Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 127-րդ Լսարան. Շնորհահանդէս Եւ Ներկայացում «Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» Հատորին

Ապրիլ 28, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 27 ապրիլ 2017-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ թիւ 127 լսարանը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը.  Շաւարշ Միսաքեան» հատորը (Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչատան հիմնադրամի հրատարակութիւն – թիւ 9): Խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան  Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ հրատարակութեան խմբագիր ու ՀՅԴ արխիւներու բաժինի պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ լսարաններու շարքը ո՛չ միայն կ՛անդրադառնայ հայ կեանքը յուզող քաղաքական, ազգային եւ մշակութային հարցերուն, ո՛չ միայն այդ լուսաբանութիւններու ընթացքին բարձր մակարդակի քննարկումներ կը կատարուին պատմագիտական, լեզուագիտական եւ մշակութաբանական եւ այլ նիւթերու մասին, այլեւ անոնց ընթացքին առիթ կը ստեղծուի լուսարձակները կեդրոնացնելու ժամանակակից մտաւորական արտադրութիւններուն վրայ, որոնցմէ մէկն է «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» հատորը:

Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, որ իր խօսքին սկիզբը պատմագիտական տեսանկիւնէն մեկնելով ընդգծեց գիրքին կարեւորութիւնը` նշելով, թէ Շաւարշ Միսաքեան անմիջապէս առաջիններէն եղած է իբրեւ ականատես եւ վկայ Հայոց ցեղասպանութեան: Ապա ան անդրադարձաւ Շաւարշ Միսաքեանի կեանքին եւ գործունէութեան. որ ծնունդ առնելով Սեբաստիոյ մէջ, տեղափոխուած է Պոլիս եւ դարձած նշանաւոր հրապարակախօս, հրատարակիչ, խմբագիր եւ կեանքի կոչած բազմաթիւ հրատարակչութիւններ, որոնք Պոլսոյ կեանքին մէջ ունեցած են կարեւոր դերակատարութիւն: Շ. Միսաքեան Պոլսոյ մէջ անդամակցած է ՀՅԴ-ին, Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին իր գործունէութիւնը շարունակելով ճանչցուած դէմք դարձած է արեւմտահայ կեանքին մէջ:

Ա. Մելքոնեան դիտել տուաւ, թէ Միսաքեան իր սեփական մաշկին վրայ զգացած է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ապրիլ 24-25-ի գիշերը ձերբակալութիւններու սարսափներ ապրիլ, հրաշքով փրկուիլ, որոշ ժամանակ թաքստոցէ-թաքստոց անցնիլ, ապա մատնիչի մը մատնութեամբ յայտնուիլ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ, տառապիլ, ապա փրկուիլ ու աշխատիլ:

Ան նշեց, որ հատորը կ՛ապացուցէ, որ ապրիլ 24-25-ի ձերբակալութիւններէն ետք կուսակցական ազգային կեանքը չէ մեռած Պոլսոյ եւ գաւառներուն մէջ, եւ մարդիկ դժոխային պայմաններու մէջ կուսակցական աշխատանքը շարունակած են: Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ Շաւարշ Միսաքեան լայնախոհութեամբ խօսած է հայ բոլոր կուսակցութիւններուն մասին, թէ ինչպէ՛ս ձերբակալուած են բոլոր ազգային- քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները:

Փրոֆ. Մելքոնեան յայտնեց նաեւ, թէ Շ. Միսաքեան ճշգրտութեամբ գրած է այդ գեհենական օրերու ձերբակալութիւններուն մասին, որոնք կատարուած են բոլոր հայկական կառոյցներուն մէջ:

Նամականիէն հասկնալի դարձած է նաեւ, որ 1915-ի ապրիլէն սկսեալ մինչեւ մայիսի կէսերը անհատական ձերբակալութիւններ եւ կախաղանով մահապատիժներ տեղի ունեցած են, իսկ մայիս 15-էն սկսեալ տեղի ունեցած է զանգուածային բռնագաղթը: Շ. Միսաքեանի նամակներէն ակներեւ կը դառնան նաեւ այն դժուար օրերուն նուիրումի օրինակները:

Ա. Մելքոնեան ըսաւ, թէ յատուկ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ Զէյթունի տեղահանութեան խնդիրը, որ առեղծուած մնացած է. Զէյթուն, որ նախապէս ապստամբած եւ պայքար մղած էր, այս անգամ հեզ ու հնազանդ ջարդի ենթարկուած է: Շ. Միսաքեանի նամակներէն ի յայտ կու գայ նաեւ անոր մտահոգութիւնը հայ մտաւորականութեան նկատմամբ, ան հետամուտ եղած է հայ մտաւորականներու տեղահանութեան խնդիրին:

Խօսքի աւարտին Ա. Մելքոնեան  անդրադարձաւ Երուանդ Փամպուքեանի կատարած բծախնդիր աշխատանքին եւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` նիւթը պատմաբաններուն համար սկուտեղի վրայ մատուցելու համար:

Այնուհետեւ խօսք առաւ հրատարակութեան խմբագիր ու ՀՅԴ արխիւներու բաժինի պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան: Ան խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հատորը հոգեկան պարտք մը կատարելու առիթ է մարդու մը հանդէպ` Շաւարշ Միսաքեանի, որ կէս դար ամբողջ ծառայած է հայ գիրին, յատկապէս մամուլին, ապա յայտնեց, թէ աշխատանքին գաղափարը յղացած է «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» 12-րդ հատորի խմբագրութեան  աշխատանքներուն ընթացքին:

Ե. Փամպուքեան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս այն օրերուն ղեկավարութիւնը ջլատուած էր, Բիւրոյի եւ Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները ձերբակալուած էին, բայց գտնուած են տղաք, որոնք դժուարին պայմաններու մէջ ուզած են կուսակցութիւնը կանգուն պահել, թէ ինչպէ՛ս Շաւարշ Միսաքեանի գլխաւորութեամբ կազմուած է եռանդամ մարմին մը, որ կոչուած է Վիշապի առժամեայ մարմին, որ ստանալով ՀՅԴ Արեւմտեան Բիւրոյի համամտութիւնը, գործած է աշխուժ կերպով ու դժուար պայմաններու մէջ: Մարմինին գլխաւոր գործը Շաւարշ Միսաքեանի նամակներն ու տեղեկութիւնները եղած են, որոնք հասած են Սոֆիա, ուր սկսած են հրատարակուիլ «Հայաստան» թերթի մէջ: Այն օրերուն այնպիսի պայմանաւորութիւն եղած է, որ Պուլկարիոյ Կեդրոնական կոմիտէն առնելէ ետք այդ նամակները պիտի բաժնէր Եգիպտոս, Ամերիկա, ժընեւ եւ Թիֆլիս: Ե. Փամպուքեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս դժուար պայմաններու մէջ, թաքստոցէ-թաքստոց գաղտնի վայրերէն գրած է Շաւարշ Միսաքեան` շարժման մէջ դնելով առժամեայ մարմինը, որ ունեցած է օժանդակ անձեր, որոնք տեղեկութիւններ հաւաքած են տարբեր-տարբեր վայրերէ եւ երկիրներէ:

Փամպուքեան նշեց, որ Միսաքեանի նամակները մակեդոնացի հին բարեկամներու, երբեմն ճամբորդներու միջոցով, բայց մեծագոյն մասը թրքական, պուլկարական, ռուսական թերթերու լուսանցքներուն վրայ եւ բաց տարածութիւններուն վրայ գաղտնի մելաններով ու ծածկագիրերով հասած են Սոֆիա, ուր վերծանուած են եւ հրապարակուած:

Ե. Փամպուքեան յայտնեց նաեւ, որ Շաւարշ Միսաքեան աշխատակցած է «Հայաստան» թերթին` գրելով յօդուածներ, որոնք ամէնէն դառն տեղեկութիւններու, տպաւորութիւններու ազդեցութեան տակ յուսահատական եղած են, բայց նաեւ մեծ մասամբ հատուցումի, փոխվրէժի եւ հայ ժողովուրդի անմեռ ըլլալու գոյութեան մասին վկայած են: Այդ յօդուածները հատորին մէջ ամփոփուած են իբրեւ խորհրդածութիւններ, պոռթկումներ թուրք կառավարութեան գործած ահաւոր գազանութիւններուն մասին: Իսկ երրորդ հատորը` 1935 թուականին թրքական  «Զաման» թերթին մէջ Ալի Ռիզա քննիչ ոստիկանապետի մը հրատարակած յուշերուն մէջ Շաւարշ Միսաքեանի ձերբակալութեան մասին վերաբերող բաժինն է: Շաւարշ Միսաքեան շատ ամփոփ ձեւով տարիներ ետք գրած է իր ընդյատակեայ եւ բանտային կեանքին մասին: Իսկ հրատարակութեան յաւելուածը Վլատիմիր Տիմիթրովի ահաբեկիչ` Եզիտ Արշակի  պատմած յուշերն են ահաբեկման մասին, այդ յուշերը իր ուսանողութեան շրջանին արձանագրած է Փամպուքեան:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան հրապարակուած գիրքէն օրինակներ, ապա հիւրասիրութեան մը շուրջ շարունակեցին իրենց խորհրդածութիւնները:

 

 

Նախորդը

Ապրիլեան Եղեռնագործութեան 102-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ոգեկոչումներ` Քուէյթի Մէջ

Յաջորդը

Մեծարանք Արդարութեան

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?