Յաղթանակի Եռատօնը Արժանապատիւ Շուքով Նշուեցաւ Արցախի Մէջ
«Մենք Մեր Կեանքն Ու Ազատութիւնը, Մեր Իրաւունքներն Ու Արժանապատուութիւնը Չենք Զոհաբերեր Եւ Պիտի Չզոհաբերենք» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային այցելութեամբ Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Շուշի քաղաքներուն մէջ մասնակցեցաւ Յաղթանակի տօնի, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: 9 մայիսի առաւօտեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան բանակի զինուորականներու հանդիսաւոր քայլերթը,...




















