Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պզտիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Յաջողութեամբ Իրականացաւ

Մայիս 1, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Պզտիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին, «Փիւնիկ» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:

Հայկական 17 վարժարաններէ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, Ազգային Աբգարեան վարժարան, Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան, ՀԲԸՄ-ի Պ. Կարմիրեան վարժարան եւ Համազգային Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, հաւաքուած էին 100 աշակերտներ, որոնք բաժնուեցան 16 խումբերու. իւրաքանչիւր խումբ ունէր 4-րդ, 5-րդ եւ 6-րդ դասարանէն աշակերտներ:

Նախ փոքրիկներուն բացատրուեցաւ աշխատանոցին առիթն ու նպատակը: Սրբուկ Ճենանեան մասնակիցներուն ըսաւ, թէ աշխատանոցին նպատակն է լրագրական աշխատանքները ծանօթացնել լրագրական աշխատանքները մանկահասակ սերունդին, եւ թէ ի՛նչ հանգրուաններէ անցնելով է, որ թերթ մը լոյս կը տեսնէ. ապա մանրամասնութիւններ ներկայացուց իրենց կատարելիք աշխատանքներուն մասին` նշելով, թէ իւրաքանչիւր խումբ իր տրամադրութեան տակ ունի նիւթ մը, որ պիտի կարդայ ու վերարտադրէ խումբին հասկցած ու մեկնաբանած ձեւով, իսկ խումբերուն ներկայացուցած նիւթերով լոյս պիտի տեսնէ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի մայիս ամսուան թիւը: Այդ իմաստով ալ աշակերտներուն թելադրուած նիւթերը կ՛ընդգրկէին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, Շուշիի ազատագրման 25-ամեակին առիթով Արցախի ու արցախցի նշանաւոր դէմքերու մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ նշանաւոր անձերու մասին գրութիւններ, առաւել առողջապահութեան, արհեստագիտութեան ու գիտական նորութիւններու մասին նիւթեր:

Աշխատանոցին առաջին հանգրուանը` ժամը 10:00-էն 1:30, մասնակիցները պիտի կարդային իրենց տրուած նիւթերը եւ իրենց կարգին պիտի պատրաստէին յօդուածը, ճաշի դադարէն ետք` ժամը 2:30-ին պիտի սկսէր աշխատանքի երկրորդ հանգրուանը, որ ամբողջութեամբ նորութիւն էր փոքրիկներուն համար: Այս հանգրուանին իւրաքանչիւր խմբակ պիտի պատրաստէր գծանկարներով խօսակցական պատմութիւն (պանտ տէ սինէ): Աշխատանքը յաջողցնելու համար փոքրիկներուն ներկայացուեցաւ պանտ տէ սինէի պատմականը, ապա աշխատանքի ընթացքը, ուր մատնանշուեցաւ, որ ամէնէն կարեւորը նիւթը ճշդելն ու հերոսները ընտրելն էր: Ու փոքրիկները լծուեցան աշխատանքի. բացառիկ խանդավառութիւն կար անոնց մօտ. խմբագրական կազմի անդամները կը շրջէին ու կը պատասխանէին փոքրիկներուն հարցումներուն: Անոնց փոխանցուած էր նաեւ, որ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի կերպարն ալ մասնակից դարձնեն իրենց գրութիւններուն ու պատմուածքներուն: Իսկապէս ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր, ու աշակերտները ստեղծագործեցին: Իւրաքանչիւր խումբ ունէր իր երեւակայութիւնը: Խումբեր կային, որոնք ուզեցին քանի մը նիւթ ներկայացնել: Անոնց տրուեցաւ այդ առիթը: Փոքրիկները շատ զուարթ ու հաճելի ժամեր անցուցին եւ իրենց գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը արտայայտեցին` հարց տալով, թէ գալ տարի ալ նորէն պիտի կազմակերպուի՞ նման ձեռնարկ մը:

Աշխատանոցի աւարտին մասնակիցներուն բաժնուեցան յիշատակի նուէրներ, իսկ ընթացքին երկու անգամով տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Աշխատանոցէն փոքրիկներն ու խմբագրական կազմի անդամները հեռացան թէեւ յոգնած, բայց գոհունակ եւ ուրախ, որ յաջողեցան իրականացնել նման աշխատանք մը, որուն արդիւնքը պիտի տեսնուի մայիս ամսուն` «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի հրատարակումով:

Վերջապէս, շնորհակալութիւն մեր փոքրիկներուն, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն ու ծնողներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով կատարեցին իրենց պարտականութիւնը` քաջալերելով կազմակերպուած այս ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ նպաստեցին ձեռնարկին յաջողութեան:

Ձեր բոլորին վարձքը կատա՛ր:

Նախորդը

Հոգեհանգիստ` Ի Յիշատակ ԼՕԽ-ի Հանգուցեալներուն

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէութեան . Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?