Գլխաւոր լուրեր

Շարմազանով. «ՀՀԿ-ՀՅԴ Համաձայնագիրը Պիտի Կնքուի 2017-էն 2022 Ժամանակաշրջանին Համար»

Շարմազանով. «ՀՀԿ-ՀՅԴ Համաձայնագիրը Պիտի Կնքուի 2017-էն 2022 Ժամանակաշրջանին Համար»

Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը: Պատասխանելով լրագրողներու  հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանան համաձայնագիրի  բանակցութիւնները, ՀՀԿ-ի բանբեր Էդուարդ Շարմազանով նշեց, որ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու բանակցութիւնները փաստաթուղթի բաժինով աւարտած են, փաստաթուղթը պատրաստ է եւ  շուտով պիտի հրապարակուի: «Անիկա պիտի կոչուի քոալիսիոն համաձայնագիր ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ, որ ի զօրու է 2017-էն 2022 ժամանակաշրջանին համար: Ինչ կը վերաբերի ...

Նախագահ Սարգսեան Հրաւիրած Է Խորհրդակցութեան` Փտածութեան Դէմ Պայքարի Շուրջ

Նախագահ Սարգսեան Հրաւիրած Է Խորհրդակցութեան` Փտածութեան Դէմ Պայքարի Շուրջ

Երէկ հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի 20 դերկտեմբեր 2016-ի կարգադրութեամբ ստեղծուած` Փտածութեան դէմ պայքարի մարզին մէջ հաստատութենական համակարգի բարեփոխումներու ապահովման աշխատանքային խումբի գործունէութեան ընթացքը եւ միջանկեալ արդիւնքները, ներառեալ` փտածութեան դէմ պայքարին առնչուող օրէնքներու նախագիծերու նախապատրաստման վիճակը: Նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուած են հակափտածութեան նոր մարմինի կարգավիճակին, անոր կազմաւորման եւ գործառոյթներուն,...

ՀՅԴ Վանաձորի Քաղաքային Կոմիտէն Քաղաքին Շահը Գերակայ Կը Նկատէ

ՀՅԴ Վանաձորի Քաղաքային Կոմիտէն Քաղաքին Շահը Գերակայ Կը Նկատէ

ՀՅԴ Վանաձորի քաղաքային կոմիտէն, քննարկելով Վանաձոր քաղաքի խնդիրները, անոնց առաջնահերթութիւններն ու հաւանական  լուծումները, Վանաձորի աւագանիի գործունէութիւնը եւ անոր հետ կապուած հանրային շահարկումները, ինչպէս նաեւ կոմիտէն ըլլալով Վանաձոր քաղաքին մէջ կուսակցութեան գործունէութեան պատասխանատու մարմինի, կաշկանդուած չըլլալով տեղական ինքնակառավարման մարմինի համագործակցութեան յուշագիրով եւ Վանաձորի աւագանիին մէջ իր համամասնութեամբ, գերակայ  նկատելով Վանաձորի շահը, կը յայտարարէ. Վանաձոր քաղաքը եւ վանաձորցիները միշտ կը ճգնին, տարիներ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի Ցուցահանդէսին

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի Ցուցահանդէսին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իտալիոյ դեսպանատուներուն հովանաւորութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսին բացումը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ հիւրերու: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Միրա Եարտըմեան: Ան Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան անունով ողջունեց բոլոր ներկաները արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսին բացման առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան հիւրընկալութեան եւ Իտալիոյ...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նոր Նախագահը Կը Ստանձնէ Իր Պաշտօնը

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նոր Նախագահը Կը Ստանձնէ Իր Պաշտօնը

3 մայիս 2017-ին Իզապել Մոթա իր նոր պաշտօնը ստանձնեց իբրեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահ յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար` յաջորդելով Արթուր Սանթոս Սիլվային, որ այդ պաշտօնը վարած էր 2012-2017 ժամանակաշրջանին: Իզապել Մոթա հիմնարկութեան հոգաբարձու մարմինի անդամ է 1999-էն ի վեր. Նախագահ ընտրուեցաւ միաձայնութեամբ` անցեալ 7 դեկտեմբերին տեղի ունեցած լիագումար ժողովին: Մոթա ծնած է Լիզպոն, 1951-ին, եւ Լիզպոնի համալսարանի շրջանաւարտ է` տնտեսագէտի...

Ակնարկ.   Ապրիլ 24-Էն Մայիս 6`  Տարածաշրջանային Իրադրութիւններու Ազդեցութիւնները

Ակնարկ. Ապրիլ 24-Էն Մայիս 6` Տարածաշրջանային Իրադրութիւններու Ազդեցութիւնները

102-րդ ապրիլ 24-ի լիբանանեան ոգեկոչումները որոշ ուշագրաւ երեւոյթներ պարզեցին, որոնց ուղղութեամբ քարոզչաքաղաքական հետագայ ռազմավարական մշակումները նկատառելի կէտեր կը գտնեն անպայման: Նախ անշուշտ կեդրոնական ձեռնարկին ապահովուած բարձրագոյն մակարդակի պետական այրերու ներկայացուցիչներու խօսքերը, զօրակցութիւններն ու հայութեան իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ փոխանցուած մեր Դատին նկատմամբ լիբանանեան համապետական մակարդակի զօրակցական յայտարարութիւնները կարեւոր առաւել արձանագրեցին այս շրջածիրին մէջ: Իշխանութեան պետերու ներկայացուցիչները կը ներկայացնեն համայն Լիբանանը. համապետական...

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Հրապարակեց Ազգային Ժողովի Վերջնական Պատկերը

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Հրապարակեց Ազգային Ժողովի Վերջնական Պատկերը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հրապարակած է պատգամաւորական աթոռէ հրաժարածներու անունները: ՀՅԴ-էն ինքնաբացարկ յայտնած են` Դաւիթ Լոքեան, Լեւոն Մկրտչեան եւ  Արծուիկ Մինասեան: Խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ-ն պիտի ներկայացնեն` Արմէն Ռուստամեան, Աղուան Վարդանեան, Արմէնուհի Կիւրեղեան, Արմէն Բաբայեան (Լոքեանի, Մկրտչեանի եւ Մինասեանի ինքնաբացարկներէն ետք): Վարկանշային համակարգով` թիւ 6 ընտրատարածքէն` Անդրանիկ Կարապետեան, թիւ 13 ընտրատարածքէն` Սուրէն Մանուկեան,  իսկ թիւ 11 ընտրատարածքէն` Ռոմիկ Մանուկեան: Նշենք,...

Բաբայեան. «Եթէ Ռազմափորձերուն Ընթացքին Սադրանքներ Ըլլան, Մենք Պիտի Արձագանգենք»

Բաբայեան. «Եթէ Ռազմափորձերուն Ընթացքին Սադրանքներ Ըլլան, Մենք Պիտի Արձագանգենք»

Արցախի Հանրապետութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի եւ  Թուրքիոյ զինուած ուժերու միացեալ ռազմափորձերը: «Եթէ սադրանքներ ըլլան, մենք պիտի արձագանգենք», գերմանական «Տի. Փի. Էյ.» գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան: Նշենք, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերը միացեալ ռազմափորձերու սկսած են 1 մայիսին, անոնք կը շարունակուին մինչեւ 5 մայիս:

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին.  Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսական Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին. Յիշատակի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոսական Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` չորեքշաբթի, 3 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` նուիրուած Խրիմեան Հայրիկի կաթողիկոս ընտրութեան 125-ամեակին եւ անոր վախճանման 110-ամեակին առիթով: Լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ցուցադրուեցաւ կարճատեւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցան ժողովրդային եւ մտաւորական դէմքերու վկայակոչութիւններ Խրիմեան Հայրիկի մասին: Տեսերիզը պատրաստուած էր...

Լիբանանեան Խորհրդարանին Մէջ Հայ Երեսփոխաններու Գործունէութեան Մասին Երկհատորի Հեղինակ Ռուբէն Աւշարեան Այցելեց «Ազդակ»

Լիբանանեան Խորհրդարանին Մէջ Հայ Երեսփոխաններու Գործունէութեան Մասին Երկհատորի Հեղինակ Ռուբէն Աւշարեան Այցելեց «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը հիւրընկալեց «Լիբանանեան խորհրդարանի հայ երեսփոխանները` ատենագրութեանց ընդմէջէն» խորագրեալ երկհատոր անգլերէն աշխատասիրութեան հեղինակ Ռուբէն Աւշարեանը, որուն կ՛ընկերակցէր «Կամար» թերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեանը: Աւշարեան տարիներու վրայ երկարող աշխատանք կատարած է, ուսումնասիրած Լիբանանի խորհրդարանի արխիւները եւ խմբագրած երկու հատոր, որոնք թուականներով կը ներկայացնեն Լիբանանի խորհրդարանի մաս կազմած բոլոր հայ երեսփոխաններու ելոյթները: Խօսակցութեան ընթացքին յատուկ կեդրոնացուեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի կայացուցած երկու որոշումներուն վրայ,...

Հրանդ Մարգարեան. «Վարչապետին Հետ Բնականոն Յարաբերութիւններ Ունինք»

Հրանդ Մարգարեան. «Վարչապետին Հետ Բնականոն Յարաբերութիւններ Ունինք»

Յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ-ն եւ ՀՀԿ-ն  համագործակցութեան յուշագիր պիտի ստորագրեն: Այս եւ այլ հարցերու  շուրջ «Երկիր»-ը զրուցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ  Մարգարեանին հետ: Պատասխանելով այն մատնանշումին, որ նախորդող օրերուն մամուլին մէջ յամառօրէն կը պնդուի, թէ ՀՅԴ-ի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են, Հրանդ Մարգարեան ըսած է. «Կը կարծեմ, որ անոնք, որոնք նման լուրեր կը տարածեն, այլ...

Ռուստամեան. «Արդիւնքները Լաւ Չեն,  Եւ Այդ Պատճառով Ամէն Մէկը Պատասխանատուութեան  Իր Բաժինը Պէտք Է Ունենայ»

Հաւանական Է, ՈՐ ՀՅԴ -ՀՀԿ Քաղաքական Համաձայնագիրը Այս Շաբաթ Ստորագրուի

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան միջեւ համաձայնական կառավարութիւն կազմելու  վերաբերեալ բանակցութիւնները գրեթէ աւարտած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: «Նոր Ազգային ժողովի կանոնակարգը կը նախատեսէ, որ բաժնուին  կառավարող եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները: Պահանջ կայ, որ պէտք է այս յստակութիւնը անպայման մտնէ, ինչ որ կ՛ենթադրէ նաեւ  յուշագիր ստորագրել,...

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Սուրի Միջազգային Փառատօնին

Նախարար Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Սուրի Միջազգային Փառատօնին

  Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ Սուրի հռոմէական ամփիթատրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մեկնարկը կատարուեցաւ 2017-ի Սուրի միջազգային փառատօնին: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին փառատօնի նախագահ Ռանտա Պըրրի, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի ներկայացուցիչ` հնութիւններու ընդհանուր տնօրէն Սարգիս Խուրի, Սուրի քաղաքապետութիւններու համադաշնակցութեան նախագահ Հասան Տպուք, ինչպէս նաեւ տնտեսական մարզի ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ: Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ իրեն...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատկերացումը Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Վերաբերեալ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատկերացումը Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Վերաբերեալ

Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար` մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կարգ մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն: Սուրբ Ծնունդի առիթով Հալէպի հայութեան տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի կոչ ուղղած էր եւ այս գծով պարզած էր...

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-Ամեակին Առիթով .  Լիբանանեան Քանատական Համալսարանին Կազմակերպութեամբ Ծաղկեպսակի Զետեղում` Այնթուրայի Հայ Որբ Մանուկներու Դամբարանին Եւ Պաշտօնական Ոգեկոչում

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-Ամեակին Առիթով . Լիբանանեան Քանատական Համալսարանին Կազմակերպութեամբ Ծաղկեպսակի Զետեղում` Այնթուրայի Հայ Որբ Մանուկներու Դամբարանին Եւ Պաշտօնական Ոգեկոչում

Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով Լիբանանեան քանատական համալսարանը նախաձեռնեց ոգեկոչման ձեռնարկի մը, որուն շրջագիծին մէջ հայկական դպրոցներու աշակերտներ հրաւիրուեցան Այնթուրայի դպրոցը, որուն շրջափակին մէջ գտնուող հայ որբերու յատուկ դամբարանին զետեղուեցաւ ծաղկեպսակ մը, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցան Այնթուրայի հայ որբերուն մասին պատմական տուեալներ` Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ դպրոցի պատմութեան դասատու Շարլ Հայեքի կողմէ: Հայեք աշակերտներուն ծանօթացուց այս առիթով համալսարան հրաւիրուած ծերունիի մը` Մոալլեմ Տումեթ,...

Հանդիպում-Զրոյց Ազգային Վարժարաններու Աւարտական Դասարաններու Աշակերտներուն Եւ Առաջնորդ Սրբազանին Միջեւ

Հանդիպում-Զրոյց Ազգային Վարժարաններու Աւարտական Դասարաններու Աշակերտներուն Եւ Առաջնորդ Սրբազանին Միջեւ

Երէկ` երեքշաբթի, 2 մայիս 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն 1:30, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի եւ «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի աւարտական դասարաններու աշակերտներուն միջեւ: Հաւաքին ներկայ էին նաեւ յիշեալ վարժարաններուն եւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնները, կրթական պատասխանատուներ եւ ուսուցիչներ:...

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին.  «Հայ Կնոջ Դերին Ծիրն Ու Հզօրացումը»  Ընդհանուր Խորագիրով Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին. «Հայ Կնոջ Դերին Ծիրն Ու Հզօրացումը» Ընդհանուր Խորագիրով Խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին  շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, «Հայ կնոջ դերին ծիրն ու հզօրացումը» նիւթով խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ համալսարանի հանդիսասրահին մէջ: Հայկազեան համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի վարիչ, դոկտ. Նանոր Գարակէօզեան իր բացման խօսքով ողջունեց ներկաները` նշելով խորհրդաժողովի օրակարգը: «Ցեղասպանութիւնը շրջադարձային նշանակութիւն ունեցաւ նաեւ հայ կնոջ համար, հետեւաբար պատահական չէ, որ այսօրուան ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ Ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկներուն...

Խմբագրական.  Համահարթեցման Գործընթացներ Եւ Հակաարժէքային Համակարգեր (Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Համահարթեցման Գործընթացներ Եւ Հակաարժէքային Համակարգեր (Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով)

Ոչ շատ հեռու անցեալին մայիս 1-ը կամ Աշխատաւորներու օրուան նշումը առիթ էր ո՛չ միայն աշխատաւորներու իրաւունքներուն մասին հրապարակային քննարկումներով հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ ազդելու պետութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան վրայ, այլ նաեւ գաղափարաբանական հէնքի վրայ աշխարհակարգի հետ կապուած երեւոյթներու վերաբերեալ սուր դիտարկումներ կատարելու եւ վերլուծումներ զարգացնելու: Երբեմնի երկբեւեռ դրութեան մէջ, մէկ կողմէ դրամատիրական, միւս կողմէ համայնավարական կարգերով կառավարուող երկիրներու եւ տարածաշրջաններու մէջ...

Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Համագումար` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Համագումար` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումար տեղի ունեցաւ շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետին կողքին համագումարին ներկայ էին կաթողիկէ հայոց Գրիգոր-Պետրոս Ի. կաթողիկոս-պատրիարքը եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս...

Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէն Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէն Կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զահլէի «Քատիրի» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչում: Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Էմիլ Ռահմէ եւ Էլի Մարունի, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի ներկայացուցիչ` նախկին նախարար Կապի Լայեուն, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի ներկայացուցիչ` Աշոտ Բագրատունի, նախկին նախարար Խալիլ Հըրաուի, նախկին երեսփոխաններ Սելիմ Աուն եւ...

Page 633 of 796 1 … 632 633 634 … 796

Արխիւներ