կ՛ուզեմ վարձատրել ուսուցիչներս», մէջբերեց Հրակ Տեմիրճեան Աշոտ Ճենտերէճեանի խօսքերէն` խոստանալով.«Մենք ալ մեր կարգին այս համերգով եւ ընդհանրապէս մե՛ր վարձատրութիւնը կը կատարենք` իր խորհուրդները փոխանցելով նոր սերունդին, յաւերժացնելով անոր գաղափարները», ընդգծեց Տեմիրճեան:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց խմբավար Զաքար Քէշիշեան: «Երանի անոր, որ կը հաւատայ, թէեւ մեռնի` կ՛ապրի», ըսաւ Քէշիշեան` մէջբերելով Յովհաննու Աւետարանի մէկ խօսքը եւ աւելցուց. «Երանի այն արուեստագէտին, որ իր գիտակցական ամբողջ կեանքը հետեւողականօրէն ամբողջական նուիրումով, անշահախնդրօրէն եւ անդաւաճան կերպով թէեւ մեռնի` պիտի ապրի»: Քէշիշեան մօտիկ անցեալի յետադարձ ակնարկով նշեց Աշոտ Ճենտերէճեանի հետ իր ծանօթացումը: Յատկապէս գնահատելով Ճենտերէճեանի զուգանուագի (տուեթօ) եղբայրներու երաժշտական հմտութիւնները, Քէշիշեան վերյիշեց ու խիստ բարձր արժեւորեց անոնց անձնդիր գործունէութիւնը, որ հակառակ Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի պատերազմական մթնոլորտին, հոգեկան ներուժ փոխանցեց արցախահայութեան: «Ճենտերէճեան զուգանուագը երաժշտական մեծ աւանդ ունի: Աշոտ Ճենտերէճեանի կորուստով, մահացաւ նաեւ Ճենտերէճեան զուգանուագը, աւելի քան յիսուն տարիներու պանծալի այս զուգանուագը կորսնցուց իր կէսը եւ այլեւս չի կրնար վերակենդանանալ», շեշտեց Զաքար Քէշիշեան` թուելով Ճենտերէճեան եղբայրներու զուգանուագի իրագործումները: «Ճենտերէճեան եղբայրները մտաւորական խառնուածքով մարդիկ էին եւ անոնք հայրենի այն հազուագիւտ արուեստագէտներէն էին, որոնք նաե՛ւ ազգային կեանքին մէջ ներդրում ունէին», շարունակեց Քէշիշեան` նշելով, որ Աշոտ Ճենտերէճեան ներկայիս «կարծէք սրահին մէջ մեզ հետ է», որովհետեւ չկար մշակութային թէ ազգային ձեռնարկ, որուն ներկայ չըլլար ան:
«Թէեւ մեռաւ, բայց ան կ՛ապրի մեր մէջ», ընդգծեց Քէշիշեան:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ջութակի վրայ քանի մը ելոյթներով հանդէս եկան «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն Նարէ Աշգարեան, Նարէ Աղասարգիսեան, Մարիա Հալաճեան, Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան եւ դաշնակի վրայ` Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան: