Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-Ամեակին Առիթով . Լիբանանեան Քանատական Համալսարանին Կազմակերպութեամբ Ծաղկեպսակի Զետեղում` Այնթուրայի Հայ Որբ Մանուկներու Դամբարանին Եւ Պաշտօնական Ոգեկոչում

Մայիս 3, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Լիբանանեան քանատական համալսարանը նախաձեռնեց ոգեկոչման ձեռնարկի մը, որուն շրջագիծին մէջ հայկական դպրոցներու աշակերտներ հրաւիրուեցան Այնթուրայի դպրոցը, որուն շրջափակին մէջ գտնուող հայ որբերու յատուկ դամբարանին զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան Այնթուրայի հայ որբերուն մասին պատմական տուեալներ` Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցի պատմութեան դասատու Շարլ Հայեքի կողմէ:

Հայեք աշակերտներուն ծանօթացուց այս առիթով համալսարան հրաւիրուած ծերունիի մը` Մոալլեմ Տումեթ, որ օրին Այնթուրայի դպրոցին մէջ աշխատանքի պահուն բացայայտած է հայ մանուկներուն հաւաքական գերեզմանը եւ իմացուցած պատասխանատուները, որոնք անմիջապէս կասեցուցած են աշխատանքները եւ սկսած պեղումներու ու կառուցած որբերուն դամբարանը:

Ապա աշակերտները ուղղուեցան այն վայրը, ուր Այնթուրայի հայ որբերը լուսանկարուած էին, եւ հոն ստացան իրենց խմբային լուսանկարը: Ապա համալսարանին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան,

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ` Պիքֆայայի դպրեվանքի տեսուչ Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ներկայացուցիչ հայր Սեպուհ Կարապետեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ներկայացուցիչ վեր. Սեպուհ Թերզեան, Լիբանանեան քանատական համալսարանի նախագահ դոկտ. Ռոնի Ապի Նախլէ, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Յարութիւն Սամուէլեան, գնդապետ-զօր. Մանուէլ Գրաճեան, պաշտօնական հիւրեր, դասախօսներ, ուսանողներ եւ աշակերտներ:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ համալսարանի քայլերգներով, որմէ ետք հայր Ապտօ Իտ եւ հայր Սեպուհ Կարապետեան մատուցեցին աղօթք մը` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին:

Աղօթքին յաջորդեց համալսարանի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Իւկեթ Սալամէի բացման խօսքը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ 24 ապրիլ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած բռնարարքներուն: Ան ողջունեց նահատակներն ու անոնց յաջորդող սերունդները, որոնք պահպանեցին հայութեան ինքնութիւնն ու ազգային աւանդները` դառնալով նաեւ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ օրինակելի քաղաքացիներ:

Սալամէ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան գործած ոճիրներուն` հաստատելով, որ օսմանեան բռնութիւնը կը միացնէ հայն ու լիբանանցին:

Համալսարանի նախագահ դոկտ. Ռոնի Ապի Նախլէ հայերէնով արտասանեց ողջոյնի կարճ խօսք մը, որուն մէջ ան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին նկատմամբ իրենց տածած խոր յարգանքը:

Դոկտ. Ապի Նախլէ շեշտեց, որ Լիբանանեան քանատական համալսարանը իր ձայնը կը միացնէ հայ ժողովուրդի ձայնին` աշխարհէն պահանջելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցել հայ ժողովուրդին:

Ապա երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անգլերէնով արտասանուած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակի թոռը ըլլալու իր անձնական օրինակին` ակնարկելով իր մեծ հօր` Պօղոս Բագրատունիի նահատակութեան սրտաճմլիկ պատմութեան, եւ հաստատելով, որ անիկա մեծ հօր վերաբերեալ իր գիտցած միակ պատմութիւնն է:

Յ. Բագրատունի դատապարտեց Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ ի գործ դրուած Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը` շեշտելով, որ հայ ժողովուրդին դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործած Ցեղասպանութիւնը ամբողջ ժողովուրդ մը ջնջելու միտում ունէր, եւ Թուրքիա` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան յաջորդը, պատասխանատու է այդ Ցեղասպանութեան գործադրութեան:

Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ 23 ապրիլ 1915-ին հայ մտաւորականութիւնը գլխատելու օսմանեան որոշումին` զայն համեմատելով Լիբանանի դէմ Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած սովին եւ 6 մայիս 1916-ին լիբանանցի մտաւորականները կախաղան բարձրացնելուն հետ:

Յ. Բագրատունի մեղադրական ոճով մը ակնարկեց իր նահատակները անտեսող լիբանանեան պետութեան` շեշտելով, որ այլ երկիրներ կը հերոսացնեն իրենց նահատակները, որոնք զոհուած են երկրին անկախութեան համար: «Դժբախտաբար,  Լիբանան իր նահատակները կ՛անտեսէ անձնական եւ քաղաքական շահերու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները պահպանելու նպատակով. յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն Թուրքիոյ շահերուն եւ ոչ թէ Լիբանանի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ 6 մայիսի լիբանանցի նահատակներուն յիշատակը պիտի յաւերժանայ, ո՛վ որ ալ փորձէ, ի՛նչ ձեւերով ալ փորձէ անոնց յիշատակը փոփոխութեան ենթարկել եւ կամ փոխել այդ օրուան տարողութիւնը:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ հայը գաղթականէն վերածուեցաւ քաղաքացիի եւ յաջողեցաւ տարբեր մարզերու մէջ, սակայն թուրքը մնաց թուրք, որ ունի մէկ երազ` փանթուրանականութիւնը, որուն շօշափելի օրինակները բացայայտ են բոլորին համար` սուլթանի հանգամանք ցանկացող Էրտողանի եւ հայու արեան ծարաւ ունեցող Ազրպէյճանի օրինակներուն ընդմէջէն, փաստ ունենալով անցեալ ապրիլին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը, որուն նպատակը եւս փանթուրանական ընդհանուր ծրագիրին մաս կը կազմէր:

«Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, երբ մարդկութեան դէմ ոճիր գործողը իր արդար պատիժը չի կրեր, հետեւաբար մեր պահանջն է, որ Թուրքիոյ նկատմամբ վարուելակերպը ըլլայ այնպէս, ինչպէս ոճրագործ պետութեան մը նկատմամբ ցուցաբերուող վարուելակերպը: Թուրքիոյ կողմէ նոր ցեղասպանութիւններ կազմակերպելու հաւանականութիւնը առկայ պիտի մնայ, այնքան ատեն որ մենք միասնաբար չենք յիշեր եւ չենք պահանջեր», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

Երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան անդրադարձաւ հայութեան դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործած բռնարարքներուն, ցեղասպանութեան, տեղահանութեան` նշելով նաեւ Լեռնալիբանանի մէջ Օսմանեան կայսրութեան պարտադրած սովը:

Ան յիշեց իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը, որոնք տեղահանուած էին իրենց հայրենի հողերէն եւ հասած Տէր Զօր, ապա Պեքաա եւ իրենց կեանքը շարունակած Լիբանանի մէջ:

«Այս պատմութիւնը կը պատմեմ ըսելու համար, որ Օսմանեան կայսրութեան գործադրածը կանխամտածուած ցեղասպանութիւն էր, որուն նպատակն էր բնաջնջել հայութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը պիտի պահպանէ իր հաւաքական յիշողութիւնը եւ պիտի շարունակէ պահանջել իր արդար իրաւունքները:

Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին «Սեն Ժոզեֆ» Այնթուրա դպրոցի աշակերտ Ռիքարտօ Հապիպ դաշնակի վրայ նուագեց Պեթհովենի «Ֆիւր Էլիզ»-ը եւ «Երկու կիթառներ»-ը:

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչներ Յովիկ Կարախանեան` ջութակ, եւ Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակ, ընկերակցութեամբ Պեթի Սալխանեան-Քուրդեանի` դաշնակ եւ Հրաչ Իսահակեանի` սրինգ, ներկայացուցին փունջ մը երաժշտական կտորներ, որոնց շարքին էին «Պաղտասարեան Նոքթիւրն»-ը, Արամ Խաչատուրեանի «Մասքարատ»-ը եւ «Գայեանէ» պալէէն Սուրերու պար»-ը :

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցչուհի Քլարա Ալիխանեան (Մեցցօ Սոփրանօ) մեկնաբանեց «Կիլիկիա»-ն, Քաչինիի «Աւէ Մարիա»-ն եւ «Սուրբ սուրբ»-ը:

Ոգեկոչումի ձեռնարկի աւարտին Լիբանանեան քանատական համալսարանի նախագահը յուշանուէր յանձնեց երեսփոխաններ Յ. Բագրատունիին եւ Ս. Թուրսարգիսեանին, Պօղոս վրդ. Թինքճեանին, հայր Սեպուհ Կարապետեանին, վեր. Սեպուհ Թերզեանին, հայր Ապտօ Իտին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեանին, ԱՖՀԻԼ-ի իրերօգնութեան սնտուկի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանին եւ հայկական դպրոցներու տնօրէններուն եւ պատասխանատուներուն:

 

 

Նախորդը

Հանդիպում-Զրոյց Ազգային Վարժարաններու Աւարտական Դասարաններու Աշակերտներուն Եւ Առաջնորդ Սրբազանին Միջեւ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատկերացումը Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Վերաբերեալ

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?