Մեր Ընթերցողներուն
Այս տարի «Ազդակ»-ը կը թեւակոխէ իր 90-ամեակը։ Տարբեր ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու կողքին, այս առիթով կազմուած խմբագրական խորհուրդը փորձ մը կը կատարէ հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր «Ազդակ»-ի խմբագրութեան մաս կազմած, թերթին մէջ տարբեր պաշտօններ վարած, յօդուածներ ստորագրած եւ էջեր պատրաստած գործակիցներու անուանացանկը կազմել։ Յաւակնութիւն չունինք ըսելու, որ ցարդ կազմուած ցանկը ամբողջական է, սակայն մեր կարելին ըրինք` կապ հաստատելով նաեւ տարբեր տարիներու...




















