Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին. «Հայ Կնոջ Դերին Ծիրն Ու Հզօրացումը» Ընդհանուր Խորագիրով Խորհրդաժողով

Մայիս 3, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին  շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, «Հայ կնոջ դերին ծիրն ու հզօրացումը» նիւթով խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ:

Հայկազեան համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ, դոկտ. Նանոր Գարակէօզեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները` նշելով խորհրդաժողովի օրակարգը: «Ցեղասպանութիւնը շրջադարձային նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ հայ կնոջ համար, հետեւաբար պատահական չէ, որ այսօրուան ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն զուգընթաց», շեշտեց Գարակէօզեան` իբրեւ օրինակ նշելով «Խոստումը» («Տը Փրոմիս») ժապաւէնը, ուր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայուհիներու զանազան կերպարները ակներեւ են: Ի՞նչ եղած է եւ ի՞նչ պէտք է ըլլայ հայ կնոջ դերը ընտանեկան,մշակութային, ընկերային, հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ, ի՞նչ նուաճումներ արձանագրած են հայ կիները, ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւած են եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն անոնք ներկայիս: Ինչպէ՞ս կարելի է արժեւորել հայ կնոջ դերը Եղեռնէն 102 տարի ետք, հարց տուաւ դոկտ. Նանոր Գարակէօզեան` թուելով այս առչնութեամբ վերջին տասնամեակներուն լոյս տեսած կարգ մը գիտական ուսումնասիրութիւններու պատկերացումները: Ապա ան նշեց օրուան յայտագիրին գլխաւոր բաժինները եւ բեմ հրաւիրեց երեք զեկուցաբերները` Ազատուհի Սիմոնեան, դոկտ. Լերնա Էքմեքճիօղլու եւ Անիթա Մուչոյեան: Գարակէօզեան շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն, ներկաներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս ձեռնարկի իրագործման:

Նախքան խորհրդաժողովին սկսիլը սրտի խօսք ուղղեց համալսարանի նախագահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ յայտնեց, թէ յաճախ կը խօսուի Ցեղասպանութեան, հաւաքական ջարդերու, զանգուածային սպանութիւններու մասին: Սակայն հաւաքաբար ապրելու իրողութիւնը` «մաս լիվինկ»-ը ընդհանրապէս նոյն ուշադրութիւնը չի գրաւեր: «Դուք այս օրերուն կը խօսիք «մաս լիվինկ»-ի մասին, այսինքն` այն ծանր գինը, որ կը վճարեն մարդիկ, որոնք վերապրած են, որոնք պիտի վերաստեղծեն, որոնք պիտի դիմանան», ընդգծեց դոկտ. Հայտոսթեան:

Դոկտ. Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց խորհրդաժողովի աշխատանքներուն:

Ապա ժողովավար դոկտ. Նանոր Գարակէօզեան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան առաջին զեկուցաբեր, բանախօս Ազատուհի Սիմոնեանի կենսագրականը` նշելով, որ ան 1960-ական թուականներէն եղած է Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանի («Էլ.Էյ.Եու.») անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան դասախօս մինեւ իր հանգստեան կոչումը 2007-ին, հեղինակ է երկու հատորներու եւ երրորդը ընթացքի մէջ է, ունի բազմաթիւ յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ երկու անգամ պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

Սիմոնեան խօսեցաւ հայ իրականութեան գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ հայ կնոջ բերած հիմնական ներդրումին մասին: «Հայ կինը առաջնորդող տարբեր դերերու մէջ` հայոց պատմութեան ընթացքին» խորագրեալ իր հայերէն զեկուցման մէջ, Սիմոնեան պատմական յետադարձ ակնարկով թուեց դարերու ընթացքին իրենց գործունէութեամբ յատկանշուած ականաւոր հայուհիներու, թագուհիներու, իշխանուհիներու անուններն ու գործունէութիւնը` հասնելով մինչեւ վերջին շրջանի հասարակական գործիչները, ազգային-յեղափոխական շարժումին մասնակից հայուհիները, ֆեմինիստներ գրագիտուհիները, ինչպէս` Մարօ Վսրդանեան, Սօսէ Մայրիկ, Եղսօ, Էլպիս Կեսարացեան, Հայկանուշ Մարք, Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ), Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Եսայեան:

Ապա դոկտ. Նանոր Գարակէօզեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան երկրորդ դասախօսը` «Մեսեչուսեց ինսթիթիութ օֆ թեքնոլոճի»-ի («Էմ. Այ. Թի.») Մըք Միլըն-Սթիուըրթի պատմութեան օժանդակ դասախօս դոկտ. Լերնա Էքմեքճիօղլուն:

Դոկտ. Էքմեքճիօղլու անգլերէնով անդրադարձաւ Պոլսոյ մէջ իր ուսանողութեան տարիներուն իր ամբարած տեղեկութեանց` հայ իգական դէմքերու մասին: «Հայ կնոջ մարտահրաւէրները` յետեղեռնեան Պոլսոյ մէջ» զեկուցումով, Էքմեքճիօղլու յայտնեց իր եւ իր դասընկերուհիին` Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ երեսփոխան Սելինա Տողանի զարմանքը, թէ թրքական պատմութեան մէջ չէ գրուած ականաւոր հայուհիներու մասին, եւ իրենք ամփոփ կերպով իմացած են Հայկանուշ Մարքի ու «Հայ կին» շաբաթաթերթին մասին հայ գրականութեան դասընթացքի ընդմէջէն: Անոնք միասնաբար ուսումնասիրած եւ հրատարակած են ականաւոր հայուհիներու` Էլպիս Կեսարացեանի, Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Ասատուրի (Սիպիլ), Հայկանուշ Մարքի եւ Զապէլ Եսայեանի մասին 2002-ին թրքերէնով աշխատասիրութիւն մը` «Արդարութեան ճիչ» խորագիրով որ մրցանակի արժանացած է եւ թրքական կարգ մը համալսարաններու մէջ կը դասաւանդուի: Դոկտ. Էքմեքճիօղլու սահիկներու օգնութեամբ մանրամասն անդրադարձաւ նշեալ կիներու կեանքին ու ստեղծագործութեան պայմաններուն` բաղդատական եզրեր կատարելով նոյն շրջանին  Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած ու գործած թրքուհիներուն հետ:

Օրուան երրորդ զեկուցաբեր դասախօսն էր Հայկազեանի եւ ապա Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի մագիստրոսի տիտղոսով շրջանաւարտ Անիթա Մուչոյեան: Հայկազեան եւ Լիբանանեան համալսարաններուն մէջ այժմ անգլերէն գրականութիւն դասաւանդող Անիթա Մուչոյեան նոյնպէս անգլերէնով անդրադարձաւ յետեղեռնեան շրջանի հայուհիներու իրավիճակին` «Սփիւռքի հայ կինը. աւանդներու պահապան եւ զարգացնող» խորագրեալ իր զեկուցումով: Ան օրինակներով թուեց այս մասին անդրադարձած արձակ թէ բանաստեղծական գրութիւններու եւ վաւերագրական ժապաւէններու հեղինակները:

Յատկապէս յետեղեռնեան հայկական աւանդութիւններու (հայկական աւանդական ուտեստեղէններ, քաղցրաւենիներ, ձեռագործներ եւ այլն) ճամբով հայկական ոգին ներշնչող ու խորհրդանշող երեւոյթներու վրայ կեդրոնանալով` Մուչոյեան ընդգծեց, թէ այդ աւանդը հիմնականին մէջ անոնց փոխանցուած էր իրենց մեծ մայրիկներուն միջոցով: Խորհրդաժողովի երկրորդ բաժինով տեղի ունեցաւ կլոր սեղան, որուն ընթացքին դասախօսները յաջորդաբար խօսք առին եւ պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Զրուցավարն էր Հայկազեան համալսարանի Արուեստի եւ գիտութեանց բաժանմունքի տեսուչ, դոկտ. Արտա Էքմեքճի: Այս առիթով քննարկուեցան հայ կնոջ այժմու իրավիճակը, դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու անոր հզօրացման կարելիութիւնները: Դոկտ. Էքմեքճի դիտել տուաւ, որ լիբանանահայ կինը համեմատաբար աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ է, քան դրացի երկիրներու հայուհիները: «Չծանրանանք իտէալ հայ կնոջ տիպարին վրայ եւ գոհանանք ու զարգացնենք մեր ունեցած կարելիութիւնները», ընդգծեց դոկտ. Էքմեքճի:Ան գլխաւոր մարտահրաւէր նկատեց ընկերային ցանցերու պարագան, որ մեծապէս կը փոխէ մեր ընտանեկան եւ ընկերային իրավիճակը: Պատկան կողմերուն փոխանցուելու փափաքով եւ անպաշտօն հաղորդագրութեան մը առաջադրանքով ներկաները արծարծեցին զանազան կարծիքներ եւ եղան առաջարկներ, ինչպէս`

– Հայուհիին հետ վերաբերիլ իբրեւ համահաւասար իրաւունքներ վայելող մարդ անհատ: Շեշտել լա՛ւ հայու պատրաստութիւնը` առանց առանձնացնելու հայ կինը եւ թոյլ տալ, որ իւրաքանչիւր հայ կին ի՛նք ճշդէ իր կեանքի ուղեգիծը

– Ներազգային իրականութեան պատկան մարմիններուն մէջ աւելցնել մասնակցութիւնը մասնագէտ, փորձառու եւ յատկապէս` իրաւական մարզին իրազեկ հայուհիներու, որոնք փաստագրեալ հիմնաւորումներով կարենան պատշաճ փոփոխութիւններ մտցնել հայ ազգային կեանքը տնօրինող ուղեցոյցերուն մէջ:

– Զարկ տալ հայուհիներու կրթական մակարդակի բարձրացման եւ այս գծով անհրաժեշտ կրթաթոշակներու ֆոնտեր յառաջացնել:

– Քաջալերել յատկապէս առտնին աշխատանքներու մէջ այր մարդոց մասնակցութիւնը:

– Հիմնել հայուհիներու իրավիճակին առնչուող հարցերու քննարկման յատուկ կեդրոն, Հայկազեան համալսարանին մէջ թէ այլուր:

Աւարտին դոկտ. Էքմեքճի խօսքը փոխանցեց  Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին, որ  շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդաժողովի իրագործման նպաստած դասախօսներուն եւ ներկաներուն, որոնք մասնակցած էին այս խորհրդաժողովին` խոստանալով կրկնել նման առիթներ: «Այս խորհրդաժողովին խօսք առնող զեկուցաբեր դասախօսները իրենք զիրենք եւ իրա՛ր ալ գերազանցեցին», ընդգծեց դոկտ. Տագէսեան: Ան յայտնեց, թէ այս խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները արձանագրուեցան պատկերիզի վրայ եւ անոնք լոյս պիտի տեսնեն հայերէն եւ անգլերէն երկլեզու յատուկ հատորով: Ապա ան երկու յատուկ գիրքերով պարգեւատրեց օրուան զեկուցաբերները:

Նախորդը

Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Հանդիպում-Զրոյց Ազգային Վարժարաններու Աւարտական Դասարաններու Աշակերտներուն Եւ Առաջնորդ Սրբազանին Միջեւ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?