Անցնող շաբաթավերջին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ տարբեր երկիրներէ եկած հայ գործարարներու հանդիպում մը, որ սկիզբ դրաւ նորակազմ Համահայկական տնտեսական համախմբումին:
Նկատի առնելով աշխարհասփիւռ հայութեան տնտեսական ու գործարար կարելիութիւնները ու այդ կարողականութիւնը համախմբելու ու առաւել արդիւնաւորելու անհրաժեշտութիւնը, հանդիպման մասնակիցները որոշեցին ստեղծել հայ գործարար ցանց մը, որուն կառավարումը պիտի վստահուի արհեստավարժ ու մասնագիտական հիմունքներով գործող կառոյցի մը:
Համահայկական տնտեսական համախմբումին (Panarmenian Economic Assembly) առաքելութիւնն է ամրապնդել, խթանել եւ պաշտպանել հայ ազգի բազմակողմանի զարգացումը` ի մի խմբելով հայ անհատական ֆինանսական եւ մասնագիտական կարողականութիւնն ու գոյացած աշխարհասփիւռ ներուժը օգտագործելով ի նպաստ հայ անհատին, հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին:
Մասնակիցները երկու օրերու ընթացքին արտայայտեցին բազմազան մտահոգութիւններ ու կարծիքներ, ներկայացուցին առաջարկներ եւ հաստատեցին Համահայկական տնտեսական համախմբումին սկզբունքները:
Ժողովը կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւն տրուեցաւ Փարիզի հանդիպումէն բխած գաղափարներու եւ որդեգրուած սկզբունքներու հիման վրայ պատրաստել համախմբումի ուղեգիծն ու գործելաոճը եւ յառաջիկայ ամիսներուն կազմակերպել Համահայկական տնտեսական համախմբումին առաջին ֆորումը: