Պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու անհրաժեշտութիւնը չի զգացուիր իմանալու համար, որ թէ՛ մայիսեան յաղթանակներուն եւ թէ՛ հանրապետութեան կերտման գլխաւոր ուժը Դաշնակցութիւնն էր:
Հրաշքի համազօր երեւոյթներու կերտման գաղտնիքը Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ բոլորի համախմբման իրողութեան վրայ կը կայանայ ամրօրէն: Եւ ճիշդ այստեղ կը գտնուի դիւցազնամարտերու, անկախութեան նուաճման, հանրապետութեան կերտման ընկալումի նրբութիւնը:
Համախմբուիլը բոլորը կ՛ենթադրէ, եւ հետեւաբար մայիս 28-ով խորհրդանշուող իրադարձութիւնները բոլորին սեփականութիւնն են:
Պատմական սխալը ուղղելու լաւագոյն առիթ է 100-ամեակը: Սխալ, այն առումով, որ խորհրդայնացումէն ետք մայիս 28-ը, խորհրդային պատմագրութեամբ եւ քարոզչական աշխատանքներով հատուածայնացուեցաւ եւ այդ օրերու պետական քաղաքականութեամբ վերածուեցաւ զուտ դաշնակցական տօնի, խորհուրդի, տօնակատարութեան: Հայաստանի վերանկախացումը իր ճիշդ հունին վերադարձուց արժեւորման մօտեցումները: Այս ալիքը պէտք եղած մակընթացութիւններով չհասաւ սփիւռք:
Այստեղ տեղը չէ խորհրդային պատմագրութեան արտադրանքներուն հետեւանքները նժարի վրայ դնելը: Քաղաքական պայմաններու բերումով մայիս 28-ը, որ բոլորած ու համախմբած էր ամբողջ ազգը, վերածուեցաւ ճամբարային բաժանարար գիծի: Դաշնակցութիւնն ու իր յարակից կազմակերպութիւնները շարունակեցին դաւանիլ մայիս 28-ով ամրագրուած ընդհանուր արժէքաբանութիւնը, մինչ գաղափարական ընդդիմախօս շրջանակները օրուան Հայաստանին հակադրուած փորձեցին տեսնել եւ այդպէս ներկայացնել անկախութեան գաղափարին կառչած զանգուածները:
Ըստ էութեան սակայն, հեռու` քաղաքականացուած այս մօտեցումէն, հայ մարդու էութեան հարազատ էր մայիս 28-ի բազմաբովանդակ խորհուրդներու ամբողջութիւնը: Ընկերաբանութենէն մինչեւ ազգային քաղաքական մակարդակներու վրայ հոլովոյթի զարգացման վիճակագէտ հետազօտողը անպայման կը յանգի այն եզրակացութեան, որ սփիւռքը ո՛չ միայն բռնագրաւեալ հայրենիք ազատագրելու եւ վերադառնալու խնդիր ունէր, այլ նաեւ նոյնքան առաջնային օրակարգ հայրենիքը վերանկախացնելու:
Սակայն ո՛չ պատմակերտ իրադարձութիւններու ետին կանգնած ըլլալը, ո՛չ ալ տարագիր հայութեան մէջ մայիս 28-ը վառ պահելու տասնամեակներ շարունակ գաղափարական արժէքային համակարգը պահած ըլլալը չեն արտօներ, որ ամբողջ հանրապետութեան մը կերտումն ու հայութեան փրկութիւնը վերագրուի միայն Դաշնակցութեան եւ ատով իսկ Դաշնակցութիւնը դափնիներով իրեն վերապահէ 1918-1920 պատմական ժամանակահատուածը: Դաշնակցութեան եւ դաշնակցական գործիչներով կառավարուած հանրապետութեան արխիւներու բնոյթը պետական է, անոնք կը խօսին պետութեան գործառոյթներու, գործունէութեան, դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ծաւալած աշխատանքներուն եւ գերատեսչութիւններու իրագործումներուն մասին: Դաշնակցութեան կնիքը աներեւոյթ է այդ բոլոր փաստաթուղթերուն վրայ, սակայն այո՛, անհերքելիօրէն կայ, գոյութիւն ունի այդ ձեռագիրը:
Հետեւաբար նաեւ նոյնքան անընդունելի է, որ Դրոն ներկայացուի այնպէս, որ խնամքով անուշադրութեան մատնուի անոր դաշնակցական էութիւնը, խօսուին իրերայաջորդ կառավարութիւններու մասին` շրջանցելով վարչապետներուն, նախարարներուն կուսակցական պատկանելիութիւնը: Մեծարուի Նժդեհը, պատմական արժեւորում կատարուի Զանգեզուրի գոյամարտին` մոռնալով զինք կռուի դաշտ գործուղած կուսակցութիւնը:
Օրինակները շատ են. արժէ նաեւ կեդրոնանալ ինքզինք զգալի դարձնող երեւոյթի մասին: Երկուքուկէս տարուան ժամանակահատուածին կատարուած իրագործումները, նուաճումները, մեր ազգի ընթացքին հունաւորում ապահոված իրադարձութիւնները լոյսին կու գան տակաւին, իրենց ծալքերով, գուցէ նաեւ նոր բացայայտումներով: Այդ ժամանակին էր, որ Դաշնակցութիւնը կ՛որոշէր հաշուեյարդարի ենթարկել ընդամէնը այդ որոշումէն չորս տարի առաջ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան ենթարկած գլխաւոր պատասխանատուները:
«Նեմեսիս» գործողութիւնը նոյնքան հոգեհարազատ է հայ ժողովուրդին, ողնահարը շտկելու եւ վերստին պետութիւն կերտելէ ետք յաղթական կանգնելու համազգային կեցուածքի առումով: Կան նախադրեալներ մտածելու, որ գործողութիւններու այս փառապանծ շարքի ներկայացման ընթացքին եւս ցաւօք կը կիրարկուի իրադարձութիւնները դաշնակցականազերծելու մօտեցում մը:
Յար եւ նման մայիսեան յաղթանակներուն, այդ գործողութիւնները եւս համայն հայութեան արժանապատուութեան վերականգնման համար էին: Քարոզչաքաղաքական մղումներէ հեռու մնալու համոզումը եւ գիտակցական մօտեցումը, թէ Դաշնակցութեան իւրաքանչիւր պատմակերտ իրագործում չէ վերաբերած զուտ կուսակցութեան, այլ ամբողջ հայութեան, կրնայ հեռու պահել որեւէ պետական թէ հասարակական գործիչ նման փորձութենէ եւ առաջնորդել` յանուն ճշմարտութեան ու առարկայականութեան, առանց բարդոյթի իրերը կոչելու իրենց անուններով:
Մայիս 28-ը համայն հայութեան եւ մեր պետականութեան յաղթանակն է. իսկ այդ յաղթանակի կայացման համար անհրաժեշտ համախմբումը իրականացնողը, ոգի ներշնչողը Դաշնակցութիւնն է: