Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Համագումար` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մայիս 1, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումար տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Վեհափառ հայրապետին կողքին համագումարին ներկայ էին կաթողիկէ հայոց Գրիգոր-Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, Սուրիոյ հայութեան շտապ մարմինի անդամները` առաջնորդութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Պետրոս արք. Միրիաթեան, վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Արմաշ եպս. Նալպանտեան, ինչպէս նաեւ Սուրիահայ համայնքի պատասխանատուներ, ՀԲԸՄ-ի եւ ՍՕԽ-ի ներկայացուցիչներ: Համագումարին կը մասնակցէին նաեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնը, Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ատենապետները: Լիբանանէն կը մասնակցէին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան օժանդակութիւնը համակարգող մարմինի ներկայացուցիչներ:

Համագումարը, նախ եւ առաջ, առիթ մը եղաւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատկերացումը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի գծով, հոգեւոր պետերուն ողջոյնի ու քաջալերանքի խօսքերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին կողմէ վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները: Ապա տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում ու արժեւորում եւ ճշդուեցան յառաջիկայ ամիսներուն կատարուելիք աշխատանքին առաջնահերթութիւնները, ընթացքն ու հանգրուանները:

Համագումարը ողջունելով անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին համահայկական տարողութեամբ Սուրիոյ հայութեան կատարուած օժանդակութիւնը, մաղթեց, որ նո՛յն ոգիով ու մօտեցումով շարունակուի համահայկական զօրակցութիւնը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն: Հետեւելով վեհափառ հայրապետին պատկերացումին` համագումարը քննարկեց կարելիութիւններ Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին մէջ գաղութին վերականգնման նպաստող ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան:

Որոշուեցաւ օգոստոս 2017-ի առաջին կիսուն համահայկական տարողութեամբ համագումար մը կազմակերպել` մասնակցութեամբ Հայաստանի պետութեան, հայկական գաղութներու, թեմերու, կազմակերպութիւններու ու բարերարներու: Սոյն համագումարին նպատակը պիտի ըլլայ ընդհանուր զեկուցում մը ներկայացնել կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին ու ներկայացնել պատրաստուած ծրագիրները, որպէսզի անոնք որդեգրուին ներկաներուն կողմէ:

Յիշեալ սկզբունքները ճշդելով ու անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարելով` համագումարը նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, թէ անհրաժեշտ է միշտ նկատի ունենալ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական ու ապահովական պայմաններուն հոլովոյթը:

 

 

Նախորդը

Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէն Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Հասած Է Ռուսական Զէնքի Եւ Զինուորական Սարքաւորումներու Նորագոյն Առաքումը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?