Գլխաւոր լուրեր

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէութեան .  Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէութեան . Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակի Ոգեկոչում Ժիպէյլի Մէջ

ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ գիշեր ժամը 8:00-ին, Ժիպէյլի հռոմէական գլխաւոր հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին: Ոգեկոչման ձեռնարկը սկսաւ ՀՅԴ Ժիպէյլի ակումբէն սկիզբ առած քայլարշաւով մը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզին կողմէ: Հսկայ Եռագոյնը, ջահերը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութիւնն ու Թուրքիան դատապարտող, հատուցում պահանջող եւ պահանջատէրի ուխտը վերանորոգող գրութեամբ ցուցանակները կրող ՀՅԴ «Ա. Ջամալեան»...

«Պզտիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Յաջողութեամբ Իրականացաւ

«Պզտիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Յաջողութեամբ Իրականացաւ

«Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին նախաձեռնութեամբ, «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի 15-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Պզտիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը կիրակի, 30 ապրիլ 2017-ին, «Փիւնիկ» սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00: Հայկական 17 վարժարաններէ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան...

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Նալբանդեան-Լաւրով-Մամետեարով Հանդիպումը

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Նալբանդեան-Լաւրով-Մամետեարով Հանդիպումը

Մոսկուայի մէջ երէկ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամետեարովի աշխատանքային հանդիպումը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին շարունակուած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու շուրջ քննարկումները: Ընդգծուած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ 2016-ի ապրիլին ու յունիսին...

Նախագահ Սարգսեան Բարեկամութեան Շքանշանով Պարգեւատրեց Նախարար Միշել Ֆարաոնը Եւ Նախագահ Աունին Հայաստան Այցելելու Հրաւէր Ուղղեց

Նախագահ Սարգսեան Բարեկամութեան Շքանշանով Պարգեւատրեց Նախարար Միշել Ֆարաոնը Եւ Նախագահ Աունին Հայաստան Այցելելու Հրաւէր Ուղղեց

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, թէ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Լիբանանի ծրագրաւորումի հարցերու պետական նախարար Միշել  Ֆարաոնը: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան կը գտնուի: Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի նշանակալի իրադարձութիւնը նախագահ Սարգսեանը լաւ առիթ մը եւս նկատած է արժեւորելու եւ բարձր գնահատելու երկու երկիրներու ժողովուրդներու աւանդական...

«Խորհրդարանը Թափուր Դրութեան Ենթարկելու Եւ Ներկայ Օրէնքին Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւն Կատարելու Միջեւ Որոշում Մը Տալու Պարագային` Կը Զօրակցիմ Ընտրութիւններու Կայացման»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Խորհրդարանը Թափուր Դրութեան Ենթարկելու Եւ Ներկայ Օրէնքին Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւն Կատարելու Միջեւ Որոշում Մը Տալու Պարագային` Կը Զօրակցիմ Ընտրութիւններու Կայացման» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Պինա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին չփափաքեցաւ մաս կազմել ընտրական օրէնքին շուրջ ծաւալած բիւզանդական վէճին` սպասելով, որ կարելի կ՛ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը վերջնականացնել: Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ցարդ առաջարկուած ընտրական օրէնքի բոլոր նախագիծերը ժամանակ լեցնելու համար էին, որովհետեւ հազիւ օրէնքի նոր տարբերակ մը կը հրապարակուէր, ճիգ չէր խնայուեր նախորդը թաղելու,...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան.  Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Աշոտ Ճենտերէճեանի Մահուան Քառասունքին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան. Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Աշոտ Ճենտերէճեանի Մահուան Քառասունքին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 28 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նուիրուած Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նախկին տնօրէն Աշոտ Ճենտերէճեանի մահուան քառասունքին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Աշոտ Ճենտերէճեանի մշակութային, յատկապէս...

«Իրենց Ճամբով» Խորագիրը Կրող Ձեռնարկով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» Մասնաճիւղը Կ՛ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

«Իրենց Ճամբով» Խորագիրը Կրող Ձեռնարկով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» Մասնաճիւղը Կ՛ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան 102-ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին երէկ` ուրբաթ, 28 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ: «Իրենց ճամբով» խորագիրը կրող սոյն ձեռնարկին  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Գուրգէն Փափազեան:  Ան ըսաւ, որ 102 տարի անցած է, սակայն հարցը միայն անցնող տարիներու թիւը չէ, այլեւ` այդ տարիներուն...

Շարմազանով. «ՀՀԿ Եւ ՀՅԴ-ն  Պիտի Ստորագրեն Նոր Յուշագիր»

Շարմազանով. «ՀՀԿ Եւ ՀՅԴ-ն Պիտի Ստորագրեն Նոր Յուշագիր»

Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք, լրագրողներուն հետ զրոյցի մը  ընթացքին ՀՀԿ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով ընդգծեց, որ նիստին  ընթացքին ամփոփուած են ընտրութիւններուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքը, որ ՀՀԿ-ն գնահատած է բաւարար, աւելին` դրական: Էդուարդ Շարմազանով ընդգծեց, որ հանրապետական թեկնածուները բակային հանդիպումներու մարտավարութեամբ կրցած են ներկայացնել կատարուած աշխատանքները, լսել հանրութեան առաջարկները: ՀՀԿ...

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարը  Խորհրդակցութիւն Կատարած Է  Բանակին Վերաբերող Հարցերու Շուրջ

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարը Խորհրդակցութիւն Կատարած Է Բանակին Վերաբերող Հարցերու Շուրջ

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ 27 ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, հազարապետ-զօրավար Լեւոն Մնացականեան հրաւիրած է ծառայողական խորհրդակցութեան, որուն կը մասնակցէին բանակի հրամանատարներու տեղակալները, շտապի բաժիններու եւ ծառայութիւններու պետերը: Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են համաբանակային նշանակութեան ընթացիկ եւ յառաջիկայ ընելիքները, որոնց վերաբերեալ բանակի հրամանատարը տուած է անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:

Խանլարեան. «Իրանի Նախագահական  Ընտրութեան Պիտի Որդեգրուի  Դրական Չէզոքութիւն»

Խանլարեան. «Իրանի Նախագահական Ընտրութեան Պիտի Որդեգրուի Դրական Չէզոքութիւն»

Իրանի մէջ սպասուող նախագահական ընտրութեան հայ համայնքը դրական չէզոքութեան դիրքով հանդէս եկած է: «Թերթ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին` խօսելով այն մասին, թէ ի՛նչ նախընտրութիւններ ունի իրանահայ համայնքը սպասուող նախագահական ընտրութեան, այս մասին ըսաւ Իրանի խորհրդարանի  պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան: «Մենք այս ընթացքին պիտի փորձենք կապ հաստատել բոլոր լաւ առիթ ունեցող թեկնածուներուն հետ, որոնք այս ընտրութեան վեց թեկնածուներ են: Պիտի փորձենք իրենց հետ...

Իսրայէլ Դամասկոսի Օդակայանին  Մօտ Թիրախներ Հարուածած Է

Իսրայէլ Դամասկոսի Օդակայանին Մօտ Թիրախներ Հարուածած Է

Սուրիական պետական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան հրթիռակոծում մը Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մօտ գտնուող զինուորական դիրքի մը մէջ մեծ պայթում ու հրդեհ յառաջացուցած է: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վնասուած են վառելանիւթի շտեմարան մը եւ պահեստանոցներ: «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ ըստ սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներու, իսրայէլեան հրթիռակոծման թիրախը Հըզպալլայի պատկանող զէնքի պահեստանոց մըն էր: Աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ հրթիռները արձակուած են բռնագրաւուած...

Մամլոյ 127-րդ Լսարան.  Շնորհահանդէս Եւ Ներկայացում «Մեծ Եղեռնի  Առաջին Վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» Հատորին

Մամլոյ 127-րդ Լսարան. Շնորհահանդէս Եւ Ներկայացում «Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը. Շաւարշ Միսաքեան» Հատորին

Երէկ` հինգշաբթի, 27 ապրիլ 2017-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ թիւ 127 լսարանը, որու ընթացքին ներկայացուեցաւ «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը.  Շաւարշ Միսաքեան» հատորը (Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչատան հիմնադրամի հրատարակութիւն - թիւ 9): Խօսք առին Հայաստանի Հանրապետութեան  Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ հրատարակութեան խմբագիր ու ՀՅԴ արխիւներու բաժինի պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ...

Զալպեր. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ  Իր Կարելիութիւններու Սահմաններուն Մէջ  Նպաստել Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման»

Զալպեր. «Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Իր Կարելիութիւններու Սահմաններուն Մէջ Նպաստել Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման»

Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը: Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումին սկիզբը շնորհաւորած է Հերպըրթ Զալպերը` Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ անոր առաքելութեան երկարաձգման առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ նոյնպէս  կարեւոր կը նկատեն Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ  Հերպըրթ Զալպերին աշխատանքը, որուն հիմնական նպատակն...

Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը  Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին

Լիբանանեան Մամուլին Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին

Լիբանանեան պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն կողքին, մամուլը, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնական լրատուամիջոցները իրենց էջերուն եւ կայքերուն ընդմէջէն լայն անդրադարձ կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին եւ այս առիթով կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկներուն: «Լեպանիզ քորա» կայքի պատասխանատու Տընիզ Աթալլա-Հատտատ այս առիթով պատրաստած էր ընդհանուր թղթածրար մը, որ կ՛ընդգրկէր 5 յօդուածներ, որոնք կը կրէին հետեւեալ խորագիրները. «Նոր Հայաստան»-ը` մշակոյթի, արուեստի եւ ստեղծագործներու զաւակը», «Լիբանանցիներու կողմէ «արտագաղթ»-ը ...

Տուպայի Մէջ .  Աւետիս Կիտանեան Պաշտօնապէս  Կը Տեղեկանայ` Ամրան Ընթացքին Սէուտցի  Զբօսաշրջիկներուն Լիբանան  Այցելութեան Փափաքը

Տուպայի Մէջ . Աւետիս Կիտանեան Պաշտօնապէս Կը Տեղեկանայ` Ամրան Ընթացքին Սէուտցի Զբօսաշրջիկներուն Լիբանան Այցելութեան Փափաքը

Սէուտական Արաբիոյ զբօսաշրջութեան եւ ազգային աւանդներու խորհուրդի նախագահ Սուլթան պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ Տուպայի մէջ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, թէ սէուտցի զբօսաշրջիկները ամրան կը փափաքին այցելել Լիբանան: Իշխան Սուլթան, ներկայութեամբ իշխան Պատըր պըն Ապտալլա Մոհսենի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքի, յայտնեց, որ Լիբանան պարզապէս երկիր մը չէ, այլ կենցաղ մը,...

Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերու  Արեւմտեան Հատուածի Կեդրոնը

Սամուէլ Մկրտչեան Այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերու Արեւմտեան Հատուածի Կեդրոնը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան` ընկերակցութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի, 23 ապրիլին այցելեց Հարաւային Լիբանանի Շամաա գիւղաքաղաքը, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու Արեւմտեան հատուածի կեդրոնը, ուր կը ծառայէ նաեւ Հայաստանի խաղաղապահ ուժերու զօրամասը: Դեսպան Մկրտչեան եւ Ա. Մելքոնեան հանդիպում մը ունեցան Արեւմտեան հատուածի կեդրոնի իտալացի հրամանատար զօր. Հիւկօ Չիլլոյի եւ կեդրոնի յաջորդ...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի  Հայկական Աւանդներու Ակումբ.  Դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլու Կ՛անդրադառնայ  Ցեղասպանութենէն Անմիջապէս Ետք  Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Պարզած Իրավիճակին

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Աւանդներու Ակումբ. Դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլու Կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութենէն Անմիջապէս Ետք Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Պարզած Իրավիճակին

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբին, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին համալսարանի «Իսամ Ֆարես»-ի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական երեկոյ մը, որոնց ընթացքին զեկուցեց «Մեսեչուսեց ինսթիթիութ օֆ թեքնոլոճի»-ի («Էմ. Այ. Թի.») Մըք Միլըն-Սթիուըրթի պատմութեան օժանդակ դասախօս դոկտ. Լեռնա Էքմեքճիօղլու: Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Հայկական աւանդներու ակումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Վանայ Գասարճեան,...

Հայաստանի Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններ Եւ Բազմահազար Հայորդիներ Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

Հայաստանի Բարձրաստիճան Անձնաւորութիւններ Եւ Բազմահազար Հայորդիներ Ծիծեռնակաբերդի Մէջ Յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակը

24 ապրիլին նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, օտար դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր բազմահազար հայորդիներ, սփիւռքահայեր, օտարներ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին անգամ մը եւս յարգեցին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ ծաղիկներ զետեղեցին` ի յիշատակ անգերեզման մնացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն: Տեղի ունեցաւ...

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Զօրակցութեամբ Եւ 102 Տարուան Պահանջատիրական Երթը Շարունակելու Վճռակամութեամբ` Բազմահազար Լիբանանահայեր Հաստատեցին Իրենց Կառչածութիւնը Հայութեան Արդար Իրաւունքներուն

Իշխանութեան Երեք Պետերուն Զօրակցութեամբ Եւ 102 Տարուան Պահանջատիրական Երթը Շարունակելու Վճռակամութեամբ` Բազմահազար Լիբանանահայեր Հաստատեցին Իրենց Կառչածութիւնը Հայութեան Արդար Իրաւունքներուն

24 ապրիլին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը անգամ մը եւս ժամադրավայրն էր բազմահազար լիբանանահայերուն, որոնք այդ վայրին մէջ իրենց սուրբ նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու, անոնց կտակին նկատմամբ հաւատարմութիւնը վերահաստատելու, Հայ դատի լուծման ի խնդիր տարուող ամէն տեսակ պայքարի զօրակցութիւն յայտնելու զուգահեռ, եկած էին համայն աշխարհին յայտարարելու, որ հայը ներկայ է եւ համախմբուած, հայը զօրեղ է եւ մեծաթիւ, հայը կրնայ երեսին գոռալ թուրքին, որ...

Ծաղկեպսակ Զետեղելով Նահատակաց Մատրան Առջեւ`  «Մենք Մէկ Ժողովուրդ Ենք, Մէկ Դատ Ունինք, Մեր Ձեռքին Ունինք Մէկ Զէնք` Խաղաղութեան, Ազատութեան, Լայնախոհութեան Զէնքը»  Ըսաւ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Ծաղկեպսակ Զետեղելով Նահատակաց Մատրան Առջեւ` «Մենք Մէկ Ժողովուրդ Ենք, Մէկ Դատ Ունինք, Մեր Ձեռքին Ունինք Մէկ Զէնք` Խաղաղութեան, Ազատութեան, Լայնախոհութեան Զէնքը» Ըսաւ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր Սուրբ Նահատակաց մատրան առջեւ ծաղկեպսակ զետեղեց` ի յիշատակ մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն: Ան վեհարանին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ընկերակցութեամբ տեսակցութիւն ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի...

Page 634 of 796 1 … 633 634 635 … 796

Արխիւներ