Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 2016-2017 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 30 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի տնօրէն Շահէն Շահինեանի:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայկական արժէքներուն կառչելու հրամայականին` մեր հայեցի դիմագիծի պահպանման եւ գոյերթի շարունակութեան երաշխաւորման ի խնդիր: Ան շեշտեց, որ սփիւռքեան մեզի պարտադրուած իրականութեան մէջ մենք կրցանք մշակոյթի ճամբով հայ մնալ ու աւելի քան հարիւր տարի տոկալ իբրեւ ազգ, հակառակ անոր որ գաղութները միշտ ալ կը գտնուին ձուլումի սպառնալիքի տակ, մանաւանդ եթէ դադրին պայքարելէ եւ ինքնութեան անաղարտ պահպանման հինգ հիմնական տարրերուն` հայրենիքին, կրօնին, տնտեսութեան, բարքերուն եւ արուեստին կառչած մնալէ: «Իբրեւ ժառանգորդները հայ արուեստին, եթէ երբեք քաջածանօթ չըլլանք հայկականին, իսկականին, հարազատին, երբեմն անգիտակցաբար, երբեմն ալ պարտադրաբար պիտի աղաւաղենք հայկականը եւ զայն ներկայացնենք այլակերպուած կամ այլանդակուած ձեւով», դիտել տուաւ ան` աւելցնելով, որ օտար ափերուն բնական է, որ ազդուինք օտարէն, սակայն գիտակցաբար պէտք է պահել հայկականը եւ հայկականացնել մեր կեանքն ու առօրեան:
Անդրադառնալով Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ընթացաւարտ տարեշրջանին` Յակոբ Հանտեան նշեց, թէ առկայ դժուարութիւնները միշտ կարելի եղաւ յաղթահարել միասնական ճիգերով` այսօր հանրութեան ներկայանալով աննախընթաց թիւով աւարտականներով` երաժշտական քոլեճի 10-րդ դասարանէն 11 աշակերտ, իսկ երաժշտական դպրոցի 7-րդ դասարանէն` 8: Դպրոցներու գործունէութեան մէջ ան յատուկ կերպով յիշեց հայ մշակոյթը օտարներուն ծանօթացնելու աշխատանքը, տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ կեդրոն տրուած այցելութիւններն ու անոնց արտայայտած հիացմունքը` առկայ կազմակերպուածութեան եւ տարուած աշխատանքին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` շրջանաւարտներուն մէջ երկու օտար աշակերտներու գոյութիւնը: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի նպատակն է ստեղծել հայկական մշակութային մթնոլորտ, պատրաստել մշակութասէր հանրութիւն եւ նոր սերունդ, ծանօթացնել հայկական մշակոյթը` առանց յաւակնութիւնը ունենալու մասնագէտ արուեստագէտներ կերտելու: Բայց եւ այնպէս, աւելցուց Հանտեան, իրենց փափաքն ու նպատակն է իւրաքանչիւր հունձքէն ունենալ քանի մը աւարտող, որոնք արուեստը պիտի ընտրեն իբրեւ կեանքի ասպարէզ եւ մասնագիտանան անոր մէջ` հասնելով բարձրագոյն մակարդակներու: Այս իմաստով Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնը ողջունեց ներկայութիւնը Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ղեկավար Շահէն Շահինեանին` դիտել տալով, որ երկու կառոյցները համաձայնագիր կնքած են աւելի քան 26 տարիներ առաջ` աւարտականներուն առիթ տալով մասնագիտական ուսումը շարունակելու հայրենիքի մէջ:
Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Հանտեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը կ’ունենան Գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութեան մէջ. ան շնորհաւորեց աւարտականները` կոչ ուղղելով անոնց միշտ ըլլալու մշակոյթի դեսպաններ եւ նպաստելու հայ մշակոյթին:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարեշրջանը աննախադէպ է ո՛չ միայն շրջանաւարտներու թիւով, այլ նաեւ դիմագրաւած տարբեր տեսակի դժուարութիւններով, զորս յաղթահարելու համար տնօրէնութիւնը որոնեց ու գտաւ յարմար լուծումներ` ըստ պարագաներու եւ հանգամանքներու: Ան դիտել տուաւ, որ քոլեճի աշակերտները յաջող մասնակցութիւն բերած են տարբեր ձեռնարկներու եւ նախաձեռնութիւններու` թէ՛ փորձառութիւն շահելով, եւ թէ՛ ըլլալով իրենց երաժշտական դպրոցին քարոզիչները. ան յատուկ կերպով յիշեց 8-րդ դասարանի աշակերտ Կարօ Գրիգորեանը, որ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի կազմակերպած միջդպրոցական մրցանքին երկրորդ դիրքը գրաւած է:
Վահրամ Էմմիեան յայտնեց, որ երաժշտական ուսման ծարաւ հայերու եւ օտարներու կողմէ ներկայացուած մնայուն դիմումները վկայութիւն են քոլեճին նկատմամբ եղած վստահութեան, ինչ որ յաւելեալ յանձնառութեան տակ կը դնէ անոր տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ քոլեճին մէջ կազմակերպական աւելի հաստատ ուղեգիծի որդեգրումը, ինչ որ աւելի ամուր հիմերու վրայ պիտի դնէ կառոյցը` հաստատելով, որ երաժշտանոցին անունէն յստակ է, թէ անիկա կրթական հաստատութիւն է եւ ոչ թէ ատենամարզանքի վայր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երկուստեք` աշակերտն ու ուսուցիչը պէտք է գիտակից ըլլան իրենց պարտաւորութիւններուն եւ յանձնառու` անոնց գործադրութեան:
Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին տնօրէնը ըսաւ, թէ ուսումնական տարեշրջանը աւարտին հասած է, սակայն ոչ երաժշտական ուսումը: «Երաժշտութիւնը այնպիսի մարզ մըն է, ուր կրթութիւնը ընդհանրապէս վերջ չունի, անիկա յարատեւ կը շարունակուի: Երաժշտութեան մէջ նիշերն ու վկայականները խորքին մէջ անկարեւոր ըլլալով կը մոռցուին, կը մնայ միայն գործնականը` երաժշտական կատարումը: Սակայն նաեւ` ամբարուած գիտելիքի եւ հմտութեանց փոխանցումը: Ձեզմէ ոմանք թերեւս ըլլան մենակատարներ կամ ուսուցիչներ, կամ ընդհանրապէս ընտրեն այլ ասպարէզ, սակայն վստահ եմ, որ պիտի ըլլաք լաւ երաժշտասէրներ` լաւը վատէն, գեղեցիկը տգեղէն, վեհը նսեմէն զանազանելու կարողութեան տէր: Ի վերջոյ ա՛յդ է մեր երաժշտական քոլեճի գլխաւոր նպատակներէն մէկը», հաստատեց Վահրամ Էմմիեան: Իր խօսքը եզրափակելով ան շնորհաւորեց աշակերտները, ծնողները, ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց փրոֆ. Շահէն Շահինեանին:
Ապա Վահրամ Էմմիեան արաբերէնով եւս ամփոփ խօսք մը արտասանեց` ուղղուած երկու տեղացի շրջանաւարտներուն ու անոնց ծնողներուն: Ան յայտնեց, որ երաժշտութիւնն ու արուեստը միայն հոգին ու միտքը չեն ազնուացներ, այլ նաեւ կը կերտեն տիպար մարդն ու քաղաքացին, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներուն ըսաւ, որ երաժշտական ուսումը ընդարձակ ու անհատնում ծով մըն է, որ սկիզբ ունի, սակայն անվերջ է, բայց եւ այնպէս անոնց ցարդ ստացած երաժշտական ուսումով անոնք ճաշակն ու կարողականութիւնը ունին լաւը վատէն տարբերելու:
Գեղարուեստական բաժինով շրջանաւարտ աշակերտներէն Սաքր Նիքոլա, Թաշճեան Արին, Ադամեան Նարօտ, Սուրճեան Նարօտ, Խտըրլարեան Նարօտ, Տագէսեան Աւետիս, Մուղալեան Կարօ, Աշգարեան Նարէ եւ Պիայնօ Պուշրա վարպետութեամբ եւ գեղեցկօրէն ներկայացուցին ստեղծագործութիւններ Կոմիտասէն, Խաչատուրեանէն, Հայտընէն, Պրահմսէն, Պաղտասարեանէն, Փականինիէն, Մոցարթէն` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին եւ անոնց արուեստի ուրոյն պահեր ապրեցնելով:
Ապա յանձնուեցաւ յուշանուէր մը Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի տնօրէն Շահէն Շահինեանին, որ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին ու անոր գործունէութեան նկատմամբ իր բարձր գնահատականը տալէ ետք դիտել տուաւ, որ ինք Լիբանան եկած է իբրեւ հիւր, սակայն կը մեկնի իբրեւ ընտանիքի անդամ, որովհետեւ քոլեճի յարկին տակ վկայած է ջերմ մթնոլորտ, մասնագիտական աշխատանք եւ հարազատ միջավայր: Ան ողջունեց նաեւ աւարտող աշակերտներուն կողմէ մատուցուած երաժշտական կտորները, որոնք հայ ու միջազգային բարձր մակարդակի երաժշտական ընտրանիին մաս կը կազմեն, դիւրին չեն ու կը կարօտին աշխատանքի, որուն դրսեւորումը յստակօրէն երեւան եկած էր այս հանդիսութեան: Շահէն Շահինեանի համաձայն, երաժշտական երկու կառոյցներուն միջեւ առկայ համաձայնագիրները նոր թարմութիւն կը բերեն, ինչպէս նաեւ անոնք ի զօրու պիտի մնան երկար ատեն:
Խօսելով ընդհանրապէս երաժշտական կրթութեան մասին` Շահէն Շահինեան դիտել տուաւ, որ անիկա հիմնաքարն է քաղաքակիրթ կենցաղին, որովհետեւ անով շատ բան կը փոխանցուի սորվողին: Ան ողջունեց «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճի աշակերտներն ու շրջանաւարտները` հաստատելով, որ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը անհամբեր կը սպասէ բոլորին, որպէսզի առաւելագոյն չափով մասնագիտական կրթութիւն փոխանցէ: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն` հայկական երաժշտութիւնը ներկայացնելու նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գեղարուեստի դպրոցներու պատասխանատուներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն, որոնց շնորհիւ կը շարունակուի աշխատանքը:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում: 7-րդ դասարանը աւարտեցին Գրողլեան Կասիա, Թագաճեան Գարինա, Տէմիրճեան Կարին (ջութակ), Թորիկեան Սալբի, Հաւաթեան Շահան, Պալթայեան Սթեֆանի, Սարգիս Քաթիա եւ Քեսմէեան Սելին (դաշնակ), իսկ 10-րդ` Ադամեան Նարօտ, Աշգարեան Նարէ, Արթինեան Մարիան, Թաշճեան Արին, Խտըրլարեան Նարօտ, Մուղալեան Կարօ, Սուրճեան Նարօտ, Տագէսեան Աւետիս (ջութակ), Լոզոյեան Արին, Սաքր Նիքոլա (դաշնակ) եւ Պիայնօ Պուշրա (ձայնամարզութիւն):
Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ շատ առիթներ կ’ըլլան երաժշտութիւն ունկնդրելու, սակայն այդ երեկոյ հնչած երաժշտութիւնը սրտի ճամբով կը փոխանցուէր, ճաշակաւոր էր ու ընտիր, ցոյց կու տար, որ մեր հայկական կառոյցներուն մէջ տակաւին առկայ է աշխատելու եռանդն ու կորովը: Անոր համաձայն, այսօր աշխարհը կ’ապրի յարափոփոխ արժէքներու միջավայրի մը մէջ, բայց այդ բոլորին մէջ պէտք է կարողականութիւնը ունենալ կողմնորոշուելու, ընտրելու: Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց «Բարսեղ Կանաչեան» քոլեճը, որ պեղելով մեր ժողովուրդի դարաւոր ժառանգութիւնը, տէր կը կանգնի անոր ու կը հրամցնէ հանրութեան` միշտ աշխատանք տանելով, որ մեր կեանքը մնայ հարազատութեամբ լեցուն: Շահէ եպս. Փանոսեան կոչ ուղղեց` ստեղծելու այնպիսի միջավայր մը, ուր հայկական շունչը տիրական է, ճաշակը` ազգայինին մօտ: Իր խօսքի աւարտին ան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն` յորդորելով զանոնք մշակութային գանձարանին մէջէն ընտրուած այդ ստեղծագործութիւնները թարմ ու վառ պահելու, ըլլալու մշակոյթի դեսպաններ` միշտ արժէքներուն տէր ու պահապան կանգնելով: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ աշակերտները ունին զոյգ առաքելութիւն` պահելու հայկականը եւ միջազգային բեմերուն վրայ զայն տիրական դարձնելու` հպարտութիւն պարգեւելով մեզի ու հարստացնելով մեր կեանքը: