Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին երէկ` ուրբաթ, 28 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ:
«Իրենց ճամբով» խորագիրը կրող սոյն ձեռնարկին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Գուրգէն Փափազեան: Ան ըսաւ, որ 102 տարի անցած է, սակայն հարցը միայն անցնող տարիներու թիւը չէ, այլեւ` այդ տարիներուն ընթացքին մեր տարած աշխատանքն ու գործելաոճն է: Փափազեան հարց տուաւ, թէ 102 տարիներու ընթացքին մեր տարած քարոզչութիւնը որքանո՞վ հարցերը կը ներկայացնէ համամարդկային դիտանկիւնէն` աւելցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հայկական ողբերգութիւն մը չէր միայն, այլ նաեւ` համամարդկային աղէտ: Հետեւաբար անոր ճանաչման, դատապարտման ու հատուցման աշխատանքներուն վերաբերող պայքարի բեռը պէտք չէ միայն մեր ուսերուն վրայ ըլլայ, այլ` համայն մարդկութեան վրայ:
Փափազեան շեշտեց, որ մեր տարած քարոզչութիւնը անհրաժեշտ է, որ հարցերը ներկայացնէ համամարդկային դիտանկիւնէն, որպէսզի այլ ժողովուրդներ եւ պայքարող ուժեր մեր դատը դիտեն իբրեւ համամարդկային դատ եւ անդրադառնան, որ այս տեսակի բոլոր դատերը իրարու հետ կապ ունին, եւ որեւէ մէկուն անտեսումը պիտի տկարացնէ միւս դատերը: Շարունակելով իր խօսքը` Գուրգէն Փափազեան ըսաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման ու հատուցման աշխատանքներուն վերաբերող մեր պայքարը պէտք է անպայման ընդգրկէ պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած բոլոր միւս ցեղասպանութիւններուն եւ մարդկային իրաւանց խախտումներուն նշումն ու դատապարտումը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւնը այլ հալածուած ժողովուրդներուն եւ փոքրամասնութիւններուն:
Փափազեան հարց տուաւ նաեւ, որ 102 տարի ետք արդեօք բաւարար չափով արհեստավա՞րժ է Ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին վերաբերող մեր քարոզչութիւնը` աւելցնելով, որ մեր քարոզարշաւին յաջողութիւնը կը պահանջէ արհեստավարժութիւն, այսինքն` բծախնդիր կերպով կազմակերպել տարուող աշխատանքին բոլոր երեսները` օգտագործելով արդիական բոլոր միջոցները, որոնք կ՛օգնեն, որ նախաձեռնութեան պատգամը ըլլայ յստակ, ուժեղ եւ հասնի առաւելագոյն թիւով մարդոց:
Եզրափակելով իր խօսքը` Փափազեան շեշտեց, որ քայլարշաւներու թէ այլ մարզերու մէջ ձեւագծումի աշխատանքներուն, ինչպէս` ծանուցողական պաստառներուն, տոմսերուն, ընկերային ցանցերու մեր էջերուն եւ այլն, շատ աւելի ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն գծանկարներու միջոցով ներկայացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Օրուան բանախօս Արազ Գոճայեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ սփիւռքեան մակարդակի վրայ, հայոց պատմութեան վերջին 102 տարիները կը ներկայացնեն գոյացական խնդիր, որ կը պահանջէ բարձր գիտակցութիւն` աւելցնելով, որ հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու խնդիրը ինքնանպատակ չէ եւ ունի ո՛չ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պայքարի նպատակ, այլեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացում` անոր քաղաքական, տնտեսական եւ մանաւանդ ընկերային երեսներով, արցախեան պահանջատիրութիւն եւ Արցախի հզօրացում, օտար պետութիւններու քաղաքական շահերուն պատճառով տուժած հայկական գաղութներու զօրակցութիւն: Ասոնց կողքին հայօրէն գոյատեւելու մարտահրաւէրը կը վերցնենք կասեցնելու համար ներկայ ցեղասպանութիւնները եւ կանխարգիլելու համար այլ ցեղասպանութիւններ, որովհետեւ մենք կրցանք վերապրիլ, եւ կորսնցնելէ ետք մեր ընտանիքը, տունը, հողը եւ մշակոյթը, կրցանք ոչինչէն վերստեղծել հայ ընտանիքը եւ հայ ազգը:
«Եթէ հայ ծնիլը բնութեան պատահականութիւնն է, հայօրէն ապրիլն ու գոյատեւելը աշխատանքի եւ վճռակամութեան ու կամքի կը կարօտի: Այս բոլորը կախեալ են հայու հաւաքական ծրագրաւորումէն եւ անհատական գիտակցութենէն», հաստատեց Գոճայեան` աւելցնելով, որ երկուքն ալ նոյնքան կարեւոր են եւ միասնաբար կրնան հայ ազգը պահել սփիւռքի փխրուն հողին վրայ ու անոր ուղղութիւնը տանիլ դէպի Երկիր` անոր հաստատ հողին մէջ վերամխրճելու հայութեան արմատները:
Գոճայեան բացատրեց, որ հաւաքական ծրագրաւորման համար ունինք քաղաքական կուսակցութիւն` ի դէմս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, եկեղեցի, դպրոց, համալսարան, մշակութային կեդրոն, մամուլ, ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւն եւ այլն, եւ այս բոլորը կը ներկայացնեն հայ մնալու սնունդ եւ աւիւն: Ան հաստատեց, որ ներկայ Թուրքիան շատ լաւ գիտէ, որ դէմ յանդիման կը գտնուի ազգի մը հետ, որ չի վախնար իր առօրեայ հոգերուն մէջ նաեւ տեղ տալու Հայ դատի պայքարին: «Չկայ աւելի գերադաս վրէժ, քան հայօրէն ապրելու վրէժը: Ատիկա ալ կարգապահութիւն կը պահանջէ», շեշտեց Գոճայեան` կարեւոր նկատելով հայկական վարժարաններուն եւ միութիւններուն տարած հայապահպանման աշխատանքը, որուն շնորհիւ միայն կարելի է պատրաստել հայ գիտակից հաւաքականութիւն:
Ան ըսաւ, որ հաւաքական ծրագրաւորումը յարատեւ աշխատանք մըն է եւ կարիք ունի ինքնաքննարկման եւ վերադասաւորման ջանքերու, որպէսզի կարելի ըլլայ քայլ պահել դարու մարտահրաւէրներուն հետ` աւելցնելով, որ երիտասարդութիւնը ամէնէն կարեւոր մասնիկն է այս հաւաքականութիւնը օժտելու անհատական գիտակցութեամբ, որովհետեւ երիտասարդ ուժին նախաձեռնութիւնը` ներկայ դարու ընծայած կարելիութիւններուն Հայ դատի աշխատանքուն մէջ ծառայեցումը մեր դատը կրնայ բարձրացնել այլ մակարդակի:
«Այս ձեռնարկը թող մտածելու առիթ տայ բոլորիս, թէ որքա՛ն ներդրում կրնանք ունենալ Հայ դատին մէջ` սկսելով ազդուօրէն հայ ըլլալով եւ անխոնջ կերպով, առանց յոգնելու պայքարը շարունակելով: 102 տարիներ ետք ամէն բան կրնայ փոխուած ըլլալ, բացի հայուն գոյացական խնդիրէն եւ հայօրէն ապրելու հրամայականէն», եզրափակեց Արազ Գոճայեան:
Աւարտին «Ազատամարտ» ակումբէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը` դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձան` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Յուշարձանին մօտ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ ժամանակին մեր հայրերը կ՛ըսէին, թէ պիտի գայ այն օրը, երբ Եռագոյնը Հայաստանի հողին վրայ դարձեալ պիտի ծածանի` աւելցնելով, որ իրենք այդ յոյսով եւ երազով մեծցան: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը անապատի ոսկորներէն յարութիւն առաւ եւ վերականգնեց Հայաստանի անկախութիւնը` աւելցնելով, որ մեր ազատամարտիկները Հայաստանի հողին կցեցին ազատ ու անկախ Արցախը:
«Այսօր մեր նահատակներուն արեան կտակին հաւատարիմ ըլլալու ուխտի օրն է: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ մեր ուժը երիտասարդութիւնն է», հաստատեց քահանայ հայրը եւ կոչ ուղղեց գուրգուրալու մեր նախնիներուն ձգած կտակին վրայ ու ամբողջացնելու անոնց կիսատ ձգած գործը` կերտել միացեալ ամբողջական Հայաստան` ամբողջական հայութեամբ:
Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի պահպանիչէն եւ Տէրունական աղօթքէն ետք ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով: