«Ազդակ»-ի մամլոյ 130-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 29 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
«Ազդակ»-ի եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի միացեալ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ ողջունելով ներկաները սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը` Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի նախագահ փրոֆ. Շահէն Շահինեանը: Էմմիեան նշեց, որ փրոֆ. Շահինեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով կը գտնուի Լիբանան` նախագահելու համար Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աւարտական դասարաններու քննութեան դատական կազմին եւ մասնակցելու համար քոլեճի վկայականաց բաշխումի հանդիսութեան:
«Ճիշդ է, որ երաժշտութեան մէջ բնատուր տաղանդը կարեւոր է, սակայն ոչ այնքան կարեւոր, որքան կրթութիւնը, առանց որուն այդ աստուածատուր պարգեւը կը նմանի անմշակ հողի մը, որ ի վերջոյ կը չորնայ եւ կ՛ամլանայ», ըսաւ Էմիիեան` նշելով, որ երաժշտական տաղանդը եւս ունի իր խնդիրները: Ան մէջբերեց աշխարհահռչակ յօրինող Չայքովսքիի մէկ խօսքը, ըստ որուն, «հոն, ուր բառերը անօգնական են, ի յայտ կու գայ աւելի պերճախօս լեզուն` երաժշտութիւնը»: Վահրամ Էմիիեան յիշեցուց, թէ երաժշտութիւնը նաեւ հրեշտակներու լեզուն է:
«Այս երկու խօսքերն ալ ունին հասարակ յայտարար մը. երկուքն ալ կը հաստատեն, որ երաժշտութիւնը լեզու մըն է եւ իբրեւ այդպիսին բնականաբար հայերէնի, անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի նման ունի իր տառերը` ձայնանիշերը, ինչպէս նաեւ իր քերականութիւնը` տեսութիւն եւ ներդաշնակութիւն (թէորի եւ հարմոնի», ընդգծեց Էմմիեան:
Ապա Էմմիեան ամպիոն հրաւիրեց օրուան բանախօսը` փրոֆ. Շահէն Շահինեանը, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ երաժշտական մարզին, կրթութեան եւ անոր դիմագրաւած հարցերուն:
Պատմական յետադարձ ակնարկ մը կատարելով փրոֆ. Շահինեան նշեց, որ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը հիմնուած է խորհրդային իշխանութեան շրջանին` գլխաւորութեամբ Ռոմանոս Մելիքեանի: Ապա ան ներկայացուց երաժշտանոցին իւրայատկութիւնը, կրթական համակարգը, կրթութեան տեւողութիւնը եւ առնչակից մանրամասնութիւններ:
Փրոֆ. Շահինեան բարձր գնահատեց Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մակարդակը` նշելով, որ անոր ուսանողները իրենց երաժշտական ուսումը կրնան շարունակել հիմնարկներու մէջ: Ան յայտնեց, որ աշխարհի երաժշտական գրեթէ բոլոր կեդրոնները ծանօթ են Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին, ուր ընդամէնը կան 860 ուսանողներ, որոնց 120-ը արտասահմանէն են:
Վերջիններէն 85-ը սփիւռքահայեր են, գլխաւորաբար Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ այլն: Փրոֆ. Շահինեան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ պատերազմին բերումով Հայաստան եկած սուրիահայ ուսանողներ եւս կան հոն:
Ան աւելցուց, որ ինք իր երաժշտական կրթութիւնը ստացած է խորհրդային շրջանին, իսկ այդ օրերուն երաժշտանոցի ուսանողներուն թիւը 550 էր: «Մենք բնական շատ պաշարներ չունինք, քարիւղ չունինք, բայց ունինք տաղանդաւոր մարդիկ, ունինք հոգեմտաւոր արժէքներ», շեշտեց Շահինեան: Ան ցաւ յայտնեց, որ խորհրդային իշխանութեան փլուզումին պատճառով երաժշտական մարզի եւ առհասարակ մասնագէտներու հսկայական մարդուժ դէպի Արեւմուտք գաղթեց:
Փրոֆ. Շահինեան խոր դրուատիքով անդրադարձաւ Հայաստանի հոգեմտաւոր մշակոյթին, յատկապէս` կատարողական արուեստի հմուտ տարրերուն` մարդուժին, որուն ներկայացուցիչներէն շատեր կը մեկնին երկրէն: Ան մեծ հպարտութեամբ նշեց, որ նախանցեալ տարի Հայաստան դափնեկիր տուած է Չայքովսքիի անուան մրցումին:
Փրոֆ. Շահինեան գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մասին` անհրաժեշտ նկատելով, որ կարելիութիւն ստեղծուի քոլեճին մեծանալու եւ յաւելեալ մասնագէտներ ունենալու: Հայրենի դասախօսը նաեւ հաւանական նկատեց, որ յաւելեալ համաձայնագիր կնքուի Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին հետ եւ առիթ տրուի անոր աւարտական ուսանողներուն` իրենց երաժշտական կրթութիւնը շարունակելու Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ: «Կ՛ուզեմ, որ բոլորս ապրինք տան մէջ», շեշտեց հայրենի բանախօսը` հազուադէպ ու գնահատելի երեւոյթ նկատելով «կեանքի այս խճողումին մէջ նկատել երեխաներ, որոնք Մոցարտ կը նուագեն»:
Փրոֆ. Շահինեան շատ բարդ նկատեց երաժշտական նախնական կրթութիւնը, որ սակայն շատ կարեւոր է: Ան դիտել տուաւ, որ «մեր ժողովուրդին մէջ հոգեմտաւոր արժէքներու տոկոսը շատ բարձր է»: Ըստ իրեն, Երեւանի երաժշտական կրթութեան աւարտական մասնագէտները կը յաջողին եւրոպական բազմամարդ ու բարձրամակարդակ շուկայի երաժշտական հիմնարկներուն մէջ գործել, պաշտօնավարել: Այս իմաստով փրոֆ. Շահինեան բարձր գնահատեց Գերմանիան, որ երաժշտական առաջնակարգ վարկ կը վայելէ եւ որուն երաժշտական ուսանողներու յիսուն առ հարիւրը գերմանացի չէ:
Աւարտին, ներկաներու հարցումներուն պատասխանելով, փրոֆ. Շահինեան անդրադարձաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի կրթական համակարգին, տիտղոսներուն, տեւողութեան, վճարման դիւրութիւններուն եւ այլն:





