
28 յունիսին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած երեք քաղաքական ուժերու` «Ազատ հայրենիք», Արցախի ժողովրդավարական եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերու հանդիպումը:
Քաղաքական ուժերու պատասխանատուները քննարկած են Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան դրոյթներուն համաձայն` Ազգային ժողովին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի յառաջիկայ ընտրութեան հարցը եւ պայմանաւորուած են շարունակել սոյն օրակարգով քաղաքական խորհրդակցութիւնները` հաւանական համագործակցութեան նպատակով:


