Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 27 յունիսին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը:
Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլավա Ասրեանը, քննարկուած են կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ երկու հայկական հանրապետութիւններու համագործակցութեան առնչուող տարբեր հարցեր: