Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատկերացումը Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Վերաբերեալ

Մայիս 3, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար` մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կարգ մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն:

Սուրբ Ծնունդի առիթով Հալէպի հայութեան տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի կոչ ուղղած էր եւ այս գծով պարզած էր իր պատկերացումը: Համագումարի իր բացման խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը աւելի լայն ու յստակ կերպով պարզեց իր մօտեցումը վերականգնումի հոլովոյթին վերաբերեալ.-

1) Ողջունելով ներկաները` վեհափառ հայրապետը նախ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր անոնց, Հայաստանի պետութենէն սկսեալ մինչեւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան գանձանակին մէջ իրենց «այրիի լուման» ձգած մեր հոգեւոր, բարեսիրական ու համայնքային կառոյցներն ու բարերարները, որոնք գործնապէս իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան աշխատանքներուն: Յիշելով առաքեալին խօսքը` «եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի` բոլոր անդամներն ալ միասին կը ցաւին…» (Ա.Կր 12.26), վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց, որ այս գիտակցութեամբ, Սուրիոյ հայութեան տագնապը համահայկական տագնապ նկատելով, շարունակուի մեր զօրակցութիւնը:

2) Ապա, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ժամանակը հասած է, որ շտապ օգնութեան հանգրուանէն ընթանանք դէպի վերականգնումի հանգրուան: Երկրին մէջ յայտնուող նշանները որոշ յոյս կը ներշնչեն այս իմաստով. հետեւաբար, վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով պէտք է վերականգնումի աշխատանքներուն լծուինք, ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` միաժամանակ յիշեցնելով, թէ վերականգնում ըսելով ան չի հասկնար սոսկ քանդուածը վերականգնել կամ վնասուածը վերաշինել. վերականգնում կը նշանակէ էապէս վերարժեւորում մեր ներկայ կեանքին, իր դրական ու բացասական երեսներով, վերակազմակերպում` մեր համայնքային կառոյցներուն եւ վերանորոգում` մեր հաւաքական կեանքին:

3) Վերականգնումը պէտք է ծրագրուի ու կատարուի համապարփակ մօտեցումով. այլ խօսքով, տնտեսական կեանքի վերականգնում, կարիքաւոր ընտանիքներու օգնութիւն, քանդուած տուներու վերաշինութիւն եւ կառոյցներու վերաշխուժացում, պէտք է քննարկուին, ծրագրուին ու կեանքի կոչուին մէկ ամբողջութեան ծիրին մէջ, զուգահեռ կերպով եւ առաջնահերթութեան կարգով:

4) Վերականգնումը պէտք է կատարուի հանգրուանային կերպով: Նախ եւ առաջ ցանկագրումը պէտք է կատարուի վնասներուն, կարիքներուն եւ ապա` անոնց արժեւորումը եւ առաջնահերթութեան ճշդումը: Միշտ հանգրուանային կերպով ու նախապատուութեան կարգով պէտք է կատարուի առաջադրուած ծրագիրներուն իրագործումը:

5) Վերականգնումի նախապատրաստական ծրագիրները անհրաժեշտ է, որ կատարուին մասնագիտական եւ ոչ պարագայական ու հապճեպ մօտեցումով: Այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին պէտք է լծել տնտեսական, շինարարական, վարչակազմակերպչական մարզերուն մէջ մասնագիտութիւն ու փորձառութիւն ունեցող անձեր:

6) Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց թափանցիկութեան ու համարատուութեան անհրաժեշտութիւնը: Գիտենք, որ յիշեալ աշխատանքները պիտի կատարուին երկրի մը մէջ, ուր պայմանները տարբեր են: Նաեւ գիտենք, որ տակաւին կարգ մը արեւմտեան երկիրներ որոշ սահմանափակումներ հաստատած են Սուրիոյ կատարուելիք օժանդակութեանց գծով: Սակայն, այս բոլորը նկատելով հանդերձ, անհրաժեշտ է շուտով գործի լծուիլ` մեկնելով թափանցիկութեան ու համարատուութեան սկզբունքներէն: Նման գործելակերպ վստահութիւն կը ներշնչէ մեր ժողովուրդին, յիշեցուց վեհափառ հայրապետը:

7) Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ առաջարկեց ժամանակացոյցի մը ճշդումը` միշտ նկատի ունենալով քաղաքական-ապահովական պայմանները, ինչպէս նաեւ նիւթական կարելիութիւնները.- ա) թղթածրարներու պատրաստութիւն մինչեւ յուլիս 2017-ի վերջը. բ) օգոստոսի առաջին կիսուն ծրագիրներու ներկայացում համագումարի մը ընթացքին, ուր մեծապէս փափաքելի է: որ ներկայ գտնուին Հայաստանի պետութեան, թեմերու, գաղութներու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ բարերարներ: Յիշեալ համագումարին ընթացքին սպասելի է, որ որդեգրուին ներկայացուած ծրագիրները. գ) ծրագիրներու գործադրութիւն հոկտեմբեր 2017-էն սկսեալ:

8) Վեհափառ հայրապետը վերականգնումի առնչուած չորս գլխաւոր բնագաւառներ առաջարկեց.- ա) միջին «պիզնըս»-ներու օժանդակութիւն ու փոխատուութիւն կատարելու ծրագիրի մշակում. բ) ազգային կառոյցներու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման աջակցութիւն. գ) վնասուած շէնքերու վերանորոգում. դ) կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն:

9) Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց ծրագիրներու գործադրութեան հսկողութեան կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան թելադրեց.- ա) կեդրոնական յանձնախումբի մը ստեղծումը` մասնակցութեամբ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն, կուսակցութիւններու եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն. բ) շինարարական, տնտեսական եւ այլ անհրաժեշտ յանձնախումբերու նշանակումը, որոնք պէտք է գործեն կեդրոնական յանձնախումբին հսկողութեան ներքեւ:

10) Որպէսզի աշխատանքները ընթանան աւելի ծրագրուած կերպով, եւ ծրագիրները որդեգրած կողմերուն հետ յարաբերութիւնը ըլլայ հետեւողական, վեհափառ հայրապետը  թելադրեց, որ գրասենեակ մը հաստատուի Հալէպի մէջ: Յիշեալ գրասենեակին աշխատանքին բնոյթը եւ սահմանները պէտք է ճշդուին կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ:

Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն` իրենց նուիրեալ ծառայութեան համար, վերաշեշտելով Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքները համահայկական մասնակցութեամբ եւ ծրագրուած կերպով կատարելու հրամայականը:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-Ամեակին Առիթով . Լիբանանեան Քանատական Համալսարանին Կազմակերպութեամբ Ծաղկեպսակի Զետեղում` Այնթուրայի Հայ Որբ Մանուկներու Դամբարանին Եւ Պաշտօնական Ոգեկոչում

Յաջորդը

Զգուշացնելով Որ Երկիրը Կը Գտնուի Անդունդի Եզրին` Նասրալլա Թելադրեց Երկխօսութեան, Համախոհութեան Եւ Զիջումներու Ճամբով Հասկացողութիւն Գոյացնել Ընտրական Օրէնքին Գծով

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?