Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համահարթեցման Գործընթացներ Եւ Հակաարժէքային Համակարգեր (Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով)

Մայիս 1, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ոչ շատ հեռու անցեալին մայիս 1-ը կամ Աշխատաւորներու օրուան նշումը առիթ էր ո՛չ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներուն մասին հրապարակային քննարկումներով հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ ազդելու պետութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան վրայ, այլ նաեւ գաղափարաբանական հէնքի վրայ աշխարհակարգի հետ կապուած երեւոյթներու վերաբերեալ սուր դիտարկումներ կատարելու եւ վերլուծումներ զարգացնելու:

Երբեմնի երկբեւեռ դրութեան մէջ, մէկ կողմէ դրամատիրական, միւս կողմէ համայնավարական կարգերով կառավարուող երկիրներու եւ տարածաշրջաններու մէջ հասարակարգերու իրավիճակը, մարդու իրաւունքներու հետ կապուած խնդիրներէն մինչեւ մտածումի ազատութիւն եւ բազմակարծութիւն կը քննարկուէին բարձր ալիքներու առաջացումներով:

Ընկերվարութեան ծայրայեղացումէն մինչեւ վայրագ դրամատիրութիւն եւ ազատութեան անունին տակ ժողովրդավարութիւն արտածելու կարգախօսներով կիրարկուող քաղաքականութենէն մինչեւ բռնատիրական կարգեր, մինչեւ այլախոհութեան արգիլում եւ անոր հիման վրայ նաեւ հալածանքներ` իրենց ծալքերով, օրինակներով կու գային իբրեւ հիմնաւորում բանաձեւելու օրուան աշխարհակարգին հետ կապուած երկբեւեռացած հրապարակային բանավէճերը:

Մայիս 1-ը կը յայտնուէր այս երկբեւեռ եւ ծայրայեղացուած մօտեցումներուն կեդրոնը եւ սուր կերպով հակադրուելով դրամատիրութեան,  նոյնքան կը հակադրուէր նաեւ բռնատիրութեան, յատկապէս աշխատաւոր մարդու իրաւունքներու լիարժէք յարգումի սկզբունքները ընդգծելով:

Տարբեր հարց, որ ընկերվարական գաղափարաբանութեան իւրովի ընկալումով եւ մեկնաբանութեամբ համայնավարութիւնը յատուկ հնչեղութիւն եւ տարողունակութիւն ապահոված էր մայիս 1-ին եւ զայն կը դաւանէր համայնավարական կարգերու առաջին տօներէն, եթէ ոչ` գլխաւորը:

Խնդիրը այս պարագային ոչ այնքան մայիս 1-ի խորհուրդին աղաւաղումն էր, որքան այդ առիթով օրուան աշխարհակարգին  յատուկ  գաղափարաբանական հարթութեան վրայ իրադրութիւններու քննարկումի երեւոյթը:

Ահա այս կարեւոր բանավէճէն է, որ կը թուի զրկուած ըլլալ այսօրուան աշխարհակարգը: Ասիկա չի նշանակեր անշուշտ կարօտախտ մը նախորդ աշխարհակարգին եւ անոր հետ կապուած գաղափարաբանական քննարկումներուն: Այս կը նշանակէ նախ եւ առաջ ներկայ խնդիրներու մեկնաբանման, քննարկման, արծարծման համաշխարհային առումով ապագաղափարականացումը:

Իսկ այս բացը ոչ միայն աշխատաւորական- դրամատիրական – բռնատիրական առանցքներու շուրջ կայացող քննարկումներու բացակայութեան կը վերաբերի, այլ ընդհանրապէս նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման, նոր (հակա)արժէքային համակարգի հրամցուելուն:

Այսօրուան աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացներու շօշափելի եւ տեսանելի արդիւնքը այլ տեսակի բեւեռացման կը վերաբերի: Հակաահաբեկչական եւ ահաբեկչական երկիրներ դասակարգումներու շրջագծումներով կառավարելի (յաճախ անկառավարելի) քաոսներու ստեղծումով փորձ կը կատարուի երկրագունդը ապահով եւ անապահով բաժնելու:

Այստեղ արդէն ոչ թէ աշխատաւորներու կամ մարդու իրաւունքներու մասին է խօսքը, այլ ընդհանրապէս ժողովուրդներու, պետութիւններու: Հակաարժէքային նոր համակարգը հարթեցման մեքենաներով կ՛ոտնակոխէ, կը ճզմէ նախկին արժէքները, կը հրամցնէ նորը, կ՛օգտագործէ քիմիականը` համահարթեցման եւ արժէքային առումով ամայացումներու միտող ընթացքներու կայացման համար չխնայելով եւ տարբերութիւն չդնելով ո՛չ աշխատաւորին, ո՛չ մարդուն ընդհանրապէս, ո՛չ ազատատենչին, ո՛չ բռնատէրին միջեւ:

Նախկին առանցքները կը չէզոքացուին այսպէս, մայիս 1-ը կարօտախտի մղումներով կը յիշուի եւ անոր առիթով արծարծուած նիւթերուն նկատմամբ ժամանակավրէպութեան տպաւորութիւններ կը փոխանցուին: Այնուամենայնիւ շատ տեղեր, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մայիս 1-ը կը նշուի իբրեւ տօն եւ ոչ աշխատանքային օր: Այսօր, ոչ նախկին շռինդով, բայց աշխատաւորութեան իրաւունքներու օրը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կը նշուի:

Մինչեւ որ մարդակեդրոն գաղափարաբանութեան վերադարձ կատարելու նոր շարժումներ, գաղափարական մակընթացութիւններու համար կարենան որդեգրել պայքարի ազդեցիկ եւ նորարար ոճեր, աշխատաւորներու եւ անոնց հետ կապուած ամենամարդկային տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անոնց վերականգնման համար առաջ քշուող առաջադրանքներ սկսին գործնապէս զգալի դառնալ:

Քաղաքական իրավիճակները ներկայ աշխարհակարգին մէջ ձեռնտու չեն հասկնալիօրէն: Միաժամանակ սակայն զուրկ են արժէքներէ. իսկ հակաարժէքի հիման վրայ ընթացող, թէկուզ տիրապետող համակարգերը դժուար թէ դիմանան ժամանակի դէմ պայքարին: Էականը, ձախողութիւններու մատնուելով հանդերձ արժէքներու պահպանման սկզբունքայնութիւնն ու հետեւողական պահուածքի դրսեւորումն է:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?