Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան. «Քաղաքացիին Համար Համայնքային Իշխանութիւնն Է Պետութեան Արտացոլումը»

Յուլիս 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 յուլիսին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ Լոռիի  մարզին մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած  են մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներու ընթացիկ արդիւնքներն ու յառաջիկայ աշխատանքները:

Վարչապետը անդրադարձած է մարզերու զարգացման ծրագիրներու  արդիւնաւէտ իրականացման հարցին: «Մարզային իշխանութիւնը պէտք է հասկնայ մարզի առաւելութիւնները` որո՞նք են տնտեսական վիճակի առարկայական եւ ոչ առարկայական պատճառները, ինչի՞ հիման վրայ  պէտք է տնտեսական աճ ապահովենք, ինչո՞վ կրնանք իրենց օգնել: Իւրաքանչիւր մարզի ռազմավարութիւնը քննարկած ենք, բայց անհրաժեշտ է այս հարցադրումներուն անգամ մը եւս անդրադառնալ», ըսած է վարչապետը:

Համայնքներու պիւտճէներու կատարողականին առնչութեամբ վարչապետ Կարէն Կարապետեան նշած է, որ թերի ծրագրաւորում կայ, որովհետեւ համայնքի պիւտճէն աւելցնելու մղում չէ եղած: Վարչապետը Լոռիի մարզպետին յանձնարարած է ներկայացնել համեմատական վերլուծութիւն համայնքներու պիւտճէներու ծրագրաւորման եւ կատարողականի վերաբերեալ:

Վարչապետը հետաքրքրուած է նաեւ մարզին մէջ «Մաքուր Հայաստան» ծրագիրի ընթացքով եւ ծանօթանալով կատարուող քայլերուն` յանձնարարած է ըլլալ խիստ հետեւողական «Մաքուր Հայաստան»-ի իրականացման գործին մէջ, աղբահանութեան եւ առողջապահական աշխատանքները իրականացնել աւելի կազմակերպուած եւ արագ: «Մեր ուզածը այն է, որ մեր քաղաքացին բնական պայմաններու մէջ ապրի: Համայնքային կառավարումը չափազանց կարեւոր է: Որքան ալ կառավարութեան կազմով լաւ բաներ մտածենք, եթէ համայնքը տեղւոյն վրայ չաշխատի, ատիկա արժէք չ՛ունենար, որովհետեւ քաղաքացին պետութեան մասին կարծիք կը կազմէ համայնքային իշխանութեան հետ յարաբերութեան արդիւնքով, քաղաքացիին համար համայնքային իշխանութիւնն է պետութեան արտացոլումը», ըսած է վարչապետը:

Քննարկուած են նաեւ մարզին մէջ զբօսաշրջութեան խթանման կարելիութիւնները եւ մեծ քաղաքներու զարգացման ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր: Ներկայացուած է Վանաձոր քաղաքի զարգացման տեսլականը, ուր շեշտը դրուած է արդիւնաբերական զբօսաշրջութեան  խթանման եւ քաղաքի զբօսաշրջային գրաւչութեան բարձրացման ձեռնարկներուն վրայ:

Համայնքներու Տնտեսական Զարգացումը Կը Մնայ
Կառավարութեան Ուշադրութեան Կիզակէտը

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան կազմակերպած «Երկխօսութիւն տեղական տնտեսական զարգացման շուրջ» նիւթով ձեռնարկին անցեալ շաբաթավերջին ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան, տեղական ինքնակառավարման մարզին մէջ  կառավարութեան հետ համագործակցող միջազգային կազմակերպութիւններու, կառավարութեան եւ նախարարութեան աշխատակազմի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ համայնքապետեր: Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցած է տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան եւ Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան կողմէ մշակուած «Տնտեսութեան զարգացումը համայնքներուն մէջ» ծրագիրին շնորհահանդէսը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով վարչապետ Կարէն Կարապետեանին մասնակցութեան համար, նախարար Դաւիթ Լոքեան նկատել տուած է, որ վարչապետը իր մասնակցութեամբ շատ աւելի արժեւորած է հարցին կարեւորութիւնը: «Սիրելի՛ բարեկամներ, շուրջ վեց ամիս է, որ կառավարութիւնը իր ուշադրութեան կիզակէտը դարձուցած է  համայնքներու տնտեսական զարգացման խնդիրները: Մենք կառավարութեան մէջ ունեցած ենք շուրջ հարիւր եւ աւելի հանդիպումներ համայնքապետերու հետ, եւ այդ հանդիպումներուն հիման վրայ հասած ենք այն եզրակացութեան, որ առանց համայնքային տնտեսական զարգացման, առանց համայնքներու մէջ տնտեսական գործունէութեան բարելաւման, մենք երկրին մէջ համաչափութիւն պիտի չկարենանք ապահովել», ըսած է  նախարար Դ. Լոքեանը:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կարեւոր նկատած է նման ձեռնարկի մէջ կազմակերպումը` նշելով, որ անիկա համահունչ է տարածքային կառավարման մարզին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան: «Մենք բազմիցս ըսած ենք, որ պէտք է նոր շունչ, նոր որակ հաղորդենք կառավարութիւն-մարզպետարան-համայնքներ եռաստիճան կառավարման: Կառավարչական մակարդակին վրայ այսօրուան  հրամայականը այն է, որ ղեկավարները ըլլան ժամանակակից: Բազմիցս ըսած ենք, որ տարածքային համաչափ զարգացումը մեր հանրապետութեան մէջ շատ կարեւոր հարց է, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, նախ եւ առաջ, իր հարցերը կը փորձէ լուծել համայնքին մէջ», ըսած է վարչապետ Կարէն Կարապետեան:

 

Նախորդը

Նախարար Մինասեան Ներկայացուցած Է Բնապահպանութեան Մարզի Բարեփոխումներու Հիմնական Թիրախները

Յաջորդը

Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը` Այս Ամիս. Բակօ Սահակեան` Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Թեկնածու

RelatedPosts

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Սուրիահայութեան Օժանդակութեան
Գաղութային

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Սուրիահայութեան Օժանդակութեան

Փետրուար 7, 2023
Արամ Ա. Վեհափառ Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Երկրաշարժին Պատճառով Հայ Համայնքին Հասած Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներուն
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Երկրաշարժին Պատճառով Հայ Համայնքին Հասած Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներուն

Փետրուար 7, 2023
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ուսանողական,  Երիտասարդական Եւ Պատանեկան Միութիւններու  Համագումարի (Երեւան-Սիւնիք 6-10 Փետրուար 2023)
Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ուսանողական, Երիտասարդական Եւ Պատանեկան Միութիւններու Համագումարի (Երեւան-Սիւնիք 6-10 Փետրուար 2023)

Փետրուար 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In